Կեղծաւորութիւն (Hypocrisy), Պատեհապաշտութիւն եւ Մասամբ Նորին


Կեղծաւորութիւն (Hypocrisy), Պատեհապաշտութիւն եւ Մասամբ Նորին

  • 12-07-2015 23:41:08   | Հայաստան  |  Վերլուծություն
 
Վերջին օրերուն շատ մելան եւ բամբասանք հոսեցաւ ու Ֆէյսպուքեան սթաթուսներ լեցուեցան Ժիպէյլի Թռչնոց Բոյնին հետ կապուած լուրերով:
 
Համաձայն ըլլալով հանդերձ այն փաստին, թէ նման պատմական գերեզմաններու արժէքն ու կարեւորութիւնը իրենց հարազատ ու համեստ վայրին մէջ պահելուն մէջն է, մեզի համար նոյնքան հասկնալի են սփիւռքեան տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ ազգային հաստատութիւն մը կանգուն պահելու եւ անոր գոյատեւումը երաշխաւորելու եւ ինչու չէ զայն վերանորոգելու եւ աւելի եւս բարեկարգելու համար անոր հոգաբարձութեան կամ պատասխանատուներուն առած գործնական ու իրապաշտ քայլերը:
 
Հոս կը մնայ հարց տալ հետեւեալը, թէ այս նիւթով խնդիր յարուցող մեր «մտահոգ, ազգասէր ու աւանդապաշտ» ազգայիններէն քանի՞ հոգին ներկայ վայրին մէջ յաւէտ հանգչող անմեղ որբուկներուն եւ անոնց երախտաւոր պատասխանատուներուն գերեզմաններուն վրայ մոմ մը վառած է եւ խունկ ծխած, հոն շիրմաքար մը կանգնել մտածած է կամ քոնէ գիտէ անոնց այսօրուան ճշգրիտ վայրը... կամ քանի՞ հոգին լումայ մը նուիրած է Թռչնոց Բոյնին առօրեան կամ գոյատեւումը ապահովելու...:
 
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play