ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.Օրինական Գռեհկութիւն


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.Օրինական Գռեհկութիւն

  • 20-12-2012 14:40:50   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

Օրինաստեղծ մարդիկ, որոնք ըստ կարգի պէտք է նաեւ ժողովուրդի կողմէ ընտրեալ ըլլան, իրենց վարք ու բարքով օրինակ պէտք է ըլլան սովորական մահկանացուներուս: Բայց արդէն  վաղուց դադրած ենկ զարմանալէ Հայաստանի Ազգային Ժողովի իշխանամերձ պատգամաւորներու շրջանակին մէջ յայտնուած դժբախտաբար ոչ այնքան փոքրաթիւ պատգամաւորներու անուան հետ կապուած գունաւոր գայթակղութիւններէն, որոնց նորագոյն նմոյշը մեզ շնորհուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Մհեր Սեդրակեանին կողմէ:

Հայհոյական, սպառնալի խօսելաոճը փողոցին յարիր զրոյց է, վերապահուած՝ «լաւ» տղաներու, գողականներու եւ մասամբ նորին: Կրնանք ենթադրել, որ «լաւ տղայ» «գողական» ածականները կրնան այնքան ալ վիրաւորական չհնչել Թոքմախի Մհերին կամ իր ազիզ ընկերներու ականջին: Կրնայ ըլլալ, որ նոյնիսկ կարելի ըլլայ «սերիալ»ներով, կենցաղային դրուագներով հերոսականացնել այդ ածականներու տէրերը:
 
Հայհոյական խօսելաոճը Ազգային Ժողով փոխադրած «քաղաքական գործի»չներուն «նպաստը» մեր պետութեան միայն ու միայն բարոյալքումի վարակը տարածելուն մէջ է, որուն անմիջական հետեւանքներէն է այս մարդոցմէ ըստ հնարաւորինս հեռու փախչելու, արտագաղթելու տրամադրութեան խորացումը: Ի վերջոյ, այս «գործիչներ»ը ամէն վայրկեան կ՛ուզեն յստակ դարձնել որ իրենց դէմ «խաղ չկայ», եթէ չհամակարերպիս իրենց պարտադրած իրողութեան հետ, ապա ծնօտդ ալ կը ջարդեն, կամ, ինչպէս պատահեցաւ խեղճ բժիշկ Աւետեանին, քեզ ալ կը ջարդեն:
 
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընտրական այս արշաւին եթէ հաւատ ներշնչելու նուազագոյն պատրաստակամութիւն ունի, ապա պէտք է մինչեւ իր վերընտրութիւնը մաքրագործէ իր շրջապատը, իշխանական կառոյցներուն մէջ գտնուող գռեհիկ պաշտօնատարները հեռացնէ: Իսկ այդքան քաղաքական կամք կարելի՞ է ակնկալել նախագահէն, որուն հեղինակութեան վրայ իսկ վստահած այս գռեհիկ օրինաստեղծ կամ պաշտօնեայ մարդիկը առաւել լկտի, առաւել սանձարձակ կը դառնան:
 
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն