Ապրիլ 9ի Հաշուեկշիռը


Ապրիլ 9ի Հաշուեկշիռը

  • 10-04-2013 02:01:44   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

 

Ոստիկանական բռնութիւններ, հրմշտուք, ձերբակալութիւններ, արիւնլուայ ցուցարարներ… այս բոլորը Ապրիլ 9ի իրադարձութիւններու արձանագրութեանց մաս կազմեցին:
Երկու երդում. մէկը՝ պաշտօնական, միջազգային քաղաքական ներկայացուցիչներու առջեւ, միւսը՝ «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, առաջինը մերժող ու երդուեալին հրաժարականը պահանջող:
Րաֆֆին պէտք է գնահատել, որ ի գին քաղաքական վարկի մեծ կորուստի, վճռականօրէն պահպանեց բախումներէ ու արիւնահեղութենէ խուսափելու իր մարտավարութիւնը:
Րաֆֆին, սակայն, յայտնապէս մեծ դժուարութեան մատնուեցաւ հասկնալի դարձնելու իր «յաղթանակ»ի մարտավարութիւնը ներկայ բազմութեան, որուն մէկ մասը, իւրօրինակ ըմբոստութիւն ցոյց տուաւ, երբ մերժեց հետեւիլ շարժումի առաջնորդին՝ դէպի Ծիծեռնակաբերդ իր երթին ընթացքին:
Րաֆֆին նոյնիսկ հասարակական ցանցերու մէջ ծաղրանքի ենթարկուեցաւ՝ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հետ իր բանակցութիւններուն պատճառով, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ ոստիկանութիւնը բարի եղաւ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընթրիքի աւարտին արտօնութիւն տալու ցուցարարներուն՝ քալելու Բաղրամեան պողոտայով:
Այսօրուան հաշուեկշիռը տակաւին կարելի չէ ամբողջականօրէն գնահատել: «Հիմա», այսօր, անմիջական լուծումներու իշխանափոխութիւն պահանջողները հաստատապէս յուսախաբութեան ենթարկուեցան: Այդ կարգախօսերով կտրուկ միջոցներ պահանջողներուն մէջ հաւանաբար կան նաեւ սադրիչներ, որոնք Րաֆֆիին անվճռական ըլլալը կ՛ուզէին ցոյց տալ բազմութիւններուն՝ զինք վարկաբեկելու յստակ միտումով:
Րաֆֆին ներկայացաւ իբրեւ այդ հարուածն ալ կրելու պատրաստ անձնաւորութիւն: Այսուհանդերձ, Րաֆֆին ալ վստահաբար առաւել գիտակից դարձաւ, որ այլեւս չի կրնար յետաձգել քաղաքական յստակ գործողութիւններու ծրագիրի մը մշակումն ու ժողովրդականացումը: Որեւէ ուշացում կրնայ ծանր հարուած հասցնել իր քաղաքական վարկին: Իր երբեմնի դաշնակից գործիչներէն մէկը երէկուան իրադարձութեանց լոյսին տակ զինք արդէն քաղաքական դիակի հաւասարեցուց:
Երէկուան դէպքերու գնահատականները ամբողջական դարձնելու համար պէտք է ըսել, որ նախագահի երդումի տուած Սերժ Սարգսեան տուաւ բազմաթիւ խոստումներ, որոնց նկատմամբ հաւատք ընծայելու պատրաստ չէ ոեւէ մէկը եւ, անշուշտ, իրաւունք ունի չհաւատալու: Եթէ Րաֆֆին վարկաբեկուի, եթէ ժողովրդային շարժումը տխուր վախճան ունենայ, այդ խոստումները ընդհանրապէս չեն կրնար իրականանալ եւ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու յոյսը վերականգնելու համար տիտանական նոր ուժի մը ծնունդին պիտի սպասենք: Տակաւին նախընտրելին՝ Րաֆֆիին օգնելն է, շարժումը կենսունակ պահելու առաջնահերթ խնդիրը լուծելն է:
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն