Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Թուրքիոյ կառավարութէան առած որոշումը մենք կը նկատենք մասնակի ու անճիշդ»<br /> <br />


Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Թուրքիոյ կառավարութէան առած որոշումը մենք կը նկատենք մասնակի ու անճիշդ»

  • 06-09-2011 16:41:29   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Արամ Ա. Կաթողիկոսի նամակը ուղղուած Թուրքիոյ վարչապետ Ռ.Թ.Էրտողանին «Պրն. Վարչապետ, Մամուլի ճամբով տեղէակ դարձանք՝ 1936 թուականէն ասդին Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու Ձեր կառավարութէան որոշման: Անկասկած յիշէալ որոշումը ճիգ մըն է ընդառաջելու վերջին շրջանին Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ իր քրիստոնէայ փոքրամասնութէան նկատմամբ Թուրքիոյ ճնշումներուն գծով Միացէալ Նահանգներու քոնկրէսին կատարած քննարկումներուն ու հետապնդումներուն: Արդարեւ, որպէս իր դարաւոր նստավայրէն արմատախիլ եղած եւ Լիբանանի մէջ հաստատուած Կիլիկիոյ Հայոց Կ'աթողիկոսութէան Հոգեւոր եւ Իրաւական Պետը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչը դարձէա՛լ Թուրքիայէն աքսորուած եւ աշխարհի բոլոր կողմները տարտղնուած հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն, 27 Օգոստոս 2011–ին Ձեր կառավարութէան առած որոշումը Մենք կը նկատենք մասնակի ու անճիշդ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915–ի Հայկական Ցեղասպանութէան օրերուն բռնագրաւուեցան թուրք պետութէան կ'ողմէ: Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն՝ ժառանգուած իրենց նախահայրերէն, որոնք զոհ գացին Օսմանէան Թուրք կառավարութէան կ'ողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութէան: Ձեր կառավարութէան առած խնդրոյ առարկայ որոշումը թերեւս կրնայ գոհացնել Եւրոպական Միութէան չափանիշները. սակայն, այդ որոշումը արդարութէան սկզբունքին վրայ առնուած քայլ մը երբեք չի կրնար նկատուիլ: Պրն. Վարչապետ, եանուն արդարութէան առնուած սակայն միակողմանի եւ ընտրովի քայլերը փաստօրէն կ'ուրանան պատմութիւնը եւ կը ժխտեն ժողովրդավարական սկզբունքները ու արժէքները: Միջազգային կառոյցները, օրինակ, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը, խորհրդարանն ու խորհրդարանական մարմինները ժողովրդավարական արժէքները եւ սկբունքները պագպանողները ու գործադրողներն են, իսկ անոնց խիղճը՝ ժողովու՛րդն է: Ինչպէս Ֆրիտճոֆ Նէնսըն, Ազգերու Լիկայի ներկայացուցիչը եւ Խաղաղութէան Նոպէլէան մրցանակակիրը 1928–ին իր հեղինակած Հայաստան եւ Մերձաւոր Արեւելքը հանրածանօթ գիրքին մէջ գրած է «Հայ ժողովուրդը երբեք չէ իւսահատած. ան շարունակած է քաջօրէն աշխատիլ ու սպասել: Ան տակաւին կը սպասէ…» (էջ 324): Իսկ Մենք կ'ուզենք աւելցնել թէ՝ հայ ժողովուրդը նաեւ երբեք պիտի չդադրի արդարութիւ՛ն պահանջելէ Թուրքիայէն Հայկական Ցեղասպանութէան համար: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի պահանջելէ իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը: Պրն. Վարչապետ, արդարութէան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ եանձնառու ըլլալու Ձեր եայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն երբ ճանչնաք Հայկական Ցեղասպանութիւնը»: Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայ նամակին անգլերէն բնագիրը պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան:
  -   Մամլո հաղորդագրություն