Հայ Ժողովուրդին Թուական Աճը Հիմնական Անհրաժեշտութիւն Մը


Հայ Ժողովուրդին Թուական Աճը Հիմնական Անհրաժեշտութիւն Մը

  • 10-06-2013 14:31:45   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն
Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, երբ պետականութիւն, պատմաբաններ, կազմակերպութիւններ, ղեկավարներ, պատասխանատուներ, անհատ ազգայիններ կամ պարզ հայեր պատրաստուելու վրայ են լաւագոյն կազմակերպութեամբ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, կը տարուինք կատարելու հետեւեալ հիմնական հարցադրումը. նպատակային, շօշափելի արդիւնաւորութիւն ունենալիք ո՞ր մէկ ազդակը ամէնէն աւելի կշիռ պիտի ունենայ մեր գոյատեւումի պայքարին մէջ: 
 
Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան ու 20-րդ դարու սկիզբը, հայերու հանդէպ գործադրուած կոտորածներէն, բռնագաղթերէն ու մեծ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հայրենակիցները, վերապրումի գերագոյն զոհողութիւններով, յաջողեցան վերականգնել իրենց ընտանեկան, ընկերային, կրթական ու մշակութային կեանքը այն գաղութներուն մէջ, ուր հանգրուանած էին: Չենք խօսիր աշխարհի փոքր ու մեծ այն երկիրներուն կամ քաղաքներուն մասին, ուր հաստատուած անհատ հայեր կամ նոյնիսկ փոքրաթիւ հայ խմբաւորումներ, հետզհետէ կորսնցուցած են իրենց պատկանելիութիւնը, եւ առյաւէտ կորած հայութեան համար: Խօսքը կը վերաբերի հայահոծ կամ յարաբերաբար ստուար գաղութներու մասին, ինչպէս՝ Սուրիա, Լիբանան, Ֆրանսա, Անգլիա, Միացեալ Նահագներ, Քանատա, Արժանթին, Պրազիլ, Ուրուկուէյ, Եգիպտոս, Իտալիա, Ռուսաստան, եւլն.: Ասոնցմէ շատեր, ոչ միայն բաժին կը վերցնեն տեղական, հասարակական կեանքէն ներս, այլ յառաջ կը տանին ազգաշէն ծրագիրներ: Յիշատակենք, այս առիթով, հայկական դատի ուղղութեամբ ձեռք ձգուած պատուաբեր որոշումնագրեր, մինչեւ իսկ՝ Ցեղասպանութեան պետական, պաշտօնական ճանաչում 1965-էն սկսեալ աւելի քան երկոտասնեակ մը երկիրներու կողմէ: Գնահատելի եւ յոյժ գովելի են այս բոլորը: 
 
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, ի տարբերութիւն նախորդող աւելի քան մէկ ու կէս տասնամեակին, վերջին երեք տարիներու ընթացքին նուազում չէ արձանագրած Հայաստանի բնակչութեան թիւը: Ազգային մեր գերագոյն շահերը կը թելադրեն, սակայն, որ Հայրենի բնակչութեան թուաքանակը շօշափելի կերպով աճի մօտիկ ապագային: 98 տարիներ անցած են Հայոց Ցեղասպանութենէն, եւ սակայն դանդաղ է այս ուղղութեամբ թափուած շօշափելի, արմատական արդիւնաւորումը մեր պահանջատիրութեան ուղղութեամբ: Ահաբեկիչ պետութիւնը՝ Թուրքիան, այսօր հզօր պետութիւն դարձած է, ու Միջին Արեւելեան շրջանին մէջ՝ կարեւոր դերակատար: Շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին, յենուելով զարգացող իր տնտեսութեան ու զօրաւոր բանակին վրայ, անիկա կ’ուրանայ իր դահիճի դերը՝ դիւանագիտական լայնածաւալ նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ տեղական ու միջազգային հակազդեցութիւններով: 
 
Շուրջ 10 միլիոն հաշուող փոքրաթիւ հայութեան կը մնայ, իր վերոյիշեալ աշխատանքներուն մէջ, այսուհետեւ շեշտը դնել հայ ժողովուրդի թուաքանակի բարձրացման վրայ: Այս նպատակակէտին արդիւնաւորումը մասնաւոր իմաստ պիտի ունենայ յատկապէս Հայաստանի մէջ: Հայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ, լրջօրէն մտահոգուելու է իր հայրենիքի բնակչութեան սակաւութեան թիւով: Հայրենի իշխանութիւնները, ի մասնաւորի, ծրագրեալ եւ առաջնային իրենց նպատակակէտը դարձնելու են հայ ժողովուրդի թուային բարձրացումը: Բնականաբար, նախապէս ստեղծուելու է բարենպաստ ենթահող ու միջավայր, նման արդիւնաւորման հասնելու համար: Տնտեսական ծաղկում յառաջ բերելու համար, գործ հայթայթուելու է զանգուածներուն: Առարկութիւնները կամ ինքնարդարացումի պատճառաբանութիւնները ընդունելի չեն: Հայաստանի մէջ գոյատեւող ժխտական բոլոր երեւոյթները անձնազերծուելու են: Փորը անօթի զինուորը ո՛չ ինքնապաշտպանութեան եւ ոչ ալ յարձակումի ատակ է. ի սկզբանէ վիժած է անոր զինուորական դերակատարումը: Կտրուկ կերպով, միանգամընդմիշտ առաջքը առնուելու է զանգուածային արտագաղթին: 
 
Միաժամանակ, Արցախի զօրացումը եւ ինքնապաշտպանութիւնը անյետաձգելի թիւ մէկ օրակարգը դառնալու է հայրենի պետութեան: Անոր անկախութիւնը ձեռք ձգուեցաւ շուրջ 22,000 մարտիկներու արեան յեղումով, ու մենք վերատիրացանք այդ շրջանի պատմական մեր հողերուն: Օգտուելու է ցարդ մեզի ընծայուած անփոխարինելի թիկունքէն, միաժամանակ վստահելով միայն տեղական հայորդիներով կազմուած քաջարի բանակին: 
 
Լեռնային Ղարաբաղը, Հայաստանի մէջքին, կը զօրացնէ հայրենի ընդլայնուած ցամաքամասին դիմադրականութիւնը: 
 
Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակին, մեր պահանջատիրութեան կողքին, եւ իբրեւ անոր լրացուցիչ, երկու հիմնական եւ առաջնային նպատակակէտեր այսուհետեւ մեր առօրեայ օրակարգին մաս կազմելու են.- 
 
1.- Բարձրացնել հայաբնակչութեան թուաքանակը հայրենիքի մէջ: 
 
2.- Զօրացնել Արցախի պաշտպանութիւնը, տեղի չտալով միջազգային պարտադրութեանց: Իրականացնելու համար վերոյիշեալ երկու նպատակակէտերը, ստեղծուելու են բարենպաստ, անհրաժեշտ պայմաններ ու տնտեսութեան բարելաւում՝ բարձր գործազրկութեան վերջ տալով: Արգելակել արտագաղթը Հայաստանէն: Եկէք ազգովին լծուինք վերոյիշեալ առաջնային եւ անյետաձգելի նպատակներու իրականացման եւս: 
 
Լոս Անճելըս 
Ռամկավար Մամուլ Յունիս 10, 2013 
 
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն