Գրիգոր Քէօսէեանի վաստակը երգիծանկարչական ասպարեզում


Գրիգոր Քէօսէեանի վաստակը երգիծանկարչական ասպարեզում

  • 09-07-2013 15:00:45   | Ֆրանսիա  |  Մշակույթ
 
Սփիւռքահայ գրականութեան ծանօթ անուն է Գրիգոր Քէօսէեան. գրող, խմբագիր, գիրքերու հեղինակ… բայց թերեւս նուազ ծանօթ է երգիծանկարիչի իր երեսակը: Եւ նորութիւն չէ այս երեւոյթը, քանի երգիծանկարչական ասպարէզի անոր վաստակը կ՚երկարի մինչեւ 1950ականներու երկրորդ կէսը: 
Այսօր, Քէօսէեան «Երգիծանկարներ-Caricatures» (Պոսթըն 2013) խորագրեալ 88 էջնոց իր այս հատորով մեզի կը ներկայացնէ գեղեցիկ ծաղկաղաքաղ մը ա՛յդ ոլորտի իր ստեղծագործութիւններէն: Երեք բաժնի մէջ՝ Դէմքեր, Ազգային-Ընդհանուր եւ Այլազանք, դասաւորուած են իր գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ երգիծանկարները, որոնց հերոսները յաճախ հեղինակին ապրած ու հետեւաբար ստեղծագործած միջավայրին ազգային ծանօթ դէմքերն են, բայց հոն ներկայ են համազգային դէմքեր ալ. բնականաբար կան նաեւ ազգային կարեւոր դրուագներ, իրադարձութիւններ ցոլացնող երգիծանկարներ: 
Հատորին կողքի ներքին երեսին Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան կը գրէ՝ «Գրիգոր Քէօսէեան իր նախորդ հրատարակութիւններով՝ «Գառզու — Մոգական Աշխարհի Մը Նկարիչը» (1982), «Գիր եւ Գիծ» (1998), եռահատոր «Նամականի Շահան Շահնուրի» (2001, 2004 եւ 2006), «Պրիսմակին Գոյները» (2009), հանրութեան ներկայացած էր որպէս՝ արուեստաբան եւ արուեստագէտ, կշռութաւոր խօսքով յօդուածագիր ու խմբագիր, որուն տեսածիրը չէր սահմանափակուեր միայն ազգային հարցերով եւ կը շօշափէր աշխարհն ու մարդկութիւնը յուզող նիւթեր, թատրոնի եւ գեղանկարչութեան նուրբ քննադատ, ապա նաեւ ուսումնասիրող, որ բանասիրութեան կալուածին մէջ կը դեգերէր լուսարձակով մը, որ միայն ի՛րը կրնար ըլլալ:
Առատ շնորհներով օժտեալ՝ անոնցմէ բաժին հանած էր ազգային-հասարակական գործունէութեան եւ հայ գիրքին ու գիրին, Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի հաստատուէր վարելու համար խմբագրութիւնը «Պայքար» շաբաթաթերթին եւ ապա ամսագրին, միշտ պահպանելով խիզախութեամբ համեմուն կոճկուածութիւն մը, զսպութիւն մը, լրջութիւն մը, որոնց աստիճանական անհետացման ականատեսը կը դառնանք այս օրերուն:
Եւ ահաւասիկ նոր հատոր մը, որ այս անգամ կը լուսաւորէ իր երգիծանկարչական երակը, որ ուշագրաւ է եւ իրեն համար կ՚ապահովէ իւրայատուկ տեղ մը հայկական յարաբերաբար վտիտ երգիծանկարչութեան մէջ:
Քէօսէեանի երգիծանկարչական գործերուն հանրագումարը չէ այս մեծադիր հատորը, որուն դուռները փակ պահուած են մամուլով հրապարակուած զանազան այլ երգիծանկարներու առջեւ: Սակայն այդ բացթողումներով հանդերձ, հոս կը գտնենք հիմնական էատարրերը Քէօսէեանի երգիծանկարչական աշխարհին, որ զուսպ, նուրբ այլ հատու գիծերով ու շեշտերով հաշտ ու համերաշխ կը կանգնի րնկերային մարդուն, սրտցաւ եւ հայրենասէր Հայուն, ինչպէս նաեւ մարդասէր աշխարհաքաղաքացիին վերոնշեալ գիրերու եւ գիրքերու բազմաշերտ աշխարհի կողքին»:
Իսկ հեղինակը իր իսկ ստորագրած Ներածականին մէջ կ՚ըսէ, ի մէջ այլոց. 
«Երգիծանկարներու այս գիրքը - տետրը - պայմաններու բերումով կը մնայ վտիտ եւ նիհար: Այսուհանդերձ ան չի դադրիր յատկանշական ըլլալէ, դրսեւորելով իր ժամանակի ազգային կեանքի կարգ մը դէմքերը եւ երեսակները: Երգիծանկարչութեան, ինչպէս եւ երգիծանքի ու հիւմըրի հանդէպ զօրաւոր հակում մը մէջս զգալի դարձած էր պատանեկան տարիներուս, յետագային զիս առաջնորդելով տոմսակագրութեան, որպէս առաջին գրական փորձ: Տոմսակներուն զուգընթաց - «Զարթօնք» օրաթերթի Արամը - երեւցան սկզբնական երգիծանկարներս, աւարտած ըլլալով ֆրանսական դպրոցի մը ընդհանուր եւ զուարթախոհ գծագրութեան դասընթացքները: Արա ծածկանունով եւ Ընկեր Կարոյի Արկածները ընդհանուր խորագիրով լոյս տեսած պատկերաշարը կարելի է համարել գծագրային նախափորձեր: Գիրով թէ գիծով այս մղումս պարտական եմ հայ հեղինակներէն առաւելաբար Երուանդ Օտեանի, Յակոբ Պարոնեանի կողքին, նաեւ Սարուխան երեւոյթին, որուն հանդէպ պատանեկան տարիներուս հիացումս սահման չունէր: Ան զիս խանդավառեց եւ հրահրեց, իսկ յետագային անձնական ծանօթութեամբ իրարու պիտի կապուէինք հարազատ բարեկամութեամբ: Զարմանալի չէ ուրեմն, եթէ սկզբնական կարգ մը գծագրութիւններս կը կրեն հետքը (գիծերու առատութիւն եւ մթնոլորտ) իր հանդէպ հիացումիս, նման մեր այն բանաստեղծներուն, որոնց առաջին գործերը Վահան Թէքէեանի շուքին ներքեւ մարմին առած էին:
Ընկերային բորբ տագնապները կը ստեղծեն հակազդելու անդիմադրելի մթնոլորտ, մասնաւորաբար երիտասարդներու մօտ արթնցնելով պայքարելու զօրաւոր պահանջը: Երգիծանքի շեղբերը նաեւ կը սրին կացութեան շիկացման համընթաց: Իմ պարագայիս ան թափ առաւ Պաղ Պատերազմի խորշակին ենթակայ՝ մեր ազգային-եկեղեցական բորբոքուն մթնոլորտին մէջ, որքան սուր այնքան ցաւալի: Պէյրութի մէջ ստեղծուած մեր անտանելի կացութեան ուղղակի հակազդեցութիւնն էր, իր կարգին, Սիմոն Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ հիմնուած «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, գործակցութեամբ տարբեր շրջանակներէ տագնապած եւ անկախամիտ երիտասարդներու: Երգիծանկարներուս ամենէն յատկանշականները գծուած են թերթին հետ գործակցութեանս առաջին երկու տարիներուն: Ապա՝ դադար, վերջ, եթէ նկատի չառնուին աւելի ուշ կարգ մը ծանօթ դէմքերու դիմանկարները, որոնք հի՜ն սիրոյ մը ցոլքերը կարելի է նկատել կամ թէ անդիմադրելի քմահաճոյքի մը խաղը: Ամէն պարագայի՝ հեռացած էի ազգային-քաղաքական երգիծանկարչութենէն:
Հատորը բաժնուած է երեք գլուխներու, առանց ժամանակագրական կարգի, ուր համախմբուած են «Գիր եւ Գիծ» եւ «Պրիսմակին Գոյները» խորագրեալ հատորներուս մէջ ամփոփուած գործերը, մամուլի մէջ մնացածները եւ անտիպներ: Այսուհանդերձ, ան «ամբողջական գործեր»ու հաւաքածոյ չէ: Այս հրատարակութեան մաս չեն կազմեր նաեւ, ի միջի այլոց, վաղ շրջանի խնդրայարոյց երգիծանկարները (Արա ստորագրութեամբ, «Զարթօնք» օրաթերթ, 1957-1958): Դուրս ձգուած է նաեւ վերջին 13 երգիծանկարներու շարքը, որ կը պատկերէ մեր մէջ «ընկերական» կոչուած շրջանակի մը անլուր գործելակերպը: Անոնցմէ տասնեակ մը լոյս տեսած էր «Անկախութիւն» պարբերաթերթին մէջ Պիծակ ստորագրութեամբ (1997 թուական, Պոսթըն), իրենց առաջին վիճակով, ամբողջացած՝ յետագային: Առաջին, ինչպէս վերջին, շրջանի երգիծանկարները պիտի պահեն իրենց վաւերագրականութիւնը իւրայատուկ բնագաւառներուն մէջ, հետեւաբար օր մը անոնց հրատարակութիւնը կը պատկանի մեր ժամանակներու ազգային-հասարակական կեանքը պատմագրողին: Միւս կողմէ, ցաւալի բացակայութիւն կը նկատեմ կորսուած եւ փճացուած անտիպներէն մասնաւորաբար բարեկամներէս՝ «Սասնայ Ծռեր» Սիմոն Սիմոնեանի, բանաստեղծ Վարուժան Պետիկեանի եւ «պուտտա» Անդրանիկ Փոլատեանի երգիծանկարները, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ:
Երգիծանկարչական ասուպային կեանքիս ընթացքին աշխատակցած եմ նաեւ լիբանանեան «Ալ-Սիասա» օրաթերթին եւ ֆրանսատառ մարզական «Match» շաբաթաթերթին: Անոնցմէ միայն երեք նմոյշներ կ՚երեւին հատորին վերջին էջերուն: Գործածած եմ Գրիգոր եւ Գօգօ ստորագրութիւնները, արաբերէնի պարագային՝ Ալ-Սիասա, թերթին անունով: Յարմար տեսնուեցաւ նաեւ բնագիրներու անգլերէն թարգմանութիւնը, մատչելի ըլլալու համար ամերիկահայ սերունդին:
Վերջապէս երգիծանկարներու այս հաւաքածոն, իր ամբողջութեան մէջ, պէտք է ընդունիլ որպէս սիրողական գործ: Համեստութիւնը բաժին չունի այս արժեւորումին մէջ»: 
 
«ՆՅ»
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play