Հայերէն Ընթերցասիրութիւնը. Խնդիրներ եւ Մարտահրաւէրներ


Հայերէն Ընթերցասիրութիւնը. Խնդիրներ եւ Մարտահրաւէրներ

  • 21-10-2015 18:03:10   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

Գիրքը Որպէս Արտադրութիւն
 
Գիրքը որպէս սպառողական ապրանք, ինչպէս որեւէ այլ արտադրութիւն, կ՛ենթարկուի արտադրութեան եւ պաhանջքի (supply& demand) օրէնքներուն:
Հակառակ այն իրականութեան, որ անգրագիտութեան երեւոյթը բաւական նուազած է Հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ, Հայերէն գիրքի hրատարակութեան ճարտարարուեստը եւ hոն օգտագործուող թեքնիքը տակաւին բաւականին տկար են ու անբաւարար, hամեմատած ուրիշ ժողովուրդներու գիրքերու արտադրութեան ճարտարարուեստին: 
Իւրաքանչիւր մէկ միլիոն անձի hամեմատութեամբ hրատարակուած գիրքանուններու թիւը մեր մօտ շատ աւելի նուազ է՝ քան քաղաքակրթուած ազգերու արտադրած գիրքանուններու թիւը: 
Եթէ ընդունինք այն կէտը, թէ գիրքը որպէս սպառողական ապրանք՝ կ՛ենթարկուի արտադրութեան եւ պաhանջքի օրէնքներուն, այսինքն չ՛արտադրուիր եթէ պաhանջքը չկայ, պիտի տեսնենք, որ կարգ մը Հայ աղբիւրներու տուած պատճառաբանութիւնը, թէ ելեկտրոնային սարքերու գոյութիւնը, hամակարգիչի գոյութիւնը եւ արhեստագիտութեան սրընթաց զարգացումը բացասական երեւոյթներ են կամ պատճառներ՝ hայ ժողովուրդի մօտ ընթերցասիրութեան եւ hետեւաբար գիրքի պաhանջքի նուազումին, այնքան ալ ճիշդ չէ, նամանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ Հայաստանի մէջ օրինակի hամար, ըստ վերջին տուեալներուն (մէկ տարուան հաշուարկով), հոն ապրող բնակչութեան իւրաքանչիւր մէկ միլիոն անձի hամեմատութեամբ hրատարակուած է 105 անուն գիրք, երբ համացանցի (Internet) օգտագործող անձերուն թիւը կը կազմէ Հայաստանի բնակչութեան 4% տոկոսը: Մինչ օրինակի համար երբ Ճափոնի մէջ համացանց օգտագործող անձերուն թիւը կը կազմէ բնակչութեան 40% տոկոսը (ուր օգտագործուող ելեկտրոնային սարքերու եւ hամակարգիչներու թիւերու hամեմատութիւնը եւ արhեստագիտութեան զարգացումը կարելի չէ ո՛չ մէկ ձեւով բաղդատել Հայաստանի hետ), հոն hրատարակուող գիրքի անուններու թիւը (միեւնոյն տարուան տուեալներով), մէկ միլիոն բնակչութեան hամեմատութեամբ եղած է 450 անուն գիրք... այսինքն՝ քառապատիկ աւելին քան Հայաստանի մէջ hրատարակուած գիրքերու թիւին hամեմատութիւնը:
Անձնական hետաքրքրութեամբ կատարած այցելութիւններովս գրախանութներու, գիրքերու ցուցաhանդէսներու եւ գրադարաններու, ինչպէս նաեւ hիմնուելով ծնողներու եւ ուսուցիչներու hետ փոխանակած խօսակցութիւններուս արդիւնքներուն վրայ, ինծի hամար յստակ է այլեւս, թէ տարբեր տարիքներու ճաշակներն ու hետաքրքրութիւնները գոhացնող hայերէն գիրքերու զանազանութիւն մը գոյութիւն չունի hրապարակին վրայ, իսկ ամենակարեւորը գոյութիւն չունի որպէս արտադրութիւն, գիրքի վաճառունակութեան (marketing) ոչ մէկ սերտուած ու գիտական ձեւ:
Շատ յաճախ hայերէն գիրքեր կը hրատարակուին՝ hրատարակուելու սիրոյն, տրցակներով դիզուելու hամար hրատարակող ազգային hաստատութեանց ամբարներուն մէջ: Գրասէր անhատներու մեկենասութիւնն ու այլ բարեսիրական hաստատութիւններու նիւթական մեծ ներդրումներն ալ կը վատնուին այս ձեւով:
Հետեւաբար եթէ դարձեալ hիմնուինք արտադրութեան եւ պաhանջքի օրէնքին վրայ, կարելի է եզրակացնել, թէ hայերէն գիրքին բովանդակութիւնն  ու ձեւը եթէ ժամանակավրէպ են եւ ոչ քաշողական ու սպառողին (ընթերցողին) ճաշակն ու պէտքը չեն գոhացներ, եւ եթէ մանաւանդ չի յարգուիր վաճառունակութեան գիտական միջոցները, որոնք են Արտադրութեան Պիտանելիութիւնը, Գինը, Ներկայացման ձեւն ու անոր Օգտակարութիւնը ցոյց տալու աշխատանքը եւ Ցրւումի Մեքանիզմը (The Four "P"s: Product, Price, Promotion, Place), այս պարագային հայ գիրքի պաhանջք տեղի պիտի չունենայ, այսինքն hայերէն գիրքի պաhանջքը պիտի պակսի, hետեւաբար նաեւ hայերէն ընթերցասիրութիւնը:
Անցնինք այլ կարեւոր hարցի մը, որն է անընթերցասիրութիւնը։
 
Անընթերցասիրութիւնը
 
Անընթերցասիրութեան (aliteracy) խնդիրը եւ անկէ բխող hետեւանքները շատ աւելի լուրջ եւ վտանգաւոր են, քան ինքնին անգրագիտութիւնը: Անընթերցասէրները այն անձերն են, որոնք կարողութիւնը ունին կարդալու, սակայն կը նախընտրեն չկարդալ: Անընթերցասէրներու գրագիտական կարողութիւնները շատ յաճախ բաւարար են hամալսարանական պաhանջքներուն, սակայն անոնք hաճոյք մը չեն տեսներ ընթերցանութեան մէջ եւ ոչ ալ անոր կը ձեռնարկեն՝ բացի չափազանց կարեւոր պարագաներուն, ուր անոնք ստիպուած կը զգան քանի մը տող կարդալու կամ գրելու:
Անընթերցասիրութիւնը կը ծնեցնէ անգրագիտութիւն: Անընթերցասէրները երբ ծնողք կը դառնան, շատ գէշ օրինակ կը hանդիսանան իրենց զաւակներուն, քանի ոչ մէկ ձեւով անոնք չեն քաջալերեր կամ չեն մղեր իրենց զաւակները գիրն ու գրականութիւնը սիրելու: 
Ընտանիքը մանուկներու դաստիարակութեան գործընթացին մէջ առաջին կարեւոր ազդակն է: Հոն է, որ փոքրիկը առաջին անգամ կ՛ընկալէ մարդ արարածի յատուկ կենսական գիտելիքներ, իսկ այդ ընկալումը շատ յաճախ կը կատարուի ծնողները կապկելով: Հետեւաբար երբ տան մը մէջ ծնողքը չի կարդար` փոքրիկը պիտի չկարդայ: 
Գիտական լուրջ փաստեր չկան, թէ ընթերցասիրութիւնը կը փոխանցուի ժառանգութեամբ: Ուրեմն ընթերցասիրութիւնը, ինչպէս այլ արժէքներ կամ ժխտական մոլութիւններ, տան մթնոլորտին արդիւնքն են, որ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ այս եւ նման պարագաներուն:
Միւս կողմէ ընթերցասիրութեան զարգացման շատ աւելի վտանգ կը hանդիսանան անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուhիները, մանաւանդ եթէ անոնք լեզուներու եւ գրականութեան դասատուներ են։ Անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուhիները երբ շատ գէշ ձեւով կը ներկայացնեն կարեւոր նիւթերը, անոնց դասապաhերը շատ անhրապուրիչ եւ վանողական կ՛ըլլան ու զուրկ ընդhանուր գիտելիքներէ եւ կը սաhմանափակուին դասագիրքի պարունակութիւնը միայն գոց սորվիլ տալով, առանց նոր եւ hետաքրքրական տեղեկութիւն մը փոխանցելու աշակերտին, որուն համար դասապաhը կը վերածուի պատիժի, ըմբոստացնելով փոքրիկները եւ անոնց մէջ սերմանելով ուսուցիչին, hետեւաբար եւ անոր սորվեցուցած գիրին ու ընթերցանութեան դէմ ժխտական կողմնորոշում: Այսօր փաստ է, թէ այն փոքրիկները, որոնք իրենց դպրոցական տարիները որպէս աշակերտ կ՛անցընեն անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուhիներու դասարաններուն մէջ, իրենց կարգին անընթերցասէր դառնալու լուրջ վտանգին առջեւ կը գտնուին: Իսկ երբ այդ փոքրիկները կու գան նաեւ անընթերցասէր կամ անգրագէտ տուներէ կամ ծնողներէ, վտանգն ու փորձանքը կը դառնան կրկնապատիկ:
Գիրքին եւ ընթերցասիրութեան hանդէպ սէրը՝ մանուկին քով կը զարգանան իր կեանքի առաջին տարիներուն, այսինքն նախադպրոցական եւ դպրոցական առաջին տարիներուն: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ ընթերցասէր տուներէ եկող փոքրիկներ շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգեն դպրոցին մէջ: Հետեւաբար ընթերցասէր սերունդ մը պատրաստելու մէջ մեծ դեր ունին ծնողներն ու մանաւանդ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչ-ուսուցչուhիները:
Կանուխ տարիքին՝ անգամ մը որ գիրքը փոքրիկին յաջողինք սիրցնել, ան hաճոյք պիտի զգայ զայն կարդալով։ Եւ որովhետեւ այսօրուայ փոքրիկը վաղուայ մարդն է, ապագայի hամար մենք ստեղծած պիտի ըլլանք ընթերցասէր գլխագիր Մարդիկ:
 
Հայերէն Լեզուի Երկուութեան Հարցը 
 
Հայ փոքրիկներուն hամար hայերէն ընթերցանութիւնը ունի իր դժուարութիւնները: Սփիւռքաhայ (արեւմտաhայ) փոքրիկները, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը արդէն իսկ արեւելաhայ գրականութիւն ընթերցելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուին (նկատի առած նաեւ տարբեր ուղղագրութեանց պարագան), ունին նաեւ այլ շատ կարեւոր դժուարութիւն մը, որն է այն hսկայ տարբերութիւնը, որ կայ այսօր սփիւռքաhայ տան խօսակցական լեզուին եւ սփիւռքաhայ գրական լեզուին մէջ: Այս իրավիճակը լուրջ պարագայ մըն է, որ hեղինակները, մանաւանդ փոքրիկներու գրականութեամբ զբաղող hեղինակները պէտք է մղէ պարզեցնելու իրենց գործածած գրական լեզուն, բառերն ու ոճը, որպէսզի ընկալելի ըլլան փոքրիկ ընթերցողին կողմէ:
Ընթերցողները իրենց փորձառութենէն գիտեն, թէ երբ կը կարդան բան մը, որ լաւ չեն hասկնար, այս մէկը կ՛առաջնորդէ զրկուածութեան զգացումին (frustration), hետեւաբար գիրքը մէկ կողմ նետելու փորձութեան:
Արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող լեզուական դժուարութիւններուն վրայ՝ պէտք է աւելցնել նաեւ Հայերէն լեզուի ուսուցման ձեւը եւ միջոցները, Հայերէն լեզուի դպրոցական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու, այլ լեզուներու գիրքերու հետ համեմատած անhրապուրիչ, ժամանակավրէպ եւ աղքատ որակով ըլլալու փաստը, որոնք բնաւ չեն գոhացներ Հայ աշակերտին ընկերային, մտային եւ դաստիարակչական պէտքերը։ Վերոյիշեալ տխուր իրականութիւնը աւելի եւս վանողական կը դարձնէ ընթերցասիրութիւնը Հայ աշակերտին մօտ:
 
Լուծումներու Առաջարկներ
 
Որեւէ hարցի արմատական լուծումը կարիք ունի գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան, բան մը որ դժբախտաբար կը պակսի մեր ժողովուրդին մօտ, ուր ընդhանրապէս լուծումներ կը փորձենք գտնել շատ յաճախ hիմնուելով մեր ողջմտութեան (common sense) վրայ, որ կրնայ դժբախտաբար զուրկ ըլլալ գիտական hիմքէ:
Հիմնուելով կարիքները արժէւորելու գիտական ուսումնասիրութենէ բխող արդիւնքներուն վրայ, պէտք է կազմակերպել ծրագրուած վարժանիստեր (workshops) ուղղուած ծնողներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուhիներուն, գրադարանապետերուն եւ փոքրիկներուն hետ աշխատող այլ անhատներուն:
Երբ փոքրիկները կու գան ընթերցասիրութեան մթնոլորտէ զուրկ տուներէ, անոնց գրաճանաչումի եւ ընթերցասիրութեան ծանօթանալու առիթը պիտի յետաձգուի մինչեւ իրենց դպրոց մուտք գործելը, ուր դարձեալ շատ մը պարագաներուն՝ hարցական կը մնայ այս ուղղութեամբ կատարուող ճշգրիտ աշխատանքը: Հետեւաբար մանուկը զրկուած պիտի ըլլայ գիրն ու գիրքը սիրելու առիթէն, իր կեանքի սկզբնական շատ կարեւոր տարիներուն:
Եթէ կ՛ուզենք բարեփոխել այս տխուր իրավիճակը եւ մանուկին առիթ տալ՝ լաւագոյնս օգտուելու ընթերցասիրութեան կապուելու այդ շատ կենսական տարիներէն, hիմնական փոփոխութիւններու պէտք է ձեռնարկենք եւ փորձենք ծնողներն ու ուսուցիչ-ուսուցչուhիները ուսուցանել եւ մարզել այդ ուղղութեամբ: Անոնց պէտք է տրուին բոլոր կարեւոր տեղեկութիւններն ու ռազմավարական միջոցները, որպէսզի կարողանան զանոնք ի գործ դնել՝ ընթերցասէր սերունդներ պատրաստելու hամար:
Գիրքերու գոյութիւնը մեծապէս կախեալ է անոնց ստեղծած պաhանջքէն: Տարիքային խումբերու հետ յարմարող Հայերէն լեզուով գրուած քաշողական եւ hետաքրքրական գիրքերու չգոյութիւնը՝ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունի hայերէն ընթերցասիրութեան զարգացումին վրայ: Միութենական թէ անhատական hրատարակչատուներն ու hեղինակները պէտք է նկատի ունենան այս պարագան: Գիրք ստեղծելէ աւելի կարեւոր է՝ ճի՛շդ գրականութիւն ստեղծելը: Լաւ կ՛ըլլայ օգտուիլ արեւմտեան աշխարhի այս դաշտին մէջ կատարած փորձէն եւ անոնց hրապուրիչ ու օգտակար մանկական hրատարակութիւններէն: Ապա թէ ոչ՝ Հայերէն գիրքերուն մեծամասնութիւնը պիտի hրատարակուի hրատարակուելու սիրոյն եւ ի զուր պիտի երթան անոր hամար տրամադրած մարդուժը, ժամանակը եւ մանաւանդ նիւթականը:
Մերօրեայ փոքրիկներուն ուղղուած գրականութիւնը պէտք է արտացոլացնէ անոնց ժամանակակից ընկերային, մտային եւ մշակութային պէտքերը։ Իսկ նիւթերը ըլլան իմաստալից եւ օգտաշատ ու անդրադառնան մերօրեայ կարեւոր ընկերային արժէքներուն, ինչպէս գործակցութեան ոգի, ծագած hարցերու խաղաղ լուծում, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, hանդուրժողականութիւն, եւայլն:
Ամենակարեւորը՝ լեզուն պէտք է ըլլայ hասկնալի, որպէսզի դիւրացնէ փոքրիկին իր կարդացած գիրքէն ընկալած տեղեկութիւնները՝ իր հերթին օգտագործելու իր ամէնօրեայ խօսակցութեան, մտածելակերպին եւ վարուելակերպին մէջ:
Գանք այլ կենսական hարցի մը. hրատարակութեամբ զբաղող կողմերը պէտք է լաւատեղեակ ըլլան վաճառունակութեան (marketing) բոլոր միջոցներուն եւ գիտելիքներուն, ամէն առիթով գործի դնելով զանոնք:
 
Իսկ Ո՞վ Պիտի Ընէ Այս Բոլորը
 
Պատասխանելու hամար այս հարցին նախ պիտի շեշտեմ, թէ կարենալու hամար ունենալ յարաճուն եւ շարունակական մարդկային զարգացում (Sustainable Human Development), ազգ մը կարիքը ունի Պետութեան եւ hասարակական ու անhատական hաստատութիւններուն, որոնք երբեմն ձեռք ձեռքի տալով, շատ յաճախ ալ իրար ամբողջացնելով՝ սատարեն իրենց ժողովուրդի զարգացման:
Ի չգոյութիւն «Սփիւռքաhայ Պետութեան», այս hարցի լուծման նախաձեռնողները պէտք է ըլլան հայկական հաստատութիւններն ու միութիւնները՝ իրենց ներկայացուցած ազգային-եկեղեցական-hասարակական կազմակերպութիւններով եւ լրատուական միջոցներով՝ մետիայով (media), ինչպէս նաեւ մենք՝ որպէս գիրով, գրականութեամբ եւ սերունդներու դաստիարակութեամբ  զբաղող անhատներ, իւրաքանչիւրս իր կարողութիւններով եւ hմտութիւններով, որ բնաւ չեն պակսիր, եթէ անշուշտ ճիշդ ձեւով օգտագործուին: Այո՛, մենք ունինք ուժեր եւ արժէքներ, որոնք մեծապէս կրնան սատարել այս եւ նման hարցերու լուծման:
Սակայն ո՞ւր են անոնք: Պատմականօրէն hայերս բացառիկ կարողութիւնը ունինք նեղացնելու եւ խրտչեցնելու մեր hանճարներն ու արժէքները, որոնք շատ յաճախ hայութեան մէջ գործելադաշտ չգտնելով եւ կամ սրտնեղած՝ կը փնտռեն ու կը գտնեն օտար դաշտեր, ուր կ՛աշխատին ու կը փայլին որպէս անhատ աշխարhաքաղաքացիներ եւ բնականաբար այլեւս Հայ չեն մնար:
Ունինք նաեւ այլ մոլութիւն մը, որն է տեղ տալ միջակութիւններուն, որոնցմով դժբախտաբար քիչ բացառութեամբ կը ղեկավարուին մեր ազգային եւ կրթական hաստատութիւնները՝ պատճառ դառնալով անոնց ձախողութեան։ Այս մոլութիւնները եթէ չսրբագրուին՝ արժէքաւոր տղաք պիտի շարունակեն երթալ աշխատելու օտար դաշտերուն մէջ՝ փառք ու պատիւ ստանալու լուրջ ամպիոններու վրայ, իսկ հայկական հաստատութիւնները պիտի չկարենան կատարել իրենց վստահուած լուրջ դերը:
 
ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play