Հերմոն Վարիշ իր կեանքը կորսնցուց, առանց տեսնելու իր իսկ բեմադրած վերջին խաղը


Հերմոն Վարիշ իր կեանքը կորսնցուց, առանց տեսնելու իր իսկ բեմադրած վերջին խաղը

  • 06-06-2011 18:30:30   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Պոլսահայ յայտնի բեմադրիչ ու դերասան Հերմոն Վարիշ, որ 30 Մայիսին մահացած էր անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով, Շաբաթ օր հողին յանձնուեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ սարքուած յուղարկաւորութեան արարողութենէ ետք։ Առաւօտուն, յուղարկաւորութենէն առաջ, Հերմոն Վարիշի բեմընկերներու նախաձեռնութեամբ, սգահանդէս մը կազմակերպուեցաւ Մխիթարեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ։ Բեմին վրայ զետեղուած էր Հերմոն Վարիշի մեծադիր լուսանկարը։ Ներկաներ մեծ յուզումով հետեւեցան սուգի այս ձեռնարկին, որու ընթացքին նախ Էմման Չիչէք կարդաց Հերմոն Վարիշի իսկ կողմէ գրի առնուած կենսագրականը ապա պարքովիզիոնի դրութեամբ ցուցադրուեցաւ տեսաժապաւէն մը, Վարիշի կողմէ զանազան բեմերու վրայ բեմադրուած թատերախաղերէ կամ իր դերակատարութենէ եւ յուզումի ու վշտի ալիք մը բարձրացաւ ներկաներու մօտ։ Յետոյ լսելի դարձաւ Հերմոն Վարիշի ձայնը, որ տակաւին երկար ժամանակ պիտի հնչէ զինքը սիրողներու ականջներուն մէջ։ Մխիթարեան Սանուց Միութեան Ատենապետուհի Նաթալի Յովհաննէսեան ըսաւ որ այս կորուստը մեծ վիշտ մըն է ամբողջ համայնքին համար։ Յայտնի դերասան, Հերմոն Վարիշի մտերիմ բարեկամ ու վաղեմի ընկեր Պօղոս Չալկըճեան եւս սրտաճմլիկ արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Հերմոն Վարիշի մասին կարգաւ իրենց յիշատակները պատմեցին Սօսի Ճնտոյեան եւ »նորեկ«ներու )չըրաք_ անունով՝ Սէրտա Արսլան։ Սէրտա Արսլան ցաւ յայտնեց իրենց վարպետներու անժամանակ բաժանումներու պատճառած բեմերու պարապութեան մասին։ Վերջաւորութեան խօսեցաւ Հայր Յակոբոս որ դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Հերմոն Վարիշի տարած գործունէութեան, թատերական կեանքի մասին եւ մաղթեց որ Վարիշի վաստակը օրինակ եւ ուղեցոյց հանդիսանայ նորեկներու, նոր »Հերմոն Վարիշ«ներու երեւումին։ Սգահանդէսը վերջացաւ Տէրունական աղօթքով։ Ներկաներ սրահէն բաժնուեցան իրենց վշտակցութիւնները յայտնելով Վարիշի սգակիր այրիին եւ դստեր։ Յետոյ, կէսօրուայ ժամերուն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Խուռներամ բազմութիւն մը, թատրոնի աշխարհէն հայ եւ օտար ներկայացուցիչներ, մասնակցեցան յուղարկաւորութեան, ուր կերոնակիրներու կարգին էին՝ Գրիգոր Տինչգայըքճը, Էմման Չիչէք, Յովսէփ Գարակէօզեան, Պօղոս Չալկըճեան։ Դասուն մէջ, որպէս սգակիր մասնակցեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, իսկ նախագահեց Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան որ դամբանախօսեց, վեր առնելով արուեստագէտի կատարած կարեւոր աշխատանքը՝ թատերական աշխարհէն ներս։ Հերմոն Վարիշ իր վերջին կայանը գտաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Միւս կողմէ, »Սապահ« օրաթերթն ալ այսօր հրապարակում մը ունի Հերմոն Վարիշի մասին ու կը նշէ որ ան իր կեանքը կորսնցուց, առանց տեսնելու իր իսկ բեմադրած վերջին խաղը։ Թերթը դիտել կուտայ որ Վարիշ աղիքային ծանր բորբոքումի պատճառով տառապալից շրջան մը անցուց, հակառակ հիւանդութեան ու ծանր ցաւերուն, այս եղանակին փորձեց նոր խաղ մը բեմադրել՝ »Սուտի վրայ սուտ«ը, սակայն անողոք հիւանդութիւնը անկողնին գամեց զինքը եւ ան չկրցաւ գոնէ անգամ մը դիտել ներկայացումը, որ Փետրուարէն սկսեալ բեմադրուեցաւ մինչեւ 6 Մայիս։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը