Եզրափակուեցաւ Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը


Եզրափակուեցաւ Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը

  • 22-08-2011 17:16:35   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Շաբաթ 20 Օգոստոս 2011-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ եզրափակուեցաւ, երկու օրեր առաջ սկսուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը, հովանաւորութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ կազմակեր-պութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, գործակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին: Նախքան եզրափակման նիստը, Թ. եւ Ժ. նիստերը գումարուեցան, որոնք դարձ-եալ ունէին իրենց օրակարգերը, նուիրուած Արեւմտահայերէնի պահպանման կենսական հարցին: Թ. Նիստը քննարկեց «Եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքի եւ ազգային կառոյցներու դերը Արեւմտահայերէնի պահպանման ու բիւրեղացման մէջ» նիւթը: Նիստը վարեց Վերա Թահմազեան, իսկ այդ մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, Սեդա Խտըշեան՝ Լիբանանէն, եւ Ժիրայր Ռէիսեան՝ Սուրիայէն: Զեկուցաբերները Եկեղեցւոյ, ընտանիքին ու ազգային կառոյցներուն շրջապա-տէն ներս հայոց լեզուն բիւրեղացնելու առաջարկներուն հետ, ցոյց տուին այն պատ-ճառները, որոնց հետեւանքով աղաւաղման ու կորստեան վտանգին կ'ենթարկուի Արեւմտահայերէնը: Սեդա Խտըշեան եւ Ժիրայր Ռիէիսեան յատկապէս քննարումի են-թարկեցին հայ ընտանիքէն ու մեր կառոյցներէն ներս բծախնդրութիւն ցուցաբերելու հրամայականը: Նիստի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հերա Իսկէնտէրօղլու՝ Թուրքիա-յէն, որ յատկապէս Իսթանպուլի հայկական վարժարաններուն լեզուամակարդակի իրավիճակը ներկայացուց: Վերջին՝ Ժ. Նիստով քննարկուեցաւ ներկայ արհեստագիտութեան այս գծով բե-րելիք նպաստին արժմէական հարցը: Օրակարգի նիւթն էր «Արդի արհեստագիտութ-եան սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ օգտագործման ընդհանուր ծրագիրի մշա-կում եւ մարդոյժի պատրաստութեան հարց»ը: Նիստը վարեց Արմէն Իւրնէշլեան՝ Լիբանանէն, իսկ զրոյցին մասնակցեցան Մինաս Հանսքէհեան՝ Լիբանանէն, Մաթիկ Էպլիղաթեան՝ Սուրիայէն եւ Արծիւ Տէր Խաչատրուեան՝ դարձեալ Լիբանանէն: Զրոյ-ցին մասնակիցները ներկայացուցին այն կարելիութիւնները որոնք արդի արհեստագի-տութիւնը կ'ընձեռէ մեզի, մեր լեզուն աւելի արագ, աւելի դիւրին ու նոր սերունդին աւելի մատչելի կերպով սորվեցնելու: Համակարգիչի, համացանցի ու լսատեսողա-կան բոլոր միջոցներու օգտագործումը, անժխտելի ներկայութիւն են արդի մարդու կեանքին մէջ, որոնց լայնօրէն գործածութիւնը մեր վարժարաններէն ներս իր դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Յետ միջօրէին, եզրափակիչ նիստով, մասնակիցները նախ ունկնդրեցին բանաձեւուած այն մտածումները, որոնք երեք օրերու վրայ տարածուած համագու-մարի ընթացքին հնչած էին ժողովասրահին մէջ, եւ որոնք հիմքը պիտի կազմեն խմբագրուելիք յայտարարութեան: Ապա, մասնակիցներուն դիմեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, երեք օրերու իր ստացած տպաւորութեան տակ իր եզրափակիչ խօսքը արտասանելու: Վեհափառ Հայրապետը ոչ միայն անդրադարձաւ վերջին երեք օրերու համագումարի աշխատանքներուն ու առաջարկներուն, այլ նախորդ համագումարնե-րէն յամեցող առաջարկներուն, որոնք նոր իրագործումներու ճամբով պէտք է իրենց նպաստը բերեն ընդհանրապէս հայապահպանման ու հայեցի դաստիարակութեան եւ ի մասնաւոր Արեւմտահայերէն լեզու բիւրեղացման գործին: Եզրափակման հանդիսաւոր պահուն, ընդառաջելով համագումարի մասնա-կիցներու փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութ-եան հովանաւորութեան տակ հիմնեց «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐ-ՀՈՒՐԴ»ը: Սոյն խորհուրդը որ բաղկացած պիտի ըլլայ լեզու մասնագէտներէ, յատուկ կանոնագրութեամբ պիտի գործէ, համակարգելով այն հարցերը որոնք առնչուած են Արեւմտահայերէնին, հրատարակութեանց ճամբով եւ այլ միջոցներով իրագործուող: Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով իր բարձր գնահատանքը ու շնորհակա-լութիւնը յայտնեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին ու անոր ժրաջան տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, Համագումարի իրականացման համար կատարած անդուլ ճիգին համար: Նորին Սրբութիւնը գնահա-տեց նաեւ բոլոր մասնակիցները, թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ արտասահմանէն, որոնք սիր-ա-յօժար եկած էին Մայրավանք, իրենց մտահոգութեան հետ նաեւ նորանոր առաջարկ-ներով լուծում որոնելու, Սփիւռքի համար անժամանցելի այս հարցին: Յայտնենք, որ համագումարի պաշտօնական յայտարարութիւնը, առանձնա-պէս լոյս պիտի տեսնէ մամուլին մէջ: Նշենք նաեւ, որ եզրափակման օրը տեղի ունեցաւ նաեւ խրախճանք, ի պատիւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք երեք օրերու հեւքոտ աշխատանքը մասամբ նաեւ շարունակեցին խրախճանքի զուարթ միջոցին, նորանոր ծրագիրներու փոխանակու-մով:
  -   Մամլո հաղորդագրություն