ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ


ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

  • 31-05-2013 13:00:29   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

Շաքէ Մանուկեան
 
Կրընոպլի եւ շրջակայքի Հայց. Առաքելական Ս. Գաբրիէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Բաբգէն Քհնյ. Ստեփանեանը եւ Ծխական Խորհուրդը ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած էին դէպի Երուսաղէմ, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 14էն 21. խումբը կը բաղկանար 34 հոգիէ, որոնց մէջ կային նաեւ ֆրանսացի տարեց վեց զոյգեր։
Այսպէս, Կիրակի առաւօտեան ժամը 6ին խումբը յատուկ հանրակառքով մեկնեցաւ Ժընեւ, ուրկէ՝ ժամը 11ին օդանաւով թռիչք առաւ դէպի Թէլ-Ավիվ, ուր հասաւ ժամը 16ին։ Մեզ դիմաւորող ֆրանսախօս հրեայ ուղեցոյց տիկնոջ մը առաջնորդութեամբ եւ յատկապէս զբօսաշրջիկներուն վերապահուած հանրակառքով մեկնեցանք Գալիլիոյ մայրաքաղաք Տիփերիա, ուր իջեւանեցինք «Գալիլ» պանդոկը։ Հոս կ՚արժէ նշել, թէ պանդոկը շրջապատուած էր կանաչազարդ տուներով, իսկ դիմացի բլուրներու վրայ շողացող գոյնզգոյն լոյսերը Ամանորեայ աստղերու նման մինչեւ առտու վառած կը մնային...։
Երկուշաբթի Ապրիլ 15ին նախաճաշեցինք Կափառնաում լիճի եզերքը, որ Քրիստոսէ առաջ եղած է հրէական ծաղկուն քաղաք մը, նաեւ ձկնորսներու կեդրոն։ (Յիշեցնենք, թէ յետագային Յիսուս ձկնորսներու ընդմէջէն կը գտնէ իր առաջին ձկնորս աշակերտները՝ Պետրոսը, Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ կը կատարէ բազմաթիւ հրաշքներ)։ Այնուհետեւ տեղւոյն վրայ այցելեցինք աւերակները Յիսուսէն 300 տարի առաջ կառուցուած հսկայական սինակոկին՝ Քրիստոսի ատեն վերանորոգուած եւ տարիներու ընթացքին երկրաշարժի պատճառով կրկին քանդուած: Կը մնան հրէական խորհրդանշաններով զարդաքանդակուած կոթողները: Սինակոկի շուրջ կը գտնուէին Ս. Պետրոսի եւ իր հետեւորդներու բնակարանի եւ եկեղեցւոյ աւերակները, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած արդի նոր եկեղեցին։ Այնուհետեւ մեկնեցանք Նազարէթ՝ Յիսուսի ապրած քաղաքը, ուր ներկայ բնակչութիւնը կազմուած է Արաբներէ, քրիստոնեաներէ եւ Հրեաներէ։ Քաղաքը խճողուած է, բազմահարիւր բնակչութեամբ՝ քանի մը յարկանի կարմիր երդիքներով սպիտակ շէնքերը շրջապատուած են՝ կանաչազարդ ծառերով։ Հոն կը գտնուին բազմաթիւ եկեղեցիներ, վանքեր, մենաստաններ, որոնցմէ ամենէն բարձր կոչում ունեցողը Յայտնութեան Տաճարն է։ Հոն էին մեծ թիւով կին ուխտաւորներ, որոնք ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէին եւ մոմեր կը վառէին։ Եկեղեցւոյ կողքին կը գտնուէր Ս. Յովսէփի տաճարը։
Ապա խումբը ուղղուեցաւ Նազարէթէն ոչ հեռու դէպի Գանա, հոն ուր Յիսուս կ՚իրագործէ իր առաջին հրաշքը՝ հարսնիքի մը առիթով ջուրը ընտիր գինիի վերածելով։ Կանայի մէջ կան երկու եկեղեցիներ. անոնցմէ մէկը յոյն օրթոտոքս, իսկ միւսը Հրաշքի եկեղեցին է, կառուցուած փրանկիսկեաններու կողմէ 1879ին՝ 6րդ դարէն եկեղեցւոյ մը աւերակներուն վրայ, սինակոկի մը վայրը, ուր տեղի կ՚ունենային պսակներ եւ ուր մինչեւ այսօր ալ կը կայանայ երիտասարդ զոյգերու պսակադրութիւնը։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին այցելեցինք Մասատա ամրոց-բերդը, կառուցուած Մեծն Հերոտի կողմէ, ն.Ք. 40-4 տարիներուն՝ պաշտպանուելու համար Երուսաղէմ գտնուող իր թշնամիներէն։ Դարերու ընթացքին բերդէն մնացած են միայն աւերակները՝ պալատներուն, աղօթատեղիներուն եւ ջերմուկային բաղնիքներուն։ Այնուհետեւ պտոյտ մը կատարեցինք Մեռեալ Ծով, որ իր շատ աղի ջուրով՝ դարման է մորթի զանազան հիւանդութիւններու։
