Հայ-ֆրանսական գործարարութեան ակումբ հիմնադրվեց


Հայ-ֆրանսական գործարարութեան ակումբ հիմնադրվեց

  • 06-10-2011 12:25:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Հոկտեմբեր 4ին, Երեւանի ֆրանսական դեսպանատան մէջ ստորագըրւեցաւ Հայ-ֆրանսական գործարարութեան ակումբի (ՀՖԳԱ) հիմնադրման մասին փաստաթուղթ մը: Զայն ստորագրեցին «Կրան Թորնթոն Ամիօ» ընկերութեան տնօրէն Արման Փընարպաշը, «ԱԿԲԱ-Գրետի Ակրիքոլ պանք»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ստեփան Գիշեան, «Հայջրմուղկոյուղի»ի գլխաւոր տնօրէն Փաթրիք Լօրէն, Orange Armeniaի գլխաւոր տնօրէն Պրունօ Տիւթուա, «Պիւրօ Վերիթաս»ի՝ Հայաստանի մէջ տարածքային զարգացման ղեկավար Ստեփան Բարաքեան, «Ուրարտու Մետիա Էքսչէյնճ»ի ղեկավար Ֆրետերիք Տավլաթ եւ «Պաղտասարով Գրիսթալզ»ի ղեկավար Տիտիէ Կիյոնէ: ՀՖԳԱ-ն հիմնուած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան աջակցութեամբ: Դեսպան Անրի Ռենօ կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ ՀՖԳԱ-ն կը ստեղծուի ՀՀ անկախութեան 20ամեակի եւ Ֆրանսայի նախագահի՝ Հայաստան կատարելիք այցի օրերուն: Դեսպանը նշեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի` վերջերս Փարիզ կատարած այցի օրակարգին մէջ մեծ տեղ տրուած էր տնտեսական հարցերուն եւ գործարար համայնքի հետ հանդիպումներուն. հոն նախագահին ուղեկցող՝ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան հանդիպում ունեցած էր ֆրանսացի 40 գործարարներու հետ, ինչ որ ցոյց կու տայ Հայաստանի հանդէպ ֆրանսական գործարար աշխարհին հետաքրքրութիւնը: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսա Հայաստանի մէջ երկրորդ ներդրողն է՝ Ռուսաստանէն յետոյ։ Արտաքին գործոց նախարար Էտ. Նալպանտեանի տուեալներով՝ դեռ քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ կը գործէր ֆրանսական դրամագլուխով 70 ձեռնարկութիւն, մինչդեռ այսօր ատոնց թիւը հասած է 155ի: Ըստ նախարարին՝ հայ-ֆրանսական տնտեսական գործակցութեան ներուժը շատ աւելի մեծ է, եւ ՀՖԳԱ-ի աջակցութեամբ այդ թիւը առնուազն պիտի կրկնապատկուի։ «Նոր Յառաջ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը