«Նոր Յառաջ». Մեր ջանքերը ճիշտ թիրախի պետք է ուղղել


«Նոր Յառաջ». Մեր ջանքերը ճիշտ թիրախի պետք է ուղղել

  • 22-01-2013 09:25:32   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 

Նոր տարուան մը սեմին, մարդ ընդհանրապէս կը տարուի անցեալ տարուան հաշուեփակը կատարելու, նժարին երկու ափսէներուն մէջ դնելով անոր դրականն ու ժխտականը, ձեռքբերումներն ու բացթողումները: Եւ եթէ ինքն իրեն հետ արդար է, եւ ունի որոշ լուսամտութիւն, չի զլանար հարկ եղած ինքնաքննադատութիւնը, որպէսզի անցեալի սխալները չկրկնէ ու նոր տարին աւելի յաջող պայմաններով ընթացնէ: Եթէ անձնական գետնի վրայ նման բան բաւական հեշտ է, նոյնը կարելի՞ է ըսել հանրային կեանքի մասին: Մա՛նաւանդ հայկականին, որու դաշտը շատ տարածուն է աշխարհագրականօրէն. նաեւ՝ բազմազան. Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռքներ…: Ուստի, բաւականանանք ֆրանսահայ գաղութով կամ համայնքով, քանի Մոլիէռի լեզուով աւելի կը գործածուի communauté-ն, քան colonie-ն: 
Մարդկային ընկերութեան մը կարեւորութիւնը կախեալ է շատ մը գործօններէ: Նախ իր թիւէն (իրականը, եւ ոչ՝ կարծեցեալը): Այլ նաեւ անոր միասնականութենէն, կազմակերպուածութենէն, զօրակոչի պատրաստակամութենէն: Մէկ խօսքով՝ հաւաքականութիւն մը ըլլալու գիտակցութենէն: Այս պայմաններէն կը բխին միւս ստորոգելիները, ինչպէս անշրջանցելի նիւթականը, որ տեղին համեմատ ազդեցութեան կարեւոր միջոցներէն է, անգլերէն բանաձեւումով՝ lobby:
Քաղաքական ու դիւանագիտական գետնի վրայ, միայն ուժն ու կշիռն է ի զօրու: Թիւին, դրամին, զէնքին ուժը: Մարդկային զգացումը, գութը, կամ այն ինչ որ զգացական է, հոն գոյութիւն չունի: Վկա՞յ ասոր. այսօր «մեծ» պետութիւններու դիւանագիտական շրջանակները ամենայն սառնասրտութեամբ կը դիտեն սուրիացի ժողովուրդին անլուր տառապանքը, տագնապի լուծումի մը պարագային նախ փնտռելով սեփական շահը: 
Երբ ասկէ ճիշդ 135 տարի առաջ, Պէրլինի վեհաժողովին գացող Խրիմեան Հայրիկին —որ միայն հայերէն գիտէր—, հարցուցեր էին թէ հոն ի՞նչ լեզուով պիտի խօսի, “Պիտի լամ” պատասխաներ էր: Բայց Հայոց խելացի Հայրիկը իրողութիւնը իսկոյն հասկցեր էր, ու վերադարձին խօսեր հերիսային, երկաթէ եւ թուղթէ շերեփներուն քարոզը: Պատկերաւոր, առակի կարգ դասուած քարոզը: Ուրեմն, որպէսզի հաւաքականութիւն մը ազդելու կարողութիւնն ունենայ, նախ պէտք է գիտնայ ազդեցութեան միջոցներ ստեղծել, հետեւողական ծրագրուած աշխատանքով՝ այդ հաւաքականութեան բոլոր բաղադրիչներու միասնական ջանքերով եւ միմիայն ընդհանուրի շահին ակնկալութեամբ: Իսկ երբ այդ հաւաքականութիւնը ուժեղ չէ եւ իր միջոցները սահմանափակ են, հարկ է որ գիտնայ զանոնք տեղին գործածել, ճիշդ թիրախին ուղղելով հարկ եղած սլաքները: 
Որեւէ պայքարի մէջ, հարկ է նաեւ բարեկամներ, համակիրներ, զինակիցներ գտնել, նեցուկներ ունենալու համար, գիտնալով որ սոսկ համակրութիւնը բաւարար չէ: Հարկ է նաեւ փոխադարձ շահագրգռութիւն ստեղծել, երբեք չմոռնալով ֆրանսերէն ասոյթը՝ Je te donne un œuf, tu me donnes un bœuf: Դարերով, մեր դիմացը ելլողին հպարտութեամբ ըսեր ենք թէ՝ առաջին ազգն ենք որ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակեր է: Ու «քրիստոնեայ» Անգլիացին, Ֆրանսացին, Գերմանացին եւ Ռուսը մեր քիթին, աւելի ճիշդը՝ մեր միամտութեան վրայ խնդացեր են, ինչպէս Պէրլինի մէջ: Շնորհաց այս 2013 տարուան սեմին, մենք մեզի անկեղծօրէն հարց տանք թէ ո՞րքանով յաջողած ենք ստեղծել վերեւ նշուած նախապայմանները: Հարց տանք թէ այս երկրին մէջ Հայաստան ու Հայութիւն ո՞րքանով ճանչցուած, գնահատուած, սիրուած ու փնտռուած տարրեր են: Դատելով անցեալ տարուան երեւոյթներէն, պիտի չվարանինք ըսելու թէ շատ քիչ յաջողած ենք այդ ուղղութեամբ, մա՛նաւանդ չորրորդ իշխանութիւն նկատուած մամուլին մօտ: 
1965 Ապրիլ 24ի երանելի օրերուն (երբ մեր մազերը շատ խիտ ու սեփ-սեւ էին), Le Monde օրաթերթը իր առաջին էջը ամբողջութեամբ եւ ներսի երեք այլ էջեր կը յատկացնէր Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր 50ամեակին առթիւ: Այդ նոյն թերթը եւ փարիզեան միւս օրաթերթերը եւ անուանի պարբերականները (բացի Figaro-էն), ոչ իսկ տող մը կը յատկացնէին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին Նոյեմբերին Ֆրանսա կատարած երկօրեայ այցելութեան: Նոյնը՝ հեռատեսիլի կայանները, որոնք հինգ երկվայրկեաննոց flash մը իսկ ցոյց չտուին Էլիզէի պալատը անոր մուտք ու ելքէն: Իսկ ի՞նչ ըսել 2րդ եւ 3րդ ալիքներուն մասին, որոնք պետական են…: Այս ամէնը մենք մեզ հարցապնդելու պիտի չմղէ՞ր, interpellé պիտի չընէ՞ր: Հարց տուի՞նք մենք մեզի, եւ հրապարակաւ, թէ ինչո՞ւ այս երկրի մետիաներէն կ՚անտեսուինք: Բողոք բարձրացուցի՞նք, ճամբաներ, միջոցներ որոնեցի՞նք կացութիւնը շտկելու համար: Ո՞վ պիտի համարձակի ԱՅՈ պատասխանել: 1965ին Le Monde իր էջերը ինքնաբուխ կերպով չէր տրամադրած մեզի: Այն օրերուն, ֆրանսական հանրային կարծիքին մօտ ունէինք անզուգական դեսպան մը որ կը կոչուէր Ֆրէտէրիք Ֆէյտի (ի լուսաբանութիւն անտեղեակ ընթերցողին, ըսեմ որ՝ Ֆ. Ֆէյտի ոչ միայն Հայուհիի մը ամուսինն էր, այլեւ կատարելապէս հայացած Ֆրանսացի մը, ինչպէս կը սիրէր ինք ըսել: Բարձրորակ հայագէտ փրոֆէսէօր, որու խօսած հայերէնը ունկնդրելը կատարեալ վայելք էր): Ու անոր պարտեցանք այն օրերուն ֆրանսական մամուլին դիրքորոշումը ի նպաստ մեզի, մեր դատին: Միայն անոր նման մարդոց պակա՞սն է որ մեզ կը զրկէ ֆրանսական մամուլի ուշադրութենէն: Ի հարկէ՝ ՈՉ: Շատ բան փոխուած է անցնող տասնամեակներու ընթացքին: Այս աշխարհէն մեկնած են մեր վրայի երկու սերունդները, որոնք ՀԱՅ էին ողով ու ծուծով: Հակառակ Հայաստանի անկախացումին, չէ յաջողած գաղութի միասնականութիւնը: Ոչ ալ ստեղծուած է արժանավայել, ամէն տեսակի միջոցներով օժտուած ղեկավարութիւն: Ասկէ 4-5 տարի առաջ, ոմանք հրապարակաւ կ՚աղմկէին եղած կառոյցներու անբաւարարութեան, անզօրութեան մասին, այժմ դադրած թերթի մը մէջ, Au bout du système խորա-
գրուած յօդուածներով: Ինչո՞ւ այսօր քաջութիւնը չունին իրենց ձախողութիւնը խոստովանելու: Չեն ընդունիր, որ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան օրինագիծի վերջին քուէարկութեան օրը Ծերակոյտին առջեւ հազիւ 1.500 ցուցարար շարելը, կաթսայէն՝ թուղթէ շերեփով հերիսա վերցնել փորձելէն տարբեր բան չէ: Այլ մա՛նաւանդ, քաջութիւնը չունին ընդունելու որ, մեզ այսօրուան ողբալի, ողորմելի վիճակին հասցնողը, մեզ հալեցնողը «ծագումով հայ Ֆրանսացի»ի հոգեբանութիւնն է, հոգեվիճակն է: Երբ կ՚ուտուիս, կը մարսուիս, այլեւս ակռաներուն վտանգ չես սպառնար:  