Մենք այցելեցինք նաեւ Յորդանան գետը, վայելեցինք զմայլելի կանաչազարդ երկարամեայ ծառերու տեսարանները, ականատես եղանք ուխտաւորներու մկրտութեան՝ Յովհաննէս-Մկրտիչի աւանդութեամբ։ Յետմիջօրէին հանրակառքով մեկնեցանք դէպի Յոպպէ (Հայֆա). քաղաքը կառուցուած է Գարմէլ լերան ստորոտին, ունի շատ գեղեցիկ տեսարժան վայրեր, տարբեր ազգերու պատկանող տաճարներ, որոնցմէ մէկն է Պահայի տաճարը, իր ոսկեզօծ գմբէթով։ Բախտն ունեցանք նաեւ այցելելու հայկական թաղը, որու մօտ կը գտնուէր Ս. Եղիա մարգարէ եկեղեցին, ուր ընդունուեցանք հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրայր Քհնյ. Յովակիմեանի կողմէ։ Վերջինս բնիկ հայաստանցի է եւ 11 տարիէ ի վեր կը ծառայէ 100ամեայ եկեղեցւոյն եւ հայ համայնքին։ 1920 թուականին, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, մեծամասնութեամբ Ատանայէն Հայեր ապաստան կը գտնեն Հայֆա եւ կը վերաշինեն եկեղեցին, շնորհիւ մեծահարուստ արաբ Ապիատ Արքայացեղի բարերարութեան։ Այդ հոյակապ օրուան խորհուրդէն լիացած, երկու հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւորներու հետ միաձայն աղօթեցինք ու երգեցինք Հայր Մերը, որմէ ետք ճամբայ ելանք դէպի Երուսաղէմ։
Ապրիլ 18ին, ուխտաւորներս շարունակելով ճամբորդութիւնը, երեկոյեան հասանք Սուրբ Քաղաք՝ Երուսաղէմ: 
Մեզ առաջին տպաւորողը եղաւ Հին Քաղաքի բազմահարիւր եկեղեցիները, ժողովարանները, մզկիթները եւ պատմամշակութային վայրերը: Օդը հաճելի էր եւ փայլող արեւը կը ջերմացնէր հոգիները: Մեր առաջին հանգրուանը եղաւ Գեթսեմանիի շրջանը գտնուող Աստուածամօր Սրբարար եկեղեցին եւ քովի գերեզմանը: Խաչակիրներու ձեռամբ կառուցուած այդ եկեղեցին այժմ կը պատկանի Հայերու եւ Յոյներու: Հայկական կողմը՝ պատերը օժտուած են սրբապատկերներով, զորս մեղմօրէն կը լուսաւորեն կանթեղները, խորանները գեղեցկօրէն զարդարուած են: Մեզ ընդունեցաւ Հայրիկ Քհնյ. Սահակեան, որ մեր հոգեւոր հովիւին հետ կատարեց ոգեշունչ արարողութիւն մը: 
Գիշերը իջեւանեցինք «Ճերուզալեմ Կարտընզ» պանդոկը: Յաջորդ օր այցելեցինք Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարը, որ կը գտնուի Հայոց համանուն վանքի շրջապատին մէջ: Սրբոց Յակոբեանց վանքը կը գրաւէ Երուսաղէմի Հին Քաղաքի (պարսպապատ) հարաւ-արեւմտեան կողմը, Հայոց թաղամասին մէջ: 
Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարը կառուցուած է Յակոբոս Տեառն եղբօր տան տեղւոյն եւ Յակոբոս Զեբեդեան Գլխադիր Առաքեալի ու Յակոբոս Տեառն եղբայր Երուսաղէմի Ա. Եպիսկոպոսի շիրիմներուն վրայ: 
Համաձայն պատմական տուեալներու, Սուրբ Յակոբեանց վանքի եւ եկեղեցիի առաջին հիմնարկութիւնը կատարուած է Դ. դարուն, Մեծն Տրդատ Գ. արքայի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ժամանակ: Ներկայ տաճարի հնագոյն մասը կը համարուի հիւսիսային պատը, որուն երկայնքին կը գտնուին Ս. Յակոբ Գլխադիր Առաքեալի եւ Ս. Մինասի մատուռները: Անոնց հնութիւնը կ՚երթայ մինչեւ Ե. դար: Հինէն ի վեր, նոյնիսկ Ա. դարէն՝ տեղը պաշտամունքի վայր դարձած է:
Հայր Գուսան Աղճարեան դիմաւորեց մեզ, ամփոփ ծանօթութիւններ տուաւ վանքին մասին եւ մեզ առաջնորդեց Պատրիարքարան: Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան իր պատկառելի եւ բարձր հոգեւորականի կերպարով ողջունեց մեզ եւ հրաւիրեց տեղ գրաւելու: Պահը ջերմ ու յուզիչ էր: Կրընոպլի հոգեւոր հովիւը՝ Տէր Բաբգէն ներկայացուց ուխտաւորներու խումբը եւ անոնց կողմէ նուիրեց Կրընոպլի լեռները ներկայացնող գեղեցիկ կտաւ մը: 
Նուրհան Արք. իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ ամփոփ պատմականը ըրաւ Սուրբ Յակոբեանց տաճարի Ժառանգաւորաց վանքին, մշակութային կեդրոններու միաբանութեան եւ հայ համայնքին: Խոր ցաւ յայտնեց, որ ուխտաւորներու թիւը, մանաւանդ՝ Ֆրանսայէն, հետզհետէ կը նուազի: 
Տեղւոյն վրայ եղաւ հիւրասիրութիւն մը, եղան նաեւ խմբային նկարներ: Սրբազան Հօր օրհնութենէն ետք, հրաժեշտ առինք, դարձեալ հանդիպելու խոստումով: 
Այնուհետեւ, բախտը ունեցանք այցելելու հայկական թաղամասերը, յուշանուէրներու խանութները. հայկական «Պուլղուր» ճաշարանին մէջ հաճելի ճաշին ընթացքին՝ երգուեցան հայրենասիրական երգեր:
Այցելեցինք Բեթղեհէմի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Տեղւոյն միաբան հայրերը մեզ առաջնորդեցին Յիսուսի նուիրուած Ս. Խորանին ներքեւ գտնուող Ծննդեան քարայրը, որուն տակ զետեղուած է խորհրդանշական ոսկէ աստղ մը: 
Յիսուսի կեանքի ժամանակագրութեան հետեւելով, այցելեցինք Գեթսեմանիի պարտէզ, Ձիթենեաց լեռ: Ականատես եղանք հիասքանչ տեսարաններու՝ հին ձիթենիներու փայլող ծառերով եւ քաղցրաբոյր ծաղիկներով: 
Այցելութիւն մը կատարեցինք Ս. Դաւիթ Արքայի խորհրդաւոր գերեզմանը: Յիսուսի Վերջին ընթրիքի վայրը (Cénacle), ուր բազմաթիւ ուխտաւորներ լալով կ՚աղօթէին: 
Խոր զգացումներով քալեցինք Գողգոթայի տասներեք կայաններու երկարաձիգ, խորտուբորտ, քարքարոտ ճամբէն, որու աջին ու ձախին՝ բոլոր ազգերէ վաճառականներ յուշանուէրներ կը ծախեն: Այցելեցինք հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ հոյակապ շինութիւն մըն է. կը բովանդակէ Քրիստոսի եւ իր մօր չարչարանոց տեսարանը: Առիթը ունեցանք տեսնելու նաեւ՝ Աստուածածնին նուիրուած ֆրանսական Սէն թ՚Անն եկեղեցին ու հոն աղօթելու: Բազմահարիւր ուխտաւորներու բազմութիւնը կտրելով՝ յաջողեցանք մուտք գործել Սուրբ Յարութեան ամենահրաշալի տաճարը, անցանք հայկական եկեղեցւոյ ընդմէջէն: Մեր խումբէն շատեր կրցան մտնել Քրիստոսի Ս. գերեզմանը: Իսկ ուրիշներ, միեւնոյն հաւատքի զգացումով երկրպագեցին ու աղօթեցին անոր տապանաքարին վրայ: 
Ապրիլ 19ին, մեր մեկնումէն մէկ օր առաջ, խումբէն մաս մը մեկնեցաւ Ս. Յակոբայ վանք, ներկայ գտնուելու երեկոյեան արարողութեան եւ հրաժեշտ առնելու՝ միաբան հայրերէն քէսապցի Հայր Բարսեղ Վրդ. Գալէմտէրեանէն եւ միւս միաբաններէն: 
Մեր խումբէն Պետրոս Մանուկեան առիթը ստեղծեց այցելելու հայկական թաղամասին մէջ գտնուող հայկական ակումբներուն: 
Ծանօթացանք ՀԵՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի միութենական կեանքին եւ անոնց տարած ազգօգուտ աշխատանքին, յարգարժան ղեկավարութեան մը մականին տակ: 
Մեր ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասած էր: 
Կիրակի՝ Ապրիլ 20ին, Թէլ-Ավիվի օդակայանէն թռիչք առինք դէպի Ժընեւ, ուրկէ հանրակառքով՝ յետմիջօրէին հասանք Կրընոպլը, լիացած հաւատքով եւ հոգեկան գոհացումով:
Այս առթիւ, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր հոգեւոր հովիւ Բաբգէն Քհնյ. Ստեփանեանին, եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին եւ կազմակերպող յանձնախումբին՝ Հայկանոյշ Ալլէփէին, Ղուկաս Սիմոնեանին եւ միւսներուն:
Շ.Մ.  
 
ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն