Ցեղասպանությունը և մարդկության դեմ ոճիրը հոմանիշներ չեն


Ցեղասպանությունը և մարդկության դեմ ոճիրը հոմանիշներ չեն

  • 11-07-2013 17:42:57   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Բ.
 
Ժողովրդավարութեան վերադարձէն երկու տարի ետք՝ 1985ին, զինուորական վարչակարգին գլխաւոր պարագլուխները դատի տրւած են։ Այլոց շարքին, Վիտելա ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է, բայց 1990ին համաներումի օրէնքը զանոնք բանտէն ազատած է։ Վիտելա կրկին բանտարկուած է 1998ին, բայց այս պատիժը վերածուած է տնային կալանքի։ Յիշեալ համաներումը հակասահմանադրական հռչակուած ըլլալով 2006ին, ան կրկին դատւած ու 2010ին երկրորդ անգամ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է։ Դատի ընթացքին, նախկին նախագահը յայտարարած է. «Որպէս բարձրագոյն զինուորական իշխանութիւնը՝ ներքին պատերազմի ժամանակ, ես կը ստանձնեմ ամբողջական պատասխանատւութիւնը։ Ստորականերս հետեւած են իմ հրահանգներուս»։ 
Ինչպէս վերը տեսանք, ո՛չ ՄԱԿ-ի 1948ի Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը եւ ո՛չ ալ, բնականաբար, զայն կրկնող Հռոմի կանոնադրութեան 6րդ յօդուածը «քաղաքական խմբաւորում» մը կ՚ընդգրկեն ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացումի ենթարկուողներու շարքին։ Սակայն, կանոնադրութեան 7րդ յօդուածը կը յիշէ «քաղաքական դրդապատճառներ»՝ խմբաւորումի մը հալածանքին պարագային։ Զինուորական վարչակարգին բռնաճնշումները դատապարտուած են որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր՝ դատական մարմիններու կողմէ, քանի որ անոնց բովանդակութիւնը ճշդիւ կը համապատասխանէ Հռոմի կանոնադրութեան 7րդ յօդւածին ե)-թ) կէտերուն։ Այդ բռնաճնշումներուն զոհերը արժանթինեան ազգային խմբաւորումին, այսինչ էթնիկ խմբաւորումին, այնինչ ցեղային խմբաւորումին կամ այդինչ կրօնական խմբաւորումին պատկանելիութեան պատճառով չեն հալածուած, այլ՝ գաղափարախօսական-քաղաքական դրդապատճառներով։ (Առ ի բաղդատութիւն՝ եթէ 1915ին օսմանեան պետութեան նպատակը եղած ըլլար, օրինակ, ընդամէնը Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ (կամ) Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան բոլոր շարքայինները բնաջնջել եւ ո՛չ թէ հայ ժողովուրդը, այսօր ցեղասպանութեան մասին խօսելու իրաւունք պիտի չունենայինք)։ Ո՛չ իսկ կարելի է փաստարկել, որ այդ յանցագործութիւնները արժանթինեան ազգային խմբաւորումին մասնակի ոչնչացումը կը հետապնդէին։ Մէկ խօսքով՝ անոնք մարդկութեան դէմ ոճիրներ են, բայց ցեղասպանութիւն չեն՝ ըստ միջազգային իրաւունքի։ Հետաքրքրական է նշել, որ 2006ին Միկէլ Էչէքոլաց անունով ոստիկանապետ մը, որ 1976-77ին ձերբակալեալներու (ապա՝ անհետացած) 21 ճամբարներու պատասխանատու եղած է Պուէնոս Այրէս նահանգին մէջ, ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է «մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար, որոնք գործադրուած են ցեղասպանութեան մը ծիրին մէջ», ըստ դատավճռին։ Սակայն, այսպիսի ձեւակերպում (1976-83ի դէպքերուն «ցեղասպանութիւն» որակումը) առաջինն ու միակը եղած է՝ արժանթինեան դատական մարմիններու կողմէ։ Հաւանաբար նկատուած է, որ նմանօրինակ ձեւակերպում կը հակառակէր Հռոմի կանոնադրութեան, զոր Արժանթին վաւերացուցած էր 2001ին։ Իսկ եթէ նկատուած չէ, ամէն պարագայի՝ հակառակ էր։
Ի դէպ, արժանթինեան եւ լատինամերիկեան դատական մարմինները քանիցս նաեւ յիշած են Մեծ Եղեռնի «մարդկութեան դէմ ոճիր» յայտարարուած ըլլալը Մայիս 1915ին՝ որպէս նախընթաց ներկայ արծարծումներուն (1)։ 
Քաղաքական խմբաւորումներու դէմ բռնաճնշումները գիտական յատուկ անուն մը ունին՝ politicide («քաղաքասպանութիւն»), զոր 1988ին օգտագործած էին ամերիկացի մասնագէտներ Պարպրա Հարֆ եւ Թետ Կըռ՝ քաղաքական կամ գաղափարախօսական խմբաւորումներու դէմ կանխամտածւած ոճիրը անուանելու համար. «Ցեղասպանութիւնները եւ քաղաքասպանութիւնները քաղաքականութիւններու առաջադրումն ու գործադրումն են, որոնց արդիւնքը խմբաւորումի մը էական մէկ մասին մահն է՝ պետութեան մը կամ իր գործակալներուն կողմէ։ Ցեղասպանութիւններու եւ քաղաքասպանութիւններու տարբերութիւնը կը կայանայ խմբաւորումին անդամներուն այն յատկանիշներուն մէջ, որոնցմով անոնք կ՚անձնաւորուին (identifier) պետութեան կողմէ։ (...) 
Քաղաքասպանութեան մէջ, զոհերը հիմնականին կը սահմանուին անոնց նուիրապետական դիրքով կամ քաղաքական ընդդիմութեամբ վարչակարգի եւ տիրապետող խմբաւորման նկատմամբ»(2)։ «Մարդկութեան դէմ ոճիր» իրաւական ստորոգութիւնը (catégorie) համապատասխան է ա՛յս սահմանումին։
 
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ = ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՃԻՐ՝
ԸՍՏ ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ «ԻՐԱՒՈՒՆՔ»Ի
Սակայն, ինչ որ միջազգային իրաւունքն ու քաղաքական գիտութիւնները արդէն սահմանած են կարելի յստակութեամբ՝ անբաւարար կը թուի գաղափարական մասնաւոր կեցուածքներու գոհացում տալու։ Շուրջ վեց տարի առաջ, «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ «Յառաջ» օրաթերթին մէջ առանձին յօդուածով ընդարձակօրէն բացատրած էինք 1970-1980ական թուականներու Հարաւային Ամերիկայի քաղաքական իրավիճակին ծալքերը եւ մատնանշած՝ վերոյիշեալ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն, Մեծ Եղեռնի եւ այլ ցեղասպանութիւններու հաւասարեցման գործընթացը, դիտել տալով, որ մինչ ան, ըստ երեւոյթին,
Աւելի կը դիւրացնէ հայանպաստ յայտարարութիւններու եւ բանաձեւումներու որդեգրումը, եւ
Ճամբայ կը հարթէ հայկական ցեղասպանութեան քարոզչութեան ժողովրդային զանգուածներու մօտ,
Խորքին մէջ, qւելի կը դժուարացնէ «ցեղասպանութիւն» երեւոյթին բարոյական ու քաղաքական երեսակներուն բացայայտումն ու խորագնաց քննարկումը, եւ 
Վնաս կը բերէ ցեղասպանական արարքներու բնութագրումին ու հնարաւոր պատիժին(3)։
Վիտելայի մահը առիթ եղած է, որ Մայիս 30ին Պուէնոս Այրէսի «Գլարին» տարածուն օրաթերթը լոյս ընծայէր «Ցեղասպանի մը մահը մեզ կ՚առաջնորդէ խորհրդածութեան» խորագրուած նամակը՝ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ (նաեւ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ) Մարիօ Նալպանտեանի ստորագրութեամբ։ Առիթը յարմար էր՝ զուգահեռներ գծելու եւ Հայկական ցեղասպանութեան նիւթը արծարծելու երկրի ամենէն կարդաց-
ւող օրաթերթին մէջ։ Կու տանք ամբողջական թարգմանութիւնը (ընդգծումները մերն են).
«Ցեղասպան Վիտելայի մահը զիս գտաւ Պէրլին՝ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի ճանապարհին, ուր հիմա կը գտնուիմ։ Որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու զաւակ եւ անհետացածներու թոռ, լուրը ինծի ազդեց։ Քանի մը ժամէն անցած էի Պուէնոս Այրէս-Պէրլին-Երեւան եռանկիւնի անկիւններէն, վայրեր, ուր ցեղասպանութիւն բառը յատուկ իմաստ կը զգենու։ Յանկարծ, անուններ եւ թուականներ յաճախակի կը վերադառնային ինծի՝ Թալէաթ եւ Քեմալ Աթաթիւրք՝ Թուրքիա Հիթլէր՝ Գերմանիա, եւ Վիտելա՝ Արժանթին, ցեղասպաններ որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց ժամանակին բնաջնջման բիրտ համակարգային ծրագիր մը գործադրած էին, միեւնոյն նպատակով՝ ջնջել միւսը, ա՛ն՝ զոր տարբեր կը նկատէին։ Թուականներ. 1915, 1939(4), 1976։ Իրերայաջորդ ողբերգութիւններէն առաջինէն գրեթէ դար մը ետք, բռնաճնշումներուն պատասխանատուները քաղաքացիական քաջութեամբ ու քաղաքական վճռակամութեամբ դատուած են Արժանթինի մէջ, իսկ Վիտելա կը մեռնի հասարակ բանտի մը մէջ։ Գերմանիոյ մէջ, հսկայ Վիլի Պրանտի գլխաւորութեամբ, գերմանական պետութիւնը ներողութիւն խնդրած եւ նիւթապէս հատուցած է Ողջակէզին զոհերը։ Բայց ամէն ինչ տարբեր է Թուրքիոյ պարագային. ոճիրը անպատիժ կը մնայ եւ պետութիւնը կ՚իրագործէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, զոր կը փորձէ պարտադրել այլոց։ Այդ երկրին մէջ, պետական ղեկավարներ եւ հանրութիւնը կ՚այցելեն ցեղասպաններ Թալէաթի եւ Մուսթաֆա Քեմալի նուիրուած կոթողները։ Ցեղասպանին մահը մեզ անհրաժեշտաբար պէտք է առաջնորդէ խորհրդածելու, թէ ինչ գործ կատարուած է՝ նոր ցեղասպանութիւններ կանխելու համար, թէ միջազգային հանրութիւնը օրինական գործիքներ ստեղծած է եւ մարդկային իրաւանց մարմինները միջոցներով օժտած՝ մարդկութեան դէմ ոճիրներ կանխելու համար։
Մինչեւ ե՞րբ քաղաքական կամ առեւտրական պատճառներ յառաջ պիտի քաշուին՝ ժխտողական պետութիւններու լուռ ու մունջ ընկերանալու համար, նոր ոճիրներու գործադրութիւնը քաջալերելով այսպէս»։
Վիտելայի մահն ալ մեզ առաջնորդած է ներկայ խորհրդածութեան, որ պէտք է անդրադառնայ նամակին պարունակած պատմա-քաղաքական կարգ մը անճշդութիւններու՝ ի պէտս զարգացելոց։
Արդարեւ, ճիշդ է, որ 
1) Քեմալ Աթաթիւրքը գլխաւորած է Օսմանեան կայսրութեան հայ եւ յոյն բնակչութեան մաքրագործումը՝ Փոքր Ասիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ կատարուած ջարդերով, 1919-1922ին, առաւել՝ Արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան ջարդեր 1920ի հայ-թրքական պատերազմին ու անոր հետեւող ամիսներուն։
2) Քեմալի արարքները ցեղասպանական հոլովոյթին (որուն կեդրոնական արարը գործադրուած ու վերջացած է 1915-1917ին) լրացուցիչ մաս կազմած են։ 
Այսուհանդերձ, 
3) Ո՛չ մէկ փաստաթուղթ, որքան գիտենք, կ՚ապացուցէ, որ Քեմալ Աթաթիւրք 1915ի դէպքերուն Թալէաթի կողքին գործած ըլլայ։
4) Հետեւաբար, «Թալէաթ եւ Քեմալ Աթաթիւրք Թուրքիոյ մէջ» կամ «ցեղասպաններ Թալէաթ եւ Քեմալ Աթաթիւրք» գրել, իբրեւ թէ թուրք զոյգ պարագլուխները միասնաբար գործած ըլլային «1915»ին, պատմականօրէն սխալ է եւ քաղաքականօրէն վնասակար։ 
 
(1) Տե՛ս Diego A. Dolabjian, “El Genocidio Armenio en la condena a los delitos de lesa humanidad”, Armenia, 23 de abril de 2009.
(2) Barbara Harff and Ted R. Gurr, «Toward Empirical Theory of Genocides and Politicides,» International Studies Quarterly, 37, 3, 1988, p. 360.
(3) Վարդան Մատթէոսեան, «Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Լատին Ամերիկայի մէջ (թռուցիկ ակնարկ)», Հայրենիք, Դեկտեմբեր 22-29, 2007. Յառաջ, Յունուար 11 եւ 12-13, 2008։
(4) Ինչո՞ւ 1939։ Արդեօք որովհետեւ Հիթլէր Բ. աշխարհամարտը սկսած է Լեհաստան ներխուժումո՞վ։ Ինչպէս յայտնի է, Շոայի «վերջնական լուծում»ի հանգրուանը, այսինքն՝ հրեայ ժողովուրդի անվերադարձ ոչնչացումը, սկսած է 1942ին։ 
(Շար.2)
 
ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն