Թուրք ոստիկանները ձերբակալած են ազգութեամբ հայ Ֆրանսայի երկու քաղաքացի


Թուրք ոստիկանները ձերբակալած են ազգութեամբ հայ Ֆրանսայի երկու քաղաքացի

  • 06-10-2011 12:15:21   |   |  Քաղաքական

Թուրք մամուլը Հոկտեմբեր 4ին կը հաղորդէր, որ թուրք ոստիկանները Տիյարպաքըրի մէջ ձերբակալած են ազգութեամբ հայ՝ Ֆրանսայի երկու քաղաքացի, որոնք կ?ամբաստանուին Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարուող՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով։ Թրքական «Ենի Շաֆաք» թերթին համաձայն՝ Տիգրան Սարգիս Արշակ Եկաւեան եւ Էյիւփ Սուլթան Տէմիրչիվի ձերբակալուած են Սուրի շրջանին մէջ։ Խուզարկութեան ժամանակ անոնց մօտ գտած են փաստաթուղթեր, որոնք իբրեւ թէ կը վկայեն PKKի հետ անոնց սերտ յարաբերութիւններուն մասին։ Հոկտեմբեր 5ին, յաջողեցանք կապ հաստատել Տիգրան Եկաւեանի հետ, որ մեզի յայտնեց թէ հարցաքննութենէ մը ետք ազատ արձակուած է եւ ներկայիս կը գտնուի Ֆրանսա: Յաջորդիւ կու տանք մանրամասնութիւնները: «Նոր Յառաջ»
  -   Քաղաքական