Հայոց քաջարի բանակը մեր սրտերը լեցուց արդար հպարտութեան անխառն զգացումներով


Հայոց քաջարի բանակը մեր սրտերը լեցուց արդար հպարտութեան անխառն զգացումներով

  • 04-10-2011 17:06:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 4 Սովոր էինք, իբրեւ Ֆրանսայի քաղաքացիներ, ամեն Յուլիս 14ին դիտելու Շան զ?Էլիզէի վրայ կատարուող տպաւորիչ զօրահանդէսը, որ Ֆրանսայի պէս մեծ երկրի մը ռազմական կարողութեան լաւագոյն ցուցափեղկն է: Ուստի ոչ միայն որպէս Հայ, այլեւ բաղդատութեան հետաքրքրութեամբ է, որ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21ի առաւօտեան շատ կանուխ, հեռատեսիլի հայկական ալիքը բացի, անկախութեան 20ամեակի զօրահանդէսէն փշրանք մ?իսկ չփախցնելու մտահոգութեամբ: Երեւանի մէջ արդէն ժամը 11 է: Երկինքն ալ պայծառ արեւով կը մասնակցի հանրապետութեան յոբելեանին: Զօրքերը շարուած են անթերի կերպով: Պատուոյ ամպիոնը կը բարձրանան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու նախագահներ՝ Ս. Սարգսեան եւ Բ. Սահակեան, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ՝ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա., վարչապետը, նախարարներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Այն ինչ որ քիչ յետոյ մէկ ժամէ աւելի պիտի դիտենք՝ 20ամեակի զօրահանդէսը, կարելի չէ բնութագրել ոչ հրաշալի, ոչ ալ հիանալի, հոյակապ կամ մեծաշուք ստորոգելիներով: Վստահաբար իր գոյութեան աւելի քան եօթը տասնամեակներու ընթացքին, Երեւանի Լենինի, այսօր Հանրապետութեան հրապարակը երբեք այսպիսի վեհաշուք զօրահանդէս ու տողանցք չէ տեսած: Իսկոյն կը զղջամ, որ Հայաստանի ալիքները չստացող քանի մը բարեկամներ առաւօտեան սուրճի չեմ հրաւիրած որ անոնք ալ հետս բաժնէին ազգային հպարտութեան զգացումները: Վստահ եմ նաեւ որ բոլոր անոնք որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չդիտեցին այս զօրահանդէսը, իսկապէս յիշարժան բան մը փախցուցին: Բարձրախօսները կը ծանուցանեն հանդիսութեան սկիզբը: Փոքր կառքի մը վրայ ելած, քաղաքացիական տարազով, պաշտպանութեան նախարար զօր. Սէյրան Օհանեան կը կենայ իւրաքանչիւր զօրամիաւորումի առջեւ եւ բարձրաձայն «ողջոյն»ով կը բարեւէ ամեն մէկը: Ամեն անգամ զինուորները միաբերան կը պատասխանեն «Պատրա՛ստ Պարոն նախարար» եւ երեք «ուռռա՛»ներով: Նախարարը ռուսերէնով կը բարեւէ ռուսական ռազմակայանի երեք ջոկատները որոնք կը մասնակցին զօրահանդէսին: Հրապարակին շրջանը կատարելէ ետք, նախարարը կը բարձրանայ պատուոյ ամպիոն եւ «Հայկական բանակը պատրա՛ստ է» ըսելով կը բարեւէ սահմանադրականօրէն գերագոյն հրամանատար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Արարողակարգը իսկապէս գրաւիչ է: Ժամն է ազգային փառերգի. «Մեր Հայրենիք»ը կը նուագուի դաշն, եւ նախագահի ողջոյնի կարճ ուղերձէն յետոյ, կը սկսի տողանցքը, առանց դոյզն իսկ սխալ շարժումի, վրէպի: Մէկը միւսին յաջորդելով կը տողանցեն Հայոց ազգային բանակի զանազան միաւորները, խրոխտ ու առնական քայլերով, գեղեցիկ ու այլազան համազգեստներով: Մասնաւորապէս աչքի կը զարնէ բանակին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կատարող, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ջոկատը, որ կը քալէ նոյնքան համաչափ, սեւ սքեմներով ու փակեղներով.