«ՍԻՓԱՆ-ԿՈՄԻՏԱՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՐԻԶԻ ՍԷՆ Թ՚ԷՕՍԹԱՇ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ


«ՍԻՓԱՆ-ԿՈՄԻՏԱՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՐԻԶԻ ՍԷՆ Թ՚ԷՕՍԹԱՇ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

  • 11-12-2012 08:47:53   | Ֆրանսիա  |  Մշակույթ

 

Նոյեմբեր 23ի երեկոյեան, հակառակ անոր, որ հայկական բազմաթիւ ձեռնարկներ զիրար կը խաչաձեւէին, աւելի քան 450 երաժշտասէրներ փութացած էին Փարիզի Ա. թաղամասի Սէն թ՚Էօսթաշ գեղակերտ եկեղեցին՝ ունկնդրելու համար «Սիփան-Կոմիտաս»ը: 
Երեկոյթին բացումը կատարեց երգչախումին նախագահը՝ Գաբրիէլ Քէփէքլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ ըսաւ, թէ այս իրիկուան համերգը ձեւով մը միջքրիստոնէական հանդիպում մըն է, քանի ան տեղի կ՚ունենայ ֆրանսական եկեղեցիի մը մէջ, բայց քրիստոնէական մեծ ընտանիքին երդիքին տակ:
Նաեւ դիտել տուաւ, որ երգչախումբը կը թեւակոխէ իր 90րդ տարեդարձը, բայց հակառակ այդ տարիքին՝ նոր աւիւն կը ստանայ իրեն միացող երիտասարդ ուժերով, որոնցմէ շատերուն առաջին համերգն է այս մէկը: Երիտասարդներու ներկայութիւնը դրուատելով՝ ան չմոռցաւ, սակայն, մեծարելու նուազ երիտասարդները, ինչպէս օրինակ՝ թէնոր Արման Զահրէճեանը, որ 72 տարիէ ի վեր հաւատարմօրէն կը ծառայէ երգչախումբին: Այս վաստակաւոր նուիրեալին ուղղուած բուռն ծափահարութիւններէն ետք՝ բարի գալստեան կարճ խօսք մը արտանաեց նաեւ եկեղեցւոյ պատասխանատուն:
Ապա երգչախումբը՝ Հայկ Սարգիսեանի ղեկավարութեան տակ, բացաւ երաժշտական խնճոյքը: Համերգին առաջին մասը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած էր կոմիտասեան մեղեդիներուն: Յիշելու համար մեներգիչները՝ նշենք, որ Ռոպէր Աթայեանի յարմարեցումով՝ Նարեկացիին վերագրուած՝  «Հաւուն, հաւու-ն»ը իր դիւթիչ ձայնով երգեց սոփրանօ Էսթէր Լապուրտէթ-Բարսեղեան, Կոմիտասի «Կռունկ»ը երգեց բացառիկ ձայնով թէնոր՝ Արտաւազդ Սարգսեան, «Գարուն ա»ն եւ «Անձրեւ եկաւ»ը դաշնակի վրայ մեկնաբանեց Սէլին Անթոնէն, որ ամբողջ համերգին ընկերացաւ երգչախումին: 
Միջնարարէն ետք երկրորդ բաժինը սկսաւ Բաբաջանեանի եւ Խաչատրեանի Եղերերգով եւ Թոքաթայով, որոնք հրամցուեցան կրկին Սէլին Անթոնէնի կողմէ: Ապա Էսթէր Լապուրտէթ-Բարսեղեան մեներգեց Ափրիկեանի «Օրօր»ը, երգչախումբը հրամցուց Ափրիկեանի, Երկանեանի, Զաքարեանի, Պատմագրեանի, Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն:
Լուրջ աշխատանքը եւ երգչախումբի մը յաջողութեան բոլոր նախադրեալները համատեղուած էին այդ իրիկուն: Հանդիսականները իրենց ակնկալածը ստացածի բաւարարութեամբ մեկնեցան եկեղեցիէն: Անոնցմէ շատեր, հմայուած իրենց ունկնդրածէն, խտասալիկներ կը գնէին՝ իրենց տուներուն մէջ շարունակելու համար վայելքը:
 
Յ.Կ.
ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play