ԱՄՆ նախագահ Բարաք Օբաման առաջարկել է կրճատել Հայաստանին տրամադրվող ցանկացած տնտեսական օժանդակություն


ԱՄՆ նախագահ Բարաք Օբաման առաջարկել է կրճատել Հայաստանին տրամադրվող ցանկացած տնտեսական օժանդակություն

  • 15-02-2012 14:40:30   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Լոս Անճէլըսի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» օրաթերթէն կը տեղեկանանք թէ Ամերիկայի Նախագահ Օպամա 13 Փետրուարին ներկայացուց 2013ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որուն մէջ կառաջարկուի 19 առ հարիւր համեմատութեամբ կրճատել տնտեսական այն օժանդակութիւնը, որ կը տրամադրուի Հայաստանի։ Օպամա առաջարկեց 27.219 հազար տոլար տնտեսական օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին, ինչ որ 32 առ հարիւրով նուազ է 2012ին Քոնկրէսի կողմէ վաւերացուած տնտեսական օգնութեան համեմատութենէն, որ կը կազմէր 40 միլիոն տոլար։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դիտել տուաւ որ 2013ի տնտեսական օժանդակութեան մէջ չէ ներառնուած այն 2.824 հազար տոլարը, որ Ամերիկայի կողմէ Հայաստանի կը յատկացուի թմրեցուցիչներու եւ իրաւակարգի նկատմամբ միջազգային հսկողութեան ծրագրէն ներս, եւ 2.500 միլիոն տոլարը, որ նախատեսուած է Առողջապահութեան համաշխարհային ծրագիրներու լոյսին տակ։ «Եթէ այդ երկու գումարներն ալ աւելցնենք, տնտեսական օգնութեան ընդհանուր գումարը պիտի կազմէ 32.543 միլիոն տոլար, ինչ որ 19 առ հարիւրով պակաս է 2012ի օգնութենէն», կըսուի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ։ Գալով ռազմական օգնութեան, ապա Օպամայի վարչակազմը առաջարկած է օտարերկրեայ ռազմական օժանդակութեանց ու միջազգային ռազմական կրթութեան եւ ուսուցման ծիրէն ներս Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրամադրլ հաւասարաչափ օգնութիւն, որ կը կազմէ 2.7 միլիոն տոլար։ 2013ի պիւտճէի մէջ Ղարապաղին յատկացուելիք օժանդակութեան մասին որեւէ խօսք չկայ։ Ատրպէյճանի յատկացուած օժանդակութեան գումարը 2012ի 16.6 միլիոն տոլարէն իջած է 11 միլիոն տոլարի, իսկ Վրաստանին յատկացուած օգնութիւնը՝ 66 միլիոն տոլարէն 42.600 միլիոն տոլարի։ Միջազգային ռազմական կրթութեան եւ ուսուցման շրջագծով Օպամա առաջարկած է Թուրքիոյ յատկացնել 3.6 միլիոն տոլար։ Առաջարկին մէջ նաեւ կը շեշտուի որ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մը կը նկատուի Ուաշինկթընի համար։ Յիշեցնենք որ պիւտճէի առաջարկը պէտք է քննարկուի Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի կողմէ եւ քննարկումներու ընթացքին կրնան յատկանշական փոփոխութիւններ կատարուիլ։ ...
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play