«Իֆթար»-ի տօնին առիթով տիկին Միքաթի պատուեց «Թռչնոց բոյն»-ը


«Իֆթար»-ի տօնին առիթով տիկին Միքաթի պատուեց «Թռչնոց բոյն»-ը

  • 23-08-2011 14:15:06   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն
Իսլամական Րամատանի տօնին առիթով, համաձայն յիշեալ կրօնքի օրէնքներուն, մարդասիրական ծառայութիւն ցուցաբերելու նպատակով, Երկուշաբթի 22 Օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Լիբանանի Վարչապետին տիկինը՝ Մէյ Նէժիպ Միքաթի «Իֆթար»ի ընթ-րիք սարքեց Վարչապետարանի շքեղ ճաշասրա-հին մէջ, որուն մասնակից դար-ձան Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոց-ներն ու բարեսիրական հաստատու-թիւններու պատսպարեալները, ամէն համայնքէ: Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց մարդասիրական առաքելութեամբ կը նպաստեն կարօտեալ մանուկներու կե-սամակարդակի լաւացման: Վերոյիշեալ ընթրիքին մասնակցելու հրաւէր ստացած ըլլալով, «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները ներկայ գտնուեցան, գլխաւորութեամբ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի եւ տնօրէն Սամուէլ Պօյաճեանի: Ճաշկերոյթի ընթացքին Տիկին Միքաթի իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր բարեսիրական Միութիւններու եւ յատկապէս որբանոցներու պատասխանատու մարմիններուն, այն կարեւոր առաքե-լութեան համար, զոր ստանձնած են Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Յայտագիրին մաս կազմեցին նաեւ մանուկները զուարճացնող ծրագիրներ՝ մանկական խաղեր, թատերական ներկայացումներ եւ մանկական երգահանդէս: Գրիգոր Ծ. Վարդապետ, յանուն Ն.Ս.-Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տիկին Միքաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց այն ուշադրութեան համար զոր ան տածած էր հանդէպ «Թռչնոց Բոյն»ին, անմասն չթողելով հայ մանուկները, Լիբանանի բարձրա-գոյն մա-կարդակի գուրգուրանքի արտայայտութիւն եղող սոյն հրաւէրէն:
  -   Մամլո հաղորդագրություն