ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Պէտք է Լռեցնել Ատրպէյճանի Կրակոցները. Հնարաւոր Չէ Բանակցիլ եւ Կռուիլ Միաժամանակ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Պէտք է Լռեցնել Ատրպէյճանի Կրակոցները. Հնարաւոր Չէ Բանակցիլ եւ Կռուիլ Միաժամանակ

  • 18-12-2015 14:53:41   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Աւելի քան երկու տասնամեակ միջազգային հանրութիւնը` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդներու գլխաւորութեամբ, որ կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, կը փորձէ բանակցութիւններ վարել Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:
 
Բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի կողմէ կրակոցները չդադրեցնելու յամառութիւնն է, եւ անոր յարձակումներուն սաստկացումը հակամարտութեան կարգաւորման ամէն վճռորոշ հանդիպման նախօրէին: Անոր ապակառուցողական վարքագիծը միանգամայն անընդունելի է բոլոր անոնց համար, որոնք ներգրաւուած են խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Ատրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը սրէ իրավիճակը նման առիթներով, ճնշում գործադրելու համար միջազգային հանրութեան վրայ` ստիպելու համար Հայաստանին երթալ միակողմանի զիջումներու Արցախի մէջ:
Ամէն անգամ, երբ ատրպէյճանական ուժերը կը յարձակին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, Մինսկի խումբի միջնորդները, աւելի լարելով իրավիճակը, հերթական յայտարարութիւնը կը տարածեն, կոչ ընելով երկու կողմերուն դադրեցնելու կրակը, այդպիսով հաւասարութեան նշան դնելով մեղաւորի եւ տուժողի միջեւ: Բացի այդ, միջնորդները կը քօղարկեն իրենց անպատասխանատու յայտարարութիւնը` պնդելով, որ իրենք համոզուած չեն, թէ որ կողմը առաջինը կրակած է:
Հոկտեմբերին, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի (հանրապետական) եւ գլխաւոր դեմոկրատ Էլիոթ Էնկելի նախաձեռնութեամբ Ներկայացուցիչներու պալատի 85 անդամներու ստորագրութեամբ նամակ մը ուղարկուեցաւ Մինսկի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, դեսպան Ուորլիքին` յորդորելով ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր քայլերը ետ քաշելու դիպուկահարները սահմանէն, տեղակայելու կրակոցներու ուղղութիւնը ճշտող համակարգեր սահմանