ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հանդիպում Իսրայէլի Նախագահին Հետ Եւ Ելոյթ Հայոց Ցեղասպանութեան Գիտաժողովին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Հանդիպում Իսրայէլի Նախագահին Հետ Եւ Ելոյթ Հայոց Ցեղասպանութեան Գիտաժողովին

  • 13-11-2015 14:24:56   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Անցեալ շաբաթ ելոյթ ունեցայ Իսրայէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին գիտաժողովի ընթացքին, դասախօսութիւն կարդացի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ եւ մասնակցեցայ Իսրայէլի նախագահ Ռուվըն Ռիվլընի հետ հանդիպումին:
 
Նախագահ Ռիվլըն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով էր Քընեսեթի (խորհրդարան) նախագահ եղած ժամանակ: Որպէս նախագահ, ան այժմ աւելի զուսպ է` չցանկանալով հակադրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր կառավարութեան դատապարտելի լռութեան: Սակայն, անցեալ շաբաթ գիտաժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ, նախագահ Ռիվլըն կասկած չձգեց, որ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ մնացած է անփոփոխ: Այդ hանդիպման ժամանակ ան նոյնիսկ օգտագործեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Ան նաեւ յիշեց այս տարուան սկիզբը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի մէջ իր ունեցած ելոյթը, ուր ան յատուկ յղում ըրած էր Հայոց ցեղասպանութեան: 
Նախագահ Ռիվլընին յիշեցուցի, որ աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներ արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Իսրայէլ նոյնպէս պէտք է ճանչնայ զայն պարզ պատճառով մը` ճիշդը ատիկա է…  Ես յոյս յայտնեցի, որ Իսրայէլ ատոր շարունակական աջակցութեամբ պիտի լրացնէ իմ գիրքի «բացակայող էջը», ուր թուարկուած եմ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած բոլոր երկիրները: 
Այնուհետեւ նախագահ Ռիվլընին յանձնեցի իմ գիրքս` «Հայոց ցեղասպանութիւն. Կը խօսի աշխարհը: 1915-2015 թթ., փաստաթուղթեր եւ հռչակագիրներ», գիտաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթիս պատճէնը եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի թիւերէն: 
Հայոց ցեղասպանութեան գիտաժողովը կազմակերպած էին փրոֆէսոր Եէյր Աուրըն եւ Իսրայէլի Բաց համալսարանի ընկերաբանութեան, քաղաքագիտութեան եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքը: Ականաւոր բանախօսներու շարքին էին Իսրայէլի Բաց համալսարանի նախագահ Ճէյքըպ Մեցըր, փրոֆէսորներ Եէիր Աուրըն, Իսրայէլ Չարնի, Էլիու Ռիքթըր, «Եատ Վաշըմ» Հոլոքոսթի թանգարանի գլխաւոր պատմաբան, պրոֆ. Տայնա Փորաթ, դոկտ. Սթեֆան Իրիք` «Աթաթուրքը նացիստական երեւակայութեան մէջ» գիրքի հեղինակ, յայտնի իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօղլու Թուրքիայէն, Սթամպուլի Պիլկիի համալսարանի փրոֆ. Այհան Աքթար, Իսրայէլի հեռուստակայանի 1-ին ալիքի միջազգային լուրերու տեսութեան լրագրող եւ խմբագիր Եակով Ահիմեր, «Հաարեթց» թերթի գրականութեան եւ մշակոյթի բաժնի խմբագիր Պենի Զիֆըր եւ Երուսաղէմի հայկական համայնքէն Ճորճ Հինթլեան: 
Գիտաժողովի ընթացքին ունեցած իմ ելոյթիս մէջ ափսոսանք յայտնեցի, որ Իսրայէլի պետութիւնը դեռ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ահա որոշ հատուածներ իմ ելոյթէս. 
«Ես նախ պէտք է կարեւոր տարանջատում մը ընեմ Իսրայէլի կառավարութեան եւ Իսրայէլի ժողովուրդին ու ամբողջ աշխարհի հրեաներուն միջեւ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր ճանաչման ուշադրութիւն դարձնելու կոչով հանդէս եկող  վճռական ձայներէն էին. 
«- Հենրի Մորկենթաու, ԱՄՆ-ի դեսպանը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ցեղասպանութեան ժամանակ. 
«- Ֆրանց Վերֆել,  հրեական ծագում ունեցող աւստրիացի հեղինակ, որ 1933-ին գրեց իր հանրայայտ «Մուսա լերան քառասուն օրը» վէպը: 1934 թուականին անոր գիրքը թարգմանուեցաւ եբրայերէն եւ ամէնուրեք լայն տարածում գտաւ հրեայ ընթերցողներու շրջանակին մէջ, մասնաւորապէս Վարշաւայի կեթթոյի մէջ, դառնալով գոյատեւման եւ նացիստներու դէմ դիմադրութեան ոգեշնչման աղբիւր Շոայի ժամանակ. 
«- Ռաֆայէլ Լեմքին, հրէական ծագում ունեցող լեհ փաստաբան, որ ստեղծած է ցեղասպանութիւն եզրը: 1949-ին CBS-ի «Դիմակայելով ազգին» (Face the Nation) հեռուստածրագրին հարցազրոյցի ժամանակ դոկտ. Լեմքին բացայայտեց. «Ես հետաքրքրուեցայ ցեղասպանութեամբ, որովհետեւ ան տեղի ունեցած էր հայերու հետ». 
«- Կը ցանկայի այս պատմական դէմքերու շարքին աւելցնել նաեւ Եոսի Պայլընի անունը, որ 2000-ի  Ապրիլ 24-ին խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին որպէս Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար, իսկ 1994 թուականին` որպէս փոխարտաքին գործոց նախարար` հակառակ իսրայէլի կառավարութեան կողմէ խիստ ճնշումներուն եւ քննադատութեան. 
«- Մենք նաեւ սիրով կը յիշենք Կրթութեան նախարար Եոսի Սայրիտը, որ Երուսաղէմի մէջ 2000-ի Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 85-ամեակի ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր: Ան յայտարարեց. «Ես այստեղ ձեզի հետ եմ որպէս մարդ, որպէս հրեայ, որպէս իսրայէլցի եւ որպէս Իսրայէլի պետութեան կրթութեան նախարար…  Ան ով անտարբեր կանգնած է ատոր [ցեղասպանութեան] դիմաց, ով կ՛անտեսէ, ով հաշուարկներ կ՛ընէ, ով կը լռէ, ան միշտ կ՛օգնէ  ոճրագործներուն եւ ոչ թէ սպաննուածներուն»: 
«- Ես այս ցանկին մէջ պէտք է աւելցնեմ նաեւ առաքինի հրեաներ, փրոֆէսորներ Իսրայէլ Չարնիի, Եէյր Աուրընի, Եհուտա Պաուըր, Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Էլի Վիզելի եւ բազմաթիւ այլ հրեայ մտաւորականներու անունները, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուածներ եւ գիրքեր գրելու առաջամարտիկներն էին, նոյնիսկ հայ մտաւորականներէն առաջ: 
«- Ես պէտք է նաեւ գովասանքի խօսքեր ըսեմ Քընեսեթի անդամներուն եւ Քընեսեթի նախկին նախագահ Ռէուվըն Ռիվլընին` Իսրայէլի ներկայիս նախագահին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով էր` հակառակ իր կառավարութեան ուժեղ ընդդիմութեան: 
«Ինչպէս յայտնի է, Հայոց ցեղասպանութիւնը Շոայի «նախատիպն» է` Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու բնաջնջման գերմանական մեղսակցութեան տեսանկիւնէ: Այդ յանցաւոր համագործակցութեան ընթացքին գերմանացի զինուորականներն իրենց թուրք դաշնակիցներէն դաժանութեան գործնական դասեր քաղեցին, թէ ինչպէս կազմակերպել եւ իրագործել ամբողջ ազգի մը բնաջնջումը…  հայերու ոչնչացման օրերուն աշխարհի լռութենէն քաջալերուած, Հիթլեր 1939 թուականին Լեհաստան ներխուժելու նախօրէին ինքնավստահ յայտարարեց. «Ո՞վ, ի վերջոյ, այսօր կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»: 
«Հետեւաբար, Իսրայէլի պետութիւնը պէտք է ըլլար առաջին երկիրը, եւ յուսով էինք` ոչ վերջինը, որ կը ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը… Որո՞նք պէտք է աւելի կարեկից ըլլային ցեղասպանութեան զոհերուն, եթէ ոչ անոնք, որոնք նոյն ճակատագիրին արժանացած էին: 
«Անոնք, որոնք Գործնական քաղաքականութեան փաստարկներով կ՛արդարացնեն Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դժկամութիւնը, պէտք է պատասխանեն հետեւեալ հարցումին. Արդեօք անոնք կ՛ընդունի՞ն Շոայի ժխտումը որեւէ երկրի կողմէ, այն պարզ պատճառով, որ անիկա կը բխի տուեալ երկրի ռազմավարական շահերէն: 
«Նոյնքան անտրամաբանական է այն պնդումը, թէ հիմա Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճիշտ ժամանակը չէ… Իսկ ե՞րբ է Ցեղասպանութեան ճանաչման ճիշդ  ժամանակը: Միթէ 100 տարի սպասելը բաւարար չէ՞: 
«Բացի այդ, տարիներ շարունակ մեզի ըսած են, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի փչացնէ Իսրայէլի լաւ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Իսկ հիմա մեզի կ՛ըսեն, որ Իսրայէլ չի կրնար ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի աւելի չվատթարացնէ իր արդէն վատ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ… 
«Անբարոյական պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը շահարկել որպէս խաղաքարտ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ: Ոչ մէկ քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմական շահ պէտք չէ ոտնակոխ ընի որեւէ ցեղասպանութեան ճանաչում… 
«Իսրայէլը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն մէկ պատճառով` ճիշդը ատիկա է…»:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
 Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
 
 
 
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play