աբեղաները միագոյն փորուրարներով, սարկաւագները նոյնպէս միագոյն, հայկական աւանդական ձեւով խաչաձեւ կապուած ուրարներով։ Պահ մը մտքով երազեցի թէ ամպիոնին վրայ կեցած հոգեւորականները Վազգէն Ա. եւ Սարդարապատի հերոս՝ Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսներն են. անոնք չտեսան այս փառաւոր օրը, բայց վստահ եմ որ իրենց երկնաւոր օթեւանէն օրհնեցին տողանցող ամեն մէկ հայ զինուորը: Վերջապէս, հետիոտն, զօրքին տողանցքը կը փակեն «Վազգէն Սարգսեան» ապագայ սպայից վարժարանի սաները, Հայոց բանակի վաղուան «քատր»երը, որոնց պիտի վստահուի հայրենիքին ապահովութիւնը: Եթէ այսօր Հայաստան ունի արժէքաւոր, մարտունակ բանակ, զայն գերազանցապէս կը պարտի Վազգէն Սարգսեանի (կարճ ատեն մըն ալ վարչապետ), որ այլ ղեկավարներու հետ զոհ գնաց Խորհրդարանի 1999 Հոկտեմբեր 27ի ահաւոր սպանդին: Եռաբլուրի անոր շիրիմին գրուած «Սպարապետ Հայոց»ը քիչ է թերեւս ազգի երախտագիտութիւնը իրեն յայտնելու համար: Անդարմանելի կորուստ, մինչ մեր վիզին պլլուած «եւրոպական չափանիշներ»ու շնորհիւ ազգի դաւաճանները բանտը տաքուկ նստած՝ կ?ուտեն, կը խմեն ազգի սուղ միջոցներուն ի հաշիւ: տակաւին ալ կը յաւակնին վճիռին վերաքննութիւնը պահանջելու, երբ տասը տարի առաջ կախաղան բարձրացած պէտք է ըլլային: Կ?աւարտի հետիոտն զօրքի տողանցքը: Կը յաջորդէ Հայոց բանակի ողջ թէքնոլոժին, ռազմական արդի զինամթերքը իր այլազանութեամբ: Տեսակ-տեսակ հրասայլեր ու հրետանի, հակօդային պաշտպանութեան սարքեր, հրթիռներ, եւլն.: Վերեւ գրեցի, թէ բաղդատութեան հետաքրքրութեամբ ալ պիտի հետեւէի զօրահանդէսին: Ամենայն անկեղծութեամբ, ան ոչ մէկ բանով կը զիջի ֆրանսական բանակին ցուցադրածէն, ոչ զինուորներու կարգապահութեամբ ու շարժուձեւով, ոչ ալ արդիական սպառազինութեամբ։ Այս ամբողջը չ?ըլլար անշուշտ առանց Ռուսաստանի օժանդակութեան ու զինակցութեան: Որքան ճիշդ ընտրուած է Հայաստանի ռազմական արտաքին քաղաքականութիւնը. առանց Ռուսաստանի զինակցութեան, անկարելի է մեր սահմաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորել Թուրքիոյ դէմ: Զօրահանդէսը մօտ է իր աւարտին: Ճիշդ Patrouille de France-ի նմանութեամբ, հայկական օդուժը կը ճախրէ երկնքին մէջ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հետքեր թողլով իր ետին, մինչ ռազմական ուղղաթիռները կը յաջորդեն իրարու: Վարը, հրապարակին վրայ, պատուոյ պահակախումբը, նուագախումբի ընկերակցութեամբ կը կատարէ ապշեցուցիչ հրացանախաղ: Ապահովաբար, անկախութեան այս 20 տարիներու մեծագոյն ձեռքբերումն է հայկական բանակը։ Հայրենիքի ապահովութեան մեծագոյն երաշխիքը, որու վրայ պէտք է գուրգուրալ աչքի լոյսի պէս: Թերիներ ունի ան տակաւին, մասնաւորաբար մարդկային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Համեստ կարծիքով, ասոր պատճառը մեր ազգային բնաւորութեան թերութիւններն են, որոնք կը յամենան տակաւին: Դարեր շարունակ, տիրողին հանդէպ ստորակայութեան բարդոյթ ունեցած ենք: Եւ երբ պուտիկ մը «իշխանութիւն» մեր ձեռքը հասած է, զայն մերիններուն հանդէպ գերակայութեան բարդոյթի վերածած ենք: Այսպէս, ուսուցիչը՝ աշակերտին հանդէպ, վարպետը՝ իր աշկերտին, աղան, հողատէրը՝ ծառային: Եկեղեցականներէն ոմանք ալ զերծ մնացած չեն այդ բարդոյթէն: Ուստի ժամն է որ բանակին մէջ ալ այդ բարդոյթները վերջնականապէս մաքրագործուին: Ժամ է որ մե՛նք ալ Սփիւռքի մէջ զանոնք մատի փաթթոց չընենք, մանաւա՛նդ օտարագիր «հայ» մամուլին մէջ, որ չմոռնանք երբեք, կը կարդացուի օտարներուն կողմէ ալ: Իսկ դրականը չէ որ անոնց աչքին կը զարնէ, այլեւ ժխտականները: Կեցցէ՛ Հայոց քաջարի բանակը, որ այսօր մեր սրտերը լեցուց արդար հպարտութեան անխառն զգացումներով: ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Սեպտեմբեր 22, Մարսիլիա
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը