Պուրսայի մզկիթներէն մէկուն իմամը ոգեկոչեց Հրանդ Տինքին յիշատակը


Պուրսայի մզկիթներէն մէկուն իմամը ոգեկոչեց Հրանդ Տինքին յիշատակը

  • 22-08-2011 18:32:50   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ »Թարաֆ« թերթը կը հաղորդէր որ Պուրսայի մզկիթներէն մէկուն իմամը, Մուսթաֆա Պասրըք ոգեկոչեց Հրանդ Տինքին յիշատակը։ Իմամը ըսաւ որ կրօնքի մարդիկը պարտաւոր են ճիգ վատնել ընհանուր խաղաղութեան համար։ Իմամը, որ 250 մանուկներու համար իֆթարի սեղան կազմակերպած էր, ցաւ յայտնեց որ երկրին մէջ կարգ մը տարրեր եղբայրասպան կռիւ կը ստեղծեն։ »Մենք կրօնքի մարդիկս պէտք է աշխատինք խաղաղութեան ի նպաստ, ըսաւ ան։ Մեր պարտականութիւնն է չէզոքացնել այն չար արարքները, որոնց նպատակն է իրարու թշնամացնել մեր քիւրտ եւ թուրք կամ այլ ցեղէ եղբայրները։ Եթէ մենք մեր պարտականութիւնը լաւ կատարենք, այս երկրին մէջ ոչ Մէհմէտներ կը մեռնին, ոչ ալ Հրանդներ, ըսաւ Իմամը, որ աւելցուց որ իրենք պատասխանատու են ո՛չ թէ միայն Ահմէտին ու Մէհմէտին կեանքէն, այլ նաեւ Հրանդներուն կեանքէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը