Բացառիկ կալա Օլէմփիայի մէջ


Բացառիկ կալա Օլէմփիայի մէջ

  • 01-10-2011 12:31:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 1- Սեպտեմբեր 28ի իրիկունը, Փարիզի աշխարհահռչակ Օլէմփիա համերգասրահին մէջ, ուր Ազնաւուր համերգաշար մը կու տայ Սեպտեմբեր 8էն ի վեր, տեղի ունեցաւ «Ազնաւուր եւ իր բարեկամներ»ուն բացառիկ կալան, նուիրուած անկախացման 20ամեակին եւ ի նպաստ «Ազնաւուր՝ Հայաստանի համար» կազմակերպութեան: Ասեղ ձգելու տեղ չկար սրահին մէջ. Օլէմփիայի աւելի քան 2500 տեղերը ամբողջութեամբ գրաւուած էին, երբ մուտք գործեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները: Ներկայ էին անհամար ականաւոր դէմքեր՝ քաղաքական, շօու-պիզի կամ մարզական ասպարէզներէն: Հոն էին նաեւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆրէտէրիք Միթերան, Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդը՝ Նորվան Արք. Զաքարեան եւ դեսպան Չիտեչեան որ անձամբ դիմաւորեց բարձրաստիճան հիւրերը: Երեկոյթին ներկայացումը կատարեց հեռատեսիլի ծանօթ խօսնակ Սթեֆան Պերն: Ապա իրարու յաջորդեցին մէկը միւսէն ծանօթ եւ արժէքաւոր արուեստագէտներ: Նախ Վարդան Մամիկոնեան դաշնակով հրամցուց Արամ Խաչատրեանի «Սուրերու պար»ը: Ապա հետեւեցան սոփրանօ Յասմիկ Պապեան (դաշնակահար Էրիք Պէրշոյի ընկերակցութեամբ՝ Փուչինիէն երկու կտոր), ճազ երաժշտութեան հանրածանօթ անուն՝ Տիգրան Համասեան, որ հրամցուց իր յօրինումներէն երկու նմոյշ, կատակերգակ Միշէլ Լէպ (դարձեալ Էրիք Պէրշոյի ընկերակցութեամբ), որ ներկայացուց ֆրանսացի ծանօթ կարգ մը երգիչներու եւ դերասաններու կապկումը, Անտրէ Մանուկեան՝ ծանօթ դուդուկահար Լեւոն Մինասեանի եւ Սերժ Արիպասի ընկերակցութեամբ նուագեց «Տըլէ Եաման»ը, Ազնաւուրի աղջիկը՝ Սեդա Ազնաւուր հրամցուց Սայեաթ Նովայի «Ես քո խյմեդը չեմ գիտի»ն. ապա հրամցուեցաւ Ազնաւուրի երգերու շարք մը, մեկնաբանուած՝ ծանօթ արուեստագէտներու կողմէ: Այսպէս՝ Պենապար երգեց «Մէ զ?ամի, մէ զ?ամմերտ»ը, Ամէլ Պենթ՝ «Լա մամմա»ն, կատակերգակ Լօրան Ժերա՝ զանազան երգիչներու ծաղրանքով՝ «Իլ ֆօ սավուար»ը, Հելէն Սեկառա՝ «Իլ սոն թոմպէ»ն, Ժիւլիէն Գլէր՝ «Ֆորմի ֆորմիտապլ»ը: Հուսկ բեմը գրաւեց անժամանցելի երիտասարդը՝ Ազնաւուր: Շնորհակալութիւն յայտնեց երկու նախագահներուն եւ բոլորին որոնք «ներկայ» պատասխանած էին զօրակցելու համար իր հովանաւորած կազմակերպութեան: Ֆրանսական երաժշտութեան այս հսկան մեզի հրամցուց իր հին ու նոր երգերէն ծաղկաքաղ մը: Ան թէեւ խոստովանեցաւ թէ տարիքին (87) բերումով առողջական որոշ հարցեր սկսած են զինք խանգարել, սակայն մէկէ աւելի երիտասարդ երգիչի նախանձ պատճառելու աստիճան առոյգ ելոյթով հմայեց բոլորը: Ամբողջ սրահը վայրկեաններով ոտքի ծափահարեց զինքը:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը