Եուրի Ժորկայէֆ հպարտ է իր հայկական արմատներով


Եուրի Ժորկայէֆ հպարտ է իր հայկական արմատներով

  • 14-09-2011 17:08:33   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Եուրի Ժորկայէֆ հարցազրոյց մը տալով ուքրանական մարզական կայքէջի մը յայտարարեց թէ հպարտ է իր հայկական արմատներով, մասամբ կը տիրապետէ հայերէն լեզուին ու երբեմն ընտանիքէն ներս կը գործածեն հայերէն արտայայտութիւններ: «Ատիկա իմ արիւնն է եւ ինծի համար մեծ կարեւորութիւն ունի» ըսաւ Ժորկայէֆ: Ան նաեւ շեշտեց թէ եօթը տարիէ ի վեր Ամերիկա հաստատուած է եւ կը զբաղի Ամերիկայի մէջ մանկական ֆութպոլը զարգացնելու ծրագրով մը: «Ասիկա մեծածախս ծրագիր մըն է: Յաճախ կը մասնակցիմ բարեգործական հանդիպումներու, անձամբ ալ բարեգործական հիմնադրամ մը հաստատած եմ ու կը ձգտիմ օգնել բոլոր անոնց, որոնք նիւթականի կարիք ունին» շեշտեց Ժորկայէֆ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը