Ճիշտ եւ անհրաժեշտ է մեսրոպյան ուղղագրության վերադարձը


Ճիշտ եւ անհրաժեշտ է մեսրոպյան ուղղագրության վերադարձը

  • 09-01-2013 10:06:23   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 

 
Ա.
 
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի 2012 Նոյեմբեր 15ի թիւին մէջ կարդացի «Արդեօք ճի՞շդ է վերադարձը հին ուղղագրութեան» խորագիրով յօդուած մը, որ նախապէս «Առաւօտ» օրաթերթի Սեպտեմբեր 29ի թիւին մէջ հրատարակուած էր արդէն: Հեղինակը Թերեզա Գալստեան անուն Երեւանէն բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու մըն է, որ քաղաքական նպատակներով ցայժմ անշարժութեան դատապարտուած հայերէնի ուղղագրութեան հարցին մասին սխալ տեղեկութիւններու հիման վրայ սխալ մեկնաբանութիւններ կը կատարէ: «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ այդ սխալներուն կը պատասխանէ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական Վարդան Մատթէոսեան: Սակայն իր միջամտութիւնները լակոնական են եւ կ՚ուզեմ քիչ մը ընդլայնել:
Թերեզա Գալստեանի յօդուածին սկզբնական մասին մէջ կը կարդանք.-
 
«1913թ., Գէորգ Ե. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ կազմւում է յանձնաժողով, որի նպատակն էր քննարկել Հայոց աւանդական ուղղագրութեան մէջ որոշակի բարեփոխումներ կատարելու հարցը: Յանձնաժողովի կազմում ընդգրկուած էին Գէորգ վարդապետ Չորեքչեանը (յետագայում Ամենայն Հայոց կաթողիկոս), լեզուաբան Մանուկ Աբեղեանը եւ ուրիշներ: Սակայն մօտալուտ համաշխարհային առաջին պատերազմը, այնուհետեւ 1915 թուականի մեծ ողբերգութիւնը, ցաւօք, կասեցրին այդ հարցի լուծման ընթացքը»:
Այս հատուածին մէջ Թերեզա Գալստեան կը կրկնէ մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումին դէմ եղողներուն յանկերգը, ըստ որուն ուղղագրութեան փոփոխութիւնը «հասունացած խնդիր» էր արդէն Հայաստանի մէջ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ ուղղագրական փոփոխութեան մասին Մանուկ Աբեղեանի 1913ին կատարած առաջարկները, իբր թէ կասեցուեցան 1915ի դէպքերուն պատճառով: 
 
Այս պնդումը ընողներու միտք բանին այն է, որ իբր թէ 1922 Մարտ 4ի սովետական հրամանագիրը չէ որ պարտադրեց հայերէնի ուղղագրութեան փոփոխութիւնը, այլ արդէն իսկ 1913ին Աբեղեան այդպիսի առաջարկ մը ներկայացուցած էր Հայաստանի մտաւորականութեան: Այսինքն, Հայաստանցի լեզուաբանները ներկայիս կ՚ուզեն մեղսազերծել սովետները՝ ընթերցողներուն հաւատացնել ջանալով, թէ Աբեղեան 1913ին արդէն առաջարկներ ներկայացուցած էր, որոնք պիտի ընդունուէին, եթէ 1915ի դէպքերը տեղի ունեցած չըլլային: 
 
Իրականութիւնը, սակայն, բոլորովին տարբեր է:
 
1913 Հոկտեմբեր 14ին, Էջմիածնի մէջ կը գումարուի Գիրերու Գիւտի 1500ամեակին եւ հայ տպագրութեան 400ամեակին նուիրուած համազգային մեծ հանդէս, որուն ընթացքին կ՚որոշուի որ խօսք առնեն եւ Մեսրոպեան Գիւտի մասին արտայայտուին Աբեղեան, Ստեփան Մալխասեանց եւ ուրիշներ: Աբեղեան կը կարդայ Արարատի մէջ արդէն տպագրուած իր «Մեր ուղղագրութեան մասին» խորագրուած զեկուցումը, որ սակայն այնքան երկար կը տեւէ, որ ո՛չ Մալխասեանցին հերթ կը մնայ խօսելու, ո՛չ ալ՝ ուրիշներու: Չեն կարդացուիր նոյնիսկ հայագէտներ Մէյէի եւ Մառի գրութիւնները: Հանդիսականները կը ցրուին՝ Աբեղեանի երկար ու յանձնապաստան ելոյթէն նեղուած: 
1913ի հանդիսութեան նկարագրութիւնը կը գտնենք Ս. Վ. Գիւլբուդաղեանի «Հայերէնի ուղղագրութեան Պատմութիւն» գիրքին մէջ, ուր կը կարդանք.-
«Ուղղագրութեան բարեփոխման հարցը Էջմիածնում անցկացուած “Ուղղագրութեան օր”ով էլ վերջանում է եւ 1913 թուականից յետոյ էլ շարունակում է գործել աւանդական դրութիւնը, մինչեւ 1922 թուականը: Բերուած կարծիքներից երեւում է որ ընդհանուր առմամբ աւանդական դրութեան փոփոխութիւնը ցանկալի չէր հայ առաջաւոր մտաւորականութեանը» (էջ՝ 324, ընդգծումը իմ կողմէս) : 
Ուրեմն, քննարկում, վիճարկում չէ կատարուած, այլ Աբեղեան առաջարկներ ներկայացուցած է, որոնք չեն քննարկուած եւ ժողովականներու հաւանութեան չեն արժանացած: 
Իրականութեան մէջ, Գիրերու Գիւտի 1500ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութենէն առաջ, նախայոբելենական խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր մէկին, Ս. Կանայեանի տան մէջ, ուր Աբեղեան երկու տեսակի հարցաթերթիկներ ներկայացուցած է: Առաջինը հարց կու տայ.- «Պէ՞տք է փոփոխութիւններ մտցնել մեր ուղղագրութեան մէջ»: Երկրորդը՝ «Ինչու՞ պէտք չէ փոփոխութիւններ մտցնել»: Երկուքին մէջ ալ կը շօշափէ ուղղագրութեան միասնութեան մասին մասնակիցներու կարծիքը: Եւ ի՛նք, Աբեղեան, այդ մասին կը գրէ.- «Ամենից առաջ անհրաժեշտ է ունենալ միակերպ, միասնական ուղղագրութիւն, որպէսզի զանազան բարբառներով խօսողներն իրար հասկանան: Գրաւորը կենդանի լեզուի պայմանական ձեւն է, բայց բոլորի կողմից ընդունուած ձեւը: Ուղղագրութեան ընդհանուր միութիւնը պէտք է տեւական լինի, որպէսզի յաջորդ սերունդը չկտրուի նախորդից, դրանով է մեր գրական լեզուն ընդհանուր: Մեր այսօրուայ երկու գրական լեզուները նոյնանում են ընդհանուր ուղղագրութեամբ: Եթէ ուղղագրական փոփոխութիւնը մեր գրական լեզուները (արեւելեան, արեւմտեան) իրարից կը հեռացնի, չպիտի կատարել» (Գիւլբուդաղեան, էջ՝ 310, ընդգծումը իմ կողմէս): Հարցաթերթիկի եօթներորդ կէտը հարց կու տայ՝ «Ի՞նչ միջոցներով հնարաւոր է անել, որ ուղղագրութեան միասնականութիւնը չխանգարուի եւ բառերի պատկերը միանգամից մեծ փոփոխութեան չենթարկուի» (Լեւոն Գ. Խաչերեան, Հայոց համազգային մաշտոցեան համակարգուած միասնական եւ միակերպ ուղղագրութեան պատմութիւնը, Լոս Անճըլըս, 1999): 
Այսօր զարմանալի կրնան թուիլ Աբեղեանի այս արտայայտութիւնները: «Խօսքը եւ գործքը՝ տարբեր» պիտի ըսուի: Պարզ է սակայն, որ հարցաթերթիկին մէջ այս հաստատումները Աբեղեան կատարած է գիտական մօտեցումով՝ 1897-1913ին, երբ քաղաքական-հասարակական ազատ պայմաններու մէջ կ՚ապրէին բոլորը եւ իւրաքանչիւր անձ ազատ էր առաջարկներ ընելու: Իսկ երբ սովետական բռնապետական կարգերը հաստատուեցան եւ Մոսկուայէն Հայաստան ուղարկուած Լուսաւորութեան Կոմիսար Պօղոս Մակինցեան Աբեղեանի օձիքէն բռնելով պարտադրեց ուղղագրական «ռեֆորմ» կատարել, Աբեղեան զգաց դամոկլէսեան սուրը իր գլխուն վերեւ: Ուստի, 1922 թուականին տիրող սարսափի մթնոլորտին մէջ, երբ բացէ ի բաց յայտարարուած էր, թէ ուղղագրութեան փոփոխութեան հակադրուիլը քրէական յանցագործութիւն պիտի նկատուի եւ յանցագործներուն կը սպասեն սիպիրեան գուլակներու տաքուկ սենեակները, բնականաբար Աբեղեանի գիտական մօտեցումները իրենց տեղը զիջեցին բնազդային ինքնապաշտպանութեան: Այսպէս, 180 աստիճան շրջադարձ կատարելով եւ այլեւս իր 1913ի մօտեցումներուն հակասելով՝ Աբեղեան կատարեց քաղաքական հրահանգը եւ Մակինցեանի պարտադրութեան ենթարկուելով՝ առաւելագոյն չափով փոփոխութիւններ մտցուց մեր ազգային ուղղագրութեան մէջ, բառերու պատկերները ամբողջովին փոխելով, արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական լեզուներու միասնութիւնը բոլորովին անտեսելով: Եւ իր առաջարկած փոփոխութիւնները առանց քննարկուելու հաստատուեցան հրամանագիրով: Միասնական ուղղագրութեան վերաբերեալ Աբեղեանի հոգեփոխութեան մասին կարելի է կարդալ Փրոֆ. Արշակ Մադոյեանի գիրքը՝ «Հայագիտութեանդասականները միասնական ուղղագրութեան մասին» (Նախիջեւան հրատարակչութիւն, Երեւան, 2005):
Կը տեսնուի, թէ 1913ին, ո՛չ միայն «առաջաւոր Հայ մտաւորականութեան» մօտ համընդհանուր համամտութիւն չկար ուղղագրութիւնը փոխելու մասին, ինչպէս կ՚ուզէ 
հաւատացնել Թերեզա Գալստեան, այլ Աբեղեան ինքն իսկ կը տատամսէր փոփոխութիւն կատարելու եւ չկատարելու միջեւ: Եւ հարց կու տար.- «Անհրաժեշտ տեսնուելու պարագային՝ ինչպէ՞ս պէտք է ընել, որ փոփոխութիւնը իրարմէ չհեռացնէ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական լեզուները»: Ահա Աբեղեանի կեցուածքը՝ 1913ին: 
 
 
(Շարունակելի)
 
Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան
ՆՅ
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն