Կրկին ահաբեկչութիւն ու կրկին նահատակ զինուորներ


Կրկին ահաբեկչութիւն ու կրկին նահատակ զինուորներ

  • 26-09-2011 15:54:36   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ կրկին երկիրը ցնցուեցաւ ահաբեկչութենէ ու դարձեա՛լ զինուորներ նահատակուեցան, խոր սուգի մատնելով իրենց հարազատները։ Վերջին շրջաններուն ՓՔՔական ուժերու կողմէ սկսած ահաբեկչութիւններու շղթան, այս անգամ շարունակուեցաւ Սղերդի մէջ եւ ահաբեկչութեան թիրախ դարձաւ ոստիկան զօրաց Սղերդի Պէլէնօլուք շրջանի ոստիկանատունը։ Ահաբեկիչներ յարձակեցան ոստիկանատան վրայ եւ փոխադարձ հրաձգութիւն սկսաւ զինուորներու եւ ահաբեկիչներու միջեւ։ Վեց զինուորներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, իսկ 11 զինուորներ ալ վիրաւորուելով փոխադրուեցան Շըրնաքի զինուորական հիւանդանոց։ Ահաբեկիչներն ալ զոհեր տուին ու անոնցմէ երեքը սպաննուեցան։ Վեց զինուորներու նահատակութեան մասին լուրը երէկ բողոքի մեծ ալիք բարձրացուց բովանդակ երկրի մէջ։ Վարչապետ Էրտողան ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ քննադատական ծանր արտայայտութիւններով ընդգծեցին որ գլուխ պիտի չհակեն ահաբեկիչներու առջեւ ու պիտի շարունակեն պայքարիլ ՓՔՔականներու դէմ, մինչեւ որ լիակատար անդորրութիւն հաստատուի երկրի մէջ։ Նահատակեալ զինուորներու մարմինները երէկ զինուորական յատուկ տողանցքով ղրկուեցան իրենց ծննդավայրները, հողին յանձնուելու համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը