Ռուբէն Սեւակի յուշաքարի բացումը


Ռուբէն Սեւակի յուշաքարի բացումը

  • 01-10-2011 12:43:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 1- Երեւան եւ Նիս զուգորդ քաղաքներ դարձած են 2007ին: Այդ հանգամանքով ծնունդ առած գործակցութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին առթիւ, Նիսի քաղապետարանի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 23ին Հայաստանի զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Սեւակի յուշաքարի բացումը, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն: Արարողութիւնը կը գլխաւորէին Երեւանի եւ Նիսի քաղաքապետները՝ Կարէն Կարապետեան եւ Քրիսթիան Էսթրոզի: Ներկայ էին նաեւ Նիսի քաղաքային բազմաթիւ խորհրդականներ եւ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ: Քաղաքապետները իրենց ողջոյնի խօսքին մէջ նշեցին, որ այս ձեւով անգամ մը եւս կամրապնդուին զուգորդ քաղաքներու բարեկամութիւնը եւ յետագայ գործակցութիւնը՝ առաջնակարգ դասելով ժողովրդավարական, մարդասիրական արժէքները: Արարողութեան ներկայ էր եւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ռուբէն Սեւակի դուստրը՝ 97ամեայ Շամիրամ Սեւակ: Ան արժանացաւ ամենէն ջերմ ծափերուն: Ելոյթներու վերջաւորութեան, հոգեւոր հայրերու օրհնութեամբ բացումը կատարուեցաւ յուշաքարին: Հանդիսութեան աւարտին, Մասենա պալատին մէջ ընդունելութեան մը հրաւիրուեցան հիւրերը՝ տօնելու համար Հայաստանի անկախացման 20րդ տարեդարձը:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը