ԽՈՒՃԱՊԻ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍՈՂ ԿԱՐ, ՀԻՄԱ՞, ԿԵՂԾԻՔԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԼՌԵՆՔ


ԽՈՒՃԱՊԻ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍՈՂ ԿԱՐ, ՀԻՄԱ՞, ԿԵՂԾԻՔԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԼՌԵՆՔ

  • 04-04-2013 09:15:18   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 
Հրաչ Զարդարեան, նուազ ծանօթ անուն, բաղդատած Շահան Շահնուրի, վաթսուն տարի առաջ լոյս տեսած իր «Որբացող Մարդիկ» վէպով, «սփիւռքեան կացութիւն»ը համապարփակ կերպով պատկերացնելու միտող, կը ներկայացնէր մշակութային, լեզուական, բարքերու եւ շրջապատին մէջ լուծուելու պատկերներով բազմերես «Նահանջ»ը։
 
Գրեթէ ընկերային վերլուծումներու թատրոն մը։
«Նահանջ»ը, որ կը շարունակուի տարերային թափով։
Շահան Շահնուր կամ Հրաչ Զարդարեան, ազգի խուճապային թափահարումներուն մասին երէկ կը խօսէին։
Երբ կը խօսուի հարցերու մասին, կը նշանակէ, որ գիտակցութիւն կայ, նոյնիսկ վերականգնելու ցանկութիւն։ Ի՞նչ եզրակացնել, երբ չի խօսուիր։ Եղած նուազագոյնը եւ նուազողը փրկելու թափահարում, կամ ինքնարդարացում, աւերներու դարման չեն, ընդհակառակն, կը քանդեն յոյսը, վերականգնելու համար անհրաժեշտ կամքը եւ ուժականութիւնը։
Հին եւ նոր «սփիւռքներ»ը, ուր որ ալ գտնուին անոնք, կը տատանին «Հայկ»ի եւ «օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ի միջեւ ձգուած պարանի ճօճուող կամուրջին վրայ։ Հրաչ Զարդարեանի վէպը հարցադրումը ըրած էր, բայց ո՞վ ժամանակ պիտի տրամադրէր ընթերցանութեան այդ օրերուն, ո՞վ այսօր ժամանակ կը տրամադրէ, բաբախելու համար ժողովուրդներու խիղճը հանդիսացող մտաւորականութեան հետ, գրողներ, հրապարակագիրներ։ Տատանող կամուրջին վրայէն դէպի «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ» վազող զանգուածը տեւաբար կ’աճի, «Հայկ»ը լսողները կը նուազին։
Ինչպէ՞ս «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ականները արթնցնել, որպէսզի անոնք իրենց ստորակայութեան ախտէն դարմանուէին եւ այլեւս չըսէին. «Ես ինքզինքս բոլորովին ֆրանսացի կը զգամ եւ կը պատկանիմ ֆրանսական պաշտօնատարութեան։ Մինչդեռ եթէ Հայ ըլլայի կամ հայերէն խօսէի՝ շատ նուազած պիտի ըլլայի»։ Հրաչ Զարդարեանի հերոսուհին Ֆրանսա կը բնակի, նմանօրինակ պատասխան պիտի տար, եթէ բնակէր այլ երկինքներու տակ։ Նոյն ախտն է, որ կը կրծէ հայկական ընկերութիւնը։ Այս ախտաճանաչումը ընելէ ետք, իր անուան արժանի ղեկավարութիւնը պէտք է գիտնայ գործել առանց սպիտակ ձեռնոցներու, առանց տուրք տալու «էսթէպլիշմընթային» ճահճացումներու։
Ո՞ր հեռանկարին պիտի ծառայեն, կը ծառայեն, հայկական համարուած նախաձեռնութիւնները, եթէ անոնք պիտի շարունակեն արտադրել իրենց քաղաքացիի վիճակէն գոհ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ներ։ Առանց յոռետեսութեամբ մեղադրուելու, կը 
համարձակի՞նք հարցնելու, թէ մեր ժողովուրդի կէսէն աւելի սփիւռք(ներ)ի ո՞ր տոկոսը «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ» դարձած է, Փարիզ կամ Լոս Անճըլըս, Սիտնի կամ Պէյրութ։ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ով ազգի ո՞ր շարունակութիւնը կ’ապահովուի։ Տպաւորիչ եկեղեցական, կրթական կամ ակմբային համալիրներ կառուցողներ, երբ զանոնք պիտի բնակեցնեն «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ներով, ո՞ւր պիտի առաջնորդեն ազգը եւ անոր հատուածները։
Կը պատահի՞, որ «Հայկ»ը հրաւիրուի որոշում կայացնողներու ժողովներուն, իրենց զաւակները օտար վարժարաններու (չ)խնամքին յանձնող հին եւ նոր, մեծ ու պզտիկ քաղքենիներ կը պատահի՞ որ զրոյցի նստին «Հայկ»ի հետ, օտարախօսներ արտադրող հայ դպրոցներու պատասխանատուներ, օտարագիր հայածնունդներ, կը լսե՞ն «Հայկ»ը, երբ ան կ’ըսէ. « Ոեւէ մարդ իր կեանքին լաւագոյն պտուղը կու տայ ի՛ր ազգութեան պատկանելով, իր ցեղի լեզուն խօսելով, իր պապերու Աստուածին հաւատալով։ Ուղեղային ծալքերու, ներքնածոր գեղձերու ինչ որ բնախօսական տուեալներ գոյութիւն ունին, որով մարդը իր արտայատութեան հուսկ լրումին կը հասնի, ժառանգական պայմաններու զարգացումովը միայն»։
«Հայկ»ի հականահանջական ահազանգային մտածումը այսօր աւելի քան այժմէական է։ Այլազան «ղեկավարութիւններ»ը այդ ահազանգը իրենց օրակարգին վրայ արձանագրա՞ծ են։ Տակառային աղմուկի երգիչներով լեցուող սրահներուն մէջ գինովցողները «Հա՞յկ»ը կը լսեն, թէ՞ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ը։ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ի հետեւորդներուն առջեւ կարմիր գորգ փռողներ ո՞ր ազգային հեռանկարին կը ծառայեն։ Ինչո՞ւ չենք ուզեր տեսնել, որ «ծագումով հայ» ըլլալու կարծեցեալ իմաստութիւնը վերջնական անհետացման ճամբան կը հարթէ, կուշտ ըլլալու երջանկութեան համար։
«Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ի (չ)իմաստութիւնը կը դատարկէ հայ դպրոցները, մեր եկեղեցիներուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը բերէ Բաբելոնէն ժառանգուած տարբեր լեզուներով, կը դատարկէ Հայաստանը չվերադառնալու համար գաղթող երամներով։
Ինչպէ՞ս պիտի մեռցնենք մեր հոգիներուն մէջ խլիրդի պէս հաստատուած «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ը, որպէսզի այլեւս դադրինք հպարտանալէ, որ հայածնունդ մարդը Անգլիացիէն լաւ կը խօսի Շէյքսփիրի լեզուն, Արաբէն լաւ կը խօսի Մութանէպպիին լեզուն, ֆրանսացի ակադեմիկոսէն լաւ կը խօսի ֆրանսերէնը։ Իսկական փրկութիւնը պիտի չգա՞յ այն օրը, երբ ըսենք, որ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ներ աւելի լաւ հայերէն կը խօսին քան Յակոբ Կարապենցը կամ Համաստեղը։
Հարցում էր։ Ուղղուած մեծերուն, մեծատուներուն, փոքրերուն եւ համեստներուն։
Տրուած պատասխանէն պէտք է չափել եւ չափուիլ… «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»ի կամ «Հայկ»ի կանգունով։
Այս ընել՝ առանց ճապկումներու եւ սեթեւեթի… եթէ դեռ այդ ընելու առաքինութիւնը ունինք։ 
 
Յակոբ Պալեան
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play