ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ Ի ՊԱՏՈՒԻ


ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ Ի ՊԱՏՈՒԻ

  • 03-11-2012 14:05:42   | Ֆրանսիա  |  Մշակույթ
Հայկական այբուբենի տառերը անտաշ ազնիւ քարեր են, զորս դարերու երկայնքին բանաստեղծները եւ փիլիսոփաները յղկեցին իրենց գրութիւններով, գործերով, զանոնք վերածելու համար գոհարներու: Իրենց կարգին, պատճէնողները զանոնք ընդելուզեցին ու զարդարեցին մատեաններու մէջ, որոնք բարեպաշտօրէն պահպանուեցան՝ հակառակ Պատմութեան փոթորիկներուն: Այս անգնահատելի գոհարներուն պահարան էր պէտք: Ահաւասիկ այդ պահարանը հանդիսացաւ հայ տպագրութիւնը՝ հայ գիրքը, որ ծնունդ առաւ ճիշդ 500 տարի առաջ: Ինչպէս յաճախ՝ այլ կալուածներու մէջ նախագնացներ եղած են Հայերը, այս պարագային եւս անոնք նախընտրեցին ըլլալ առաջինները՝ հաղորդակցութեան այս նոր միջոցին համար ալ, որ շաղկապ մը հանդիսացաւ զանազան գաղութներու եւ այս անմահ սրբազան գրութիւններուն միջեւ. զուգադիպութեան արդիւնք չէ անկասկած, որ այս նոր արուեստագիտութեան բարիքը վայելող առաջին ստեղծագործութիւնը եղաւ Ուրբաթագիրքը՝ աղօթքներու իր ծաղկաքաղով եւ խորհուրդներու ժողովածոյով, որ տպուած է 1512ին Վենետիկի մէջ: Այսօր, եւ մինչեւ Նոյեմբերի վերջաւորութեան, հրաւիրուած ենք վայելելու այս հարստութիւնը՝ կախարդական ցուցահանդէսով մը, զոր մեզի կը հրամցնեն BULAC-ը (Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենադարանը) եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկը: Այսպէս, ԺԶ. դարէն ԺԸ. դարու միջեւ, անցեալին՝ աշխարհի մեծագոյն հայկական կեդրոնները նկատուած քաղաքներու մէջ տպուած տասնեակներով մատեաններ ի մի բերուած են: Բնականաբար կրօնական, բայց նաեւ պատմական ու կրթական գրութիւններ են ասոնք, միշտ պաճուճուած գեղեցիկ գունազարդումներով, որոնք փառքը հիւսած են Հայոց մատենագրութեան: Հայկական մեծ գրադարաններէ դուրս, գրեթէ բացառիկ երեւոյթ է մէկտեղուած տեսնել այսքան մեծ թիւով արժէքաւոր կտորներ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է այս նախաձեռնութեան շնորհել արձագանգը որուն արժանի է ան: Միակ բացասականը, եթէ ինծի թոյլ տրուի, այցելութեան ժամերն են: Արդարեւ, բոլորին համար դիւրին չէ բացակայիլ աշխատանքի ժամերուն՝ այցելելու համար ցուցահանդէսը: Բայց, միւս կողմէ… չ?արժե՞ր արդեօք արձակ օր մը առնել եւ յատկացնել անոր…: Գ. Տ. _____ « Le livre arménien de la Renais-sance aux Lumières : une culture en diaspora » Մինչեւ Նոյեմբեր 30 Երկուշաբթիէն՝ Ուրբաթ, ժամը 10էն 18 Bibliothèque Mazarine 23 quai de Conti – 75006 Paris — Մուտքը ազատ է —
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play