Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջույնը Շուշիի ազատագրման 20-ամյակի կապակցությամբ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջույնը Շուշիի ազատագրման 20-ամյակի կապակցությամբ

  • 09-05-2012 15:34:55   | Լիբանան  |  Հասարակություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեան շուրջ երկու շաբաթներ առաջ անձնապէս հեռաձայնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ զինք հրաւիրեց մասնակից դառնալու Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակի հանդիսութիւններուն։ Նկատի ունենալով որ ճիշդ այդ օրերուն Վեհափառ Հայրապետը նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի մը համաձայն՝ պիտի կատարէր Ապու Տապիի մէջ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը եւ ապա հովուապետական այցելութիւն պիտի տար Իրանի երեք թեմերուն, այս առիթով ան Թեհրանէն յատուկ նամակ մը յղեց Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահին։ Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետի նամակին պատճէնը.- Նորին Վսեմութիւն Տիար Բակօ Սահակեան Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ, Այսօր, Չորեքշաբթի 9 Մայիսին, Շուշիի ազատագրութեան 20–ամեակին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ'ողջունենք Ձեզ, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի մեր ազատատենչ ժողովուրդը: Այսօր յաղթանակի օր է. յաղթանակի օր՝ ո՛չ միայն Ղարաբաղի հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան համար: Շուշիի ազատագրումը վճռադրոշմ դէպք մըն էր հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս փաստեց թէ ինք տէ՛րն է իր իրաւունքներուն, եւ ի պահանջել հարկին՝ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց հաւատքին զօրութեամբ ու կամքին վճռակամութեամբ պատրաստ է «իմացեալ մահ»ով իր իրաւունքներուն վերատիրանալու եւ իր անկախութիւնը վերահաստատելու: Ա՛յս է խորհուրդը ու պատգամը Շուշիի ազատագրութեան: Արդարեւ, յաղթանակները ձեռք կը ձգուին հերոսներու հաւատքով ու արիւնով: Այսպէ՛ս եղաւ նաեւ Շուշիի ազատագրումը: Մեր քաջարի տղաքը իրենց արեան վկայութեամբ կերտեցին Շուշիի յաղթանակը: Հետեւաբար, այսօր երբ կը տօնենք Շուշիի ազատագրութեան 20–ամեակը, պէտք է խոր յարգանքով յիշենք մեր բոլոր հերոսները, որոնք ինկան ազատագրութեան ճանապարհին վրայ: Այսօր պէտք է նաեւ մեր համազգային յարգանքը ընծայենք այն բոլոր հերոսներուն, որոնք իրենց ամբողջական ու նուիրեալ մասնակցութիւնը բերին Շուշիի ազատագրումին: Շուշիի ազատագրումը վճռական հանգրուան մըն է մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի երկար ճանապարհին վրայ: Պայքարը կը շարունակուի ու պէ՛տք է շարունակուի վերանորոգ հաւատքով ու ամուր կամքով: Ղարաբաղի հզօրացումը համազգային առաջնահերթութիւն է: Անհրաժեշտ է արեան գնով ձեռք ձգուած նուաճումները պահել ու պաշտպանել՝ ի խնդիր նոր յաղթանակներու կերտման: Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ղարաբաղեան պայքարի առաջին իսկ օրէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը արտայայտեց: Վստահ եղէք, որ այսօր նո՛յն յանձնառութեամբ մեր Սուրբ Աթոռը, իր թեմակալ առաջնորդներով, ազգային իշխանութիւններով ու ժողովուրդով Ղարաբաղին հետ է՝ բառին ամբողջական իմաստով: Կ'աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ միշտ պահպանէ ու պաշտպանէ Ղարաբաղը՝ իր պետութեամբ ու ժողովուրդով: Աղօթարար՝ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play