ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.«Իսլամական Պետութենէն» Ձերբազատելու Համար, Թուրքերը Նախ Պէտք Է Էրտողանէն Ազատին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.«Իսլամական Պետութենէն» Ձերբազատելու Համար, Թուրքերը Նախ Պէտք Է Էրտողանէն Ազատին

  • 11-09-2015 14:09:45   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Թուրքիան ոչ միայն հրաժարած է միանալէ ՆԱԹՕի իր դաշնակիցներուն «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին, այլ՝ վերապատրաստած, զինած եւ աջակցած է հազարաւոր ահաբեկիչներու ներթափանցման Սուրիա եւ Իրաք:
 
Բրիտանական «Կարտիըն» պարբերականը յայտնեց, որ Մայիսին, երբ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ուժերը Արեւելեան Սուրիոյ մէջ շրջապատեցին եւ սպաննեցին «Իսլամական պետութեան»ի ղեկավար Ապու Սայիաֆը, յարձակման ժամանակ գրաւուած փաստաթուղթերը բացայայտեցին Անգարայի սերտ համագործակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» հետ:
 
Հարիւրաւոր յօդուածներ հրապարակուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ՝ նկարագրելով «Իսլամական պետութեան» ցուցաբերած թրքական աջակցութեան մանրամասնութիւնները: Տանիէլ Փայփս, «Ուաշինկթըն Թայմզ»ի մէջ հրապարակուած «Թուրքիոյ Աջակցութիւնը «Իսլամական Պետութեան»» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ, որ «Թուրքերը աւելի շատ բաներ տրամադրած են, քան պարզապէս սահմանի հատումը. անոնք ապահոված են «Իսլամական պետութեան» եկամուտի, մատակարարումներու, վերապատրաստման եւ զէնքի առիւծի բաժինը»: Փայփս նաեւ բացայայտած է, որ «Իսլամական պետութեան» վիրաւոր զինեալները բուժուած են թրքական հիւանդանոցներու մէջ, եւ Թուրքիան «Իսլամական պետութեան» վճարած է 800 միլիոն տոլար՝ քարիւղի ապօրինի առաքման համար:
 
Փոխնախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին հաստատեց Թուրքիոյ կործանարար դերը իսլամիստ ահաբեկիչներու աջակցութեան գործին մէջ. Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Էմիրութիւնները «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ հազարաւոր թոն զէնք նուիրած են բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին Ասատի դէմ։ Այդ օժանդակութիւնները ստացողները «Նուսրա», «Քաիտա» խմբաւորումներէն էին եւ աշխարհի տարբեր մասերէ եկած ճիհատական ծայրայեղական տարրեր էին»: Փոխնախագահը նաեւ բացայայտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մասնաւոր զրոյցի մը ընթացքին իրեն ըսած է. «Դուք ճիշդ էիք: Մենք շատ շատերուն թոյլ տուինք անցնիլ»: Պայտըն յետագային
 
ներողութիւն խնդրեց իր հրապարակային ելոյթին համար, որպէսզի մեղմացնէ Էրտողանի զայրոյթը:
 
Միչըլ Փրոթերօ McClatchyDC.com կայքէն, Օգոստոս 24ին ապշեցուցիչ բացայայտումով տեղեկացուց, որ թրքական հետախուզութիւնը ահազանգած էր իսլամիստ ահաբեկիչներուն, որ ամերիկեան վերապատրաստում ստացած խումբ մը զինեալներ կը պատրաստուին Թուրքիայէն անցնիլ Սուրիա: 500 միլիոն տոլար արժող ամերիկեան վերապատրաստման ծրագիրի 54 շրջանաւարտներէն շատերը ժամանելնէն անմիջապէս ետք «Քաիտա»ի Նուսրա ճակատին կողմէ կանգնեցուեցան եւ առեւանգուեցան։
 
Անցեալ ամիս, երբ Թուրքիան վերջապէս համաձայնեցաւ միանալ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին եւ «թոյլ տուաւ» Միացեալ Նահանգներուն Ինճիրլիքի ռազմակայանէն հրթիռակոծել «Իսլամական պետութեան» թիրախները, ամերիկացի պաշտօնեաներու նախնական ցնծութիւնը վերածուեցաւ սոսկումի, երբ անոնք հասկցան, որ թրքական ռազմական առաջնահերթութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը, այլ ոչ թէ «Իսլամական պետութիւն»ը հարուածելն էր: Թուրքիան, հարուածելով քիւրտ գրոհայինները, ըստ էութեան, կ՛օգնէր «Իսլամական պետութեան», քանի որ քիւրտերը ԱՄՆի միակ վստահելի ռազմական գործընկերներն էին այդ տարածքին մէջ:
 
Ուզելով խոչընդոտել անկախ Քիւրտիստան ստեղծելու քիւրտերու վաղեմի երազանքը, քիւրտերու դէմ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ լայնածաւալ արիւնալի յարձակումներ սանձազերծելով, Էրտողան յոյս ունի, որ Նոյեմբեր 1ին թուրք ընտրողները պիտի օգնեն իրեն վերականգնելու իր կուսակցութեան այս տարուան Յունիսի ընտրութիւններուն կորսնցուցած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Ի դժբախտութիւն Էրտողանի՝ քիւրտերու դէմ յարձակումները բացասական արձագանգ գտան շատ թուրք քաղաքացիներու մօտ, որոնք կորսնցուցած էին բանակին մէջ ծառայող իրենց սիրելիները՝ պարզապէս նախագահի քաղաքական վարկանիշը բարձրացնելու համար։ Յուսահատութեան մէջ յայտնուած Էրտողան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կրնայ դիմել եւս մէկ հնարքի: Տեսնելով, որ քիւրտերու ռմբակոծումը չի ստեղծեր ակնկալուող հանրային աջակցութիւն՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ան կրնայ հրամայել զանգուածային յարձակումներ ձեռնարկել քիւրտերու դէմ ամբողջ Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ: Իսկ ապա իբրեւ պատրուակ օգտագործելով քաղաքացիական պատերազմը՝ արտակարգ դրութիւն հաստատել, կասեցնել խորհրդարանը եւ կառավարել կղերապետական օսմանեան սուլթանի երկաթէ բռունցքով։
 
Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕի իր դաշնակիցները պարտաւոր են հնարաւոր ամէն ինչ ընել կանգնեցնելու իրենց իսկ ստեղծած հրէշը, մինչ ան պիտի ոչնչացնէ ամէն ինչ իր ճանապարհին: Էրտողան լուրջ սպառնալիք է իր սեփական քաղաքացիներուն՝ թուրքերուն, քիւրտերուն եւ այլոց համար, ինչպէս նաեւ ապակայունացնող ուժ է
 
ամբողջ տարածաշրջանին համար: Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ քիւրտ բնակչութեան վրայ վայրագ յարձակումները լաւագոյն փաստն են, թէ ինչո՛ւ քիւրտերը արժանի են անկախ պետութեան եւ չեն կրնար այլեւս հանդուրժել թրքական դաժան վարչակարգը։
 
Օպամայի վարչակազմը պէտք է հետեւի Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան եւ 2005-2009 թուականներուն պաշտպանութեան փոխնախարար Էրիէ Էտըլմընի իմաստուն խորհուրդին: «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ Օգոստոս 27ին հրապարակուած իր յօդուածին մէջ Էտըլմըն կ՛առաջարկէ, որ Միացեալ Նահանգներ «Սահմանափակէ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը բարձր մակարդակի հանդիպումներուն, կրճատէ հետախուզական համագործակցութիւնը եւ մերժէ ամերիկեան աջակցութիւնը Թուրքիոյ միջազգային նիւթական հաստատութիւններու մէջ: Այս եւ շատ այլ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, մինչեւ Նոյեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները:
 
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրական խորհուրդը Օգոստոս 31ի խմբագրականին մէջ Էրտողանի քաղաքական հնարքները բնութագրեց իբրեւ փորձ՝ «փրկելու իր յաւակնութիւնները՝ մենատիրական կառավարումը եւ մեծապէս ընդլայնուած լիազօրութիւնները շարունակելու համար»:
 
Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան հիմնախնդիրը սահմանափակելու, այդ երկիրներուն մէջ կայունութիւնը վերականգնելու եւ Թուրքիոյ մէջ աճող արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար, թուրք ժողովուրդը պէտք չէ արտօնէ, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը վերականգնէ իր կորսնցուցած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը։
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play