Անցեալին երբ իրերամերժ երկու ճակատներու բաժնուած էինք, այս երկու ճակատներու մամուլը անխնայ զիրար կը քարկոծէր, բայց հայերէն (թէպէտ այս երկրի իշխանութիւններու լրահաւաք ցանցերը շատ լաւ գիտեն թէ ի՞նչ կ՚անցնի-կը դառնայ մեր մէջ): Այսօր մեր աղտոտ լուացքը օտարագիր հրատարակութիւններով կը փռուի ոչ միայն իշխանութեանց, այլեւ ոչ-հայ կամ «ծագումով հայ» հանրութիւններու առջեւ ալ: Յաճախ կ՚այցելեմ Մարսիլիոյ կեդրոնական գրադարանը: Հոն, օտարագիր «հայ» պարբերականներու անմիջական հարեւանութեամբ կը գտնուին թրքական «Հիւրրիյէթ», «Զաման», «Վաթան» թերթերը: Քանիցս նկատած եմ, որ անոնց ընթերցողները, յետոյ այդ «հայկական» թուղթերն ալ աչքէ կ՚անցընեն: Մամուլը, ինչ որ ալ ըլլայ ան, երկսայրի սուր է: Ո՞րքանով թոյլատրելի է որ օտարին առջեւ փռենք մեր հարցերը: Ո՞րքանով թոյլատրելի է որ ամէն օր թունաւոր թէ ժանգոտ նետեր արձակուին Հայաստանի վրայ: Ո՞րքանով ընդունելի է որ մեր Եկեղեցին ծաղր ու ծանակ ըլլայ յանուն «մամուլի ազատութեան, անկաշկանդ տեղեկատւութեան»: Ընդունելի՞ է որ կարգալոյծ անձի մը նկարը ներկայացուի պատարագի զգեստով եւ սկիհը ձեռքը: Ընդունելի՞ է, որ «յանուն հաւասարութեան», նոյնքան տեղ յատկացուի գաղութը բաժան-բաժան ընողներուն, երբ հեգնանքի կ՚ենթարկուի Առաջնորդ Սրբազանին խօսքը թէ սրբապղծուած եկեղեցին կրկին օծման կը կարօտի: Գաւառը հրատարակուող մէկ այլ պարբերական, իր շապիկի էջին վրայ Visite d’État կը բնութագրէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը, երբ ան Visite de travail մըն էր: Անգիտութեա՞մբ, տգիտութեա՞մբ, թէ իր ընթերցողը խաբելու համար: Ինչո՞ւ կը զարմանան, կը գանգատին անոնց հրատարակիչները, թէ ընթերցող կը կորսնցնեն: Պէ՞տք է զարմանալ որ, երբ մենք զմեզ չենք յարգեր, ուրիշը մեզ չյարգէ: Այլ կարեւոր հարց. 50 տարի առաջ, Թուրքիա 35 միլիոն բնակիչ ունէր, այսօր նուազագոյն 70 միլիոն է. դարձած է աշխարհի առաջին 20 տնտեսութիւններէն մին, անշրջանցելի: Աւելցած է ասոր վրայ Պաքուի նաւթն ու կազը: Իսկ Ֆրանսայի մէջ գոյացած է 400.000նոց թրքական գաղութ մը, որ ոչ միայն 100%ով թուրք է, մէկ օրուան մէջ 25.000 ցուցարար կ՚իջեցնէ փարիզեան փողոցները, այլ նաեւ կը ղեկավարուի ուղղակի թրքական դեսպանատունէն: Մինչ մե՞նք… Ի՞նչ ընթացք կու տանք եթէ Հայաստանի դեսպանատունը ոչ թէ հրահանգ տայ, այլ թելադրութիւն մը ընէ. եթէ ընէ…: 
Ինչպէս կը տեսնենք, գրաւները շատ են մեր առջեւ: Թշնամին Անգարա չէ այլեւս, մեր դուռն է: Հայուն, հայ մամուլին թիրախները ոչ Հայաստանը, ոչ ալ Հայ Եկեղեցին կրնան ըլլալ. այլ տեղ պէտք է ուղղել մեր սլաքները: Բայց նախ, վերջնականապէս մեր վրայէն հանել ծագումով Հայու ցնցոտին, եւ հագ-
ւիլ ազգութեամբ Հայու, Ֆրանսայի կամ այլ երկրի քաղաքացիի տարազը: Այս պայմանով միայն կարելի է այս գաղութի մնացորդը փրկել, պահպանել: Ա՛յս պայմանով է որ կրնանք Ֆրանսահայութիւնը արթնցնել իր թմբիրէն, lame de fond մը ստեղծելով, եւ Եղեռնի 100ամեակը դիմաւորելով: 
ՃԻՇԴ ԸՆՏՐԵՆՔ ՄԵՐ ԹԻՐԱԽՆԵՐԸ։
 
Ստեփան Պօղոսեան
Մարսիլիա 
 

 

Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն