ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հասթերթ Պիտի Ընդունի Իր Մեղքը Սեռական Բռնութեան Համար, Սակայն ԱՄՆ Դեռ Կը Քօղարկէ Անոր Դէմ Թրքական Շանթաժը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հասթերթ Պիտի Ընդունի Իր Մեղքը Սեռական Բռնութեան Համար, Սակայն ԱՄՆ Դեռ Կը Քօղարկէ Անոր Դէմ Թրքական Շանթաժը

  • 30-10-2015 15:55:49   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Կ՝ակնկալուի, որ այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին խօսնակ Տէնիս Հասթերթ մեղաւոր ճանչցուի գաղտնի վճարումներ կատարելու համար` դպրոցին մէջ ըմբշամարտի մարզիչ եղած ժամանակ իր կողմէն սեռական բռնութեան ենթարկուած տղաներուն լռութիւնը գնելու համար: Դաշնային դատախազներու հետ մեղքի ընդունման այս գործարքը կնիք կը դնէ անոր դատական արձանագրութիւններուն վրայ, այդպիսով հանրութենէն թաքցնելով անոր դէմ վկայութիւններու մանրամասները:
 
2005 թուականէն ի վեր, երբ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի (ՀԴԲ) նախկին թարգմանչուհի Սիպել Էտմընտս բացայայտեց ԱՄՆ կառավարութեան ամենաբարձր մակարդակներուն վրայ տիրող փտածութիւնը, վրդովուած քաղաքացիները անհամբեր կը սպասեն, որ իրաւապահ մարմինները կը քննեն անոր ցնցող բացայայտումները:
Հաշուի առնելով, ցաւօք, Ուաշինկթընի եւ ամերիկեան գլխաւոր լրատուամիջոցներու երկարատեւ լռութիւնը, ես կը կարծեմ, որ ժամանակն է մէկ անգամ եւս բացայայտել թրքական խումբերու կողմէն խօսնակ Հասթերթը կաշառելու մասին պնդումներու աղմկայարոյց քօղարկումը:
Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) նախկին աշխատակից եւ Ազգային շահերու խորհուրդի գործադիր տնօրէն Ֆիլիփ Ճիրալտին, «Ամերիքըն քոնսըրվէյթիւ» կայքէջին մէջ անցեալ շաբաթ թողարկեց օտարերկրեայ կառավարութիւններու կողմէն խօսնակ Հասթերթը շանթաժի ենթարկելու չարաբաստիկ մանրամասները:
Էտմընտս ՀԴԲ-ի իր պաշտօնէն հեռացուեցաւ` իր վերադասներուն ամերիկեան պետական  կառոյցներ թուրք գործակալներու ներթափանցումը բացայայտելէն ետք, «որոնք կը ձգտէին ազդել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ, իսկ երբեմն ալ զբաղելով ապօրինի գործունէութեամբ»` ըստ Ճիրալտիի:  «Փտածութեան ծաւալները կ՝ընդգրկէին բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու եւ քոնկրէսականներու կաշառակերութիւնը` արգելքի  ենթարկուած երկիրներու համար արտահանման թոյլտւութիւններ դասաւորելու եւ գաղտնի տեղեկատւութիւն բացայայտելու համար», գրած է Ճիրալտին:
2009 թ. Ցուցմունքին մէջ Էտմընտս բացատրեց, որ Հասթերթը «գլխաւոր ամերիկացիներուն թիւին մէջ էր, որոնք ներգրաւուած էին այնպիսի գործողութիւններու եւ գործունէութեան մէջ, որոնք անօրինական էին, եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն համար էին, այլ օտարերկրեայ կառավարութիւններու եւ կառոյցներու»: Ան Հասթերթի իրաւախախտումը կը նկարագրէ իբրեւ. «Խոշոր չափերու կաշառքի ընդունում կանխիկ գումարի կամ «լուացուած» դրամի տեսքով եւ անոնց լուացումը, զանոնք դարձնելով օրինական իր արշաւներուն, ինչպէս նաեւ անձնական օգտագործման համար` որոշակի հովանաւորչութիւն ընելու եւ որոշ  գործողութիւններու կոչ ընելու նպատակով, որպէսզի որոշակի բաներ կատարուին օտարերկրեայ կառոյցներու եւ կառավարութիւններու, Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական գործարար կառոյցներու շահերուն համար»:
Վկայութիւն տալու ժամանակ Էտմընտսին հարցուցին. «Արդեօք հիմքեր ունի՞ք ենթադրելու, որ, օրինակ, պարոն Հասթերթը տապալած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերէն մէկը` անոր դիմաց այս թրքական կազմակերպութիւններէն գումար ստանալու համար»: Ան պատասխանեց. «Այո, ունիմ…. Ճիշդ է… եւ ոչ միայն դրամ վերցնելու, բայց նաեւ այլ գործողութիւններու համար, որոնց համար տարբեր պատճառներով ենթարկուելով շանթաժի»: Ներկայացուցիչներու պալատէն հեռանալէն ետք, Հասթերթը աշխատեցաւ Տիգշթայն Շաբիրօ Ուաշինկթընեան ընկերութեան մէջ իբրեւ արձանագրուած լոբբիստ Թուրքիոյ համար:
Վկայութիւն տալու ժամանակ Էտմընտս նաեւ բացայայտեց, որ Հասթերթը «օգտագործած է իր առանձնատունը (Չիքակոյի մէջ), որ նստավայր չէր, որոշակի ոչ այնքան բարոյական համարուող գործողութիւններու համար: Հիմա, արդեօք ատիկա օգտագործուած է շանթաժի համար, չեմ գիտեր, բայց փաստ է, որ այդ մասին գիտէին օտարերկրեայ կառոյցները, ըստ էութեան, անոնք երբեմն կը մասնակցէին այդ ոչ այնքան բարոյական գործողութիւններուն տուեալ առանձնատան մէջ, որ կը համարուէր գրասենեակ, ոչ  բնակարան, նստավայր, շաբթուան որոշակի ժամերուն, օրերուն եւ երեկոներուն: Ուստի, ես չեմ կրնար ըսել` ատիկա կ՝օգտագործուէր շանթաժի համար, թէ ոչ, բայց անոնք կը մասնակցէին որոշակի գործողութիւններու: Անոնք տեղեակ էին»:
Էտմընտս ըսաւ Քոնկրէսի քննիչներուն, որ ՀԴԲ-ի հեռախօսային ձայնագրութիւններուն մէջ թուրք անձինք կը պարծենային Հասթերթի հետ ունեցած իրենց գաղտնի յարաբերութիւններով: «Անոնք կը քննարկէին անոր տասնեակ հազարաւոր տոլարներու գաղտնի վարձատրութիւններուն վճարումը` քաղաքական հովանաւորութեան եւ տեղեկատւութեան դիմաց: Շատ սղագրութիւններու մէջ կասկածեալներու մէջ էին քաղաքի թրքական հիւպատոսութենէն կասկածելի անձ մը, ինչպէս նաեւ Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի քանի մը անդամ, գործարար կառոյցներ, որոնք որոշ ՀԴԲ գործակալներուն կարծիքով, երբեմն իբրեւ ծածկ ծառայած են կազմակերպուած յանցագործութեան համար: Կը թուի, թէ քանի մը հեռախօսազանգ առնչութիւն ունի թմրամիջոցներու փոխադրման եւ այլ հնարաւոր յանցագործութիւններու հետ», գրած է Ճիրալտին:
 Էտմընտս նշած է, որ հեռախօսային գաղտնալսումները կը պարունակէին Հասթերթի դիրքորոշման կտրուկ փոփոխութեան բազմակի վկայակոչումներ` 2000 թ. աշնան Քոնկրէսի կողմէն Թուրքիոյ մէջ 1915-1923 թթ. հայերու կոտորածները ցեղասպանութիւն անուանելու քարոզարշաւին վերաբերեալ: 2000թ. Օգոստոսին, խօսնակ Հասթերթը յայտարարեց, որ ինքը պիտի սատարէ  բանաձեւին եւ զայն պիտի ուղարկէ Ներկայացուցիչներու պալատի լիագումար նիստ քուէարկութեան համար: Բանաձեւը, որուն կտրականապէս դէմ էին թուրքերը, իրականութեան մէջ ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ: Այնուհետեւ, Հոկտեմբեր 9-ին, լիագումար նիստի քուերակութենէն քիչ առաջ, Հասթերթ զայն հանեց…. Թուրքիոյ հիւպատոսութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը արձանագրուած խօսակցութեան մէջ նշած է, որ «Հասթերթը համոզելու գինը, որ ցեղասպանութեան բանաձեւը հանէ, կ’արժէ առնուազն 500 հազար տոլար», կը հաղորդէ Ճիրալտին իր յօդուածին մէջ:
Տասնհինգ տարի անց, ամերիկեան հասարակութիւնը դեռ կը սպասէ, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը պիտի հետաքննէ խօսնակ Հասթերթի դէմ առաջադրուած լուրջ մեղադրանքները թրքական կաշառատվութեան եւ շանթաժի վերաբերեալ…
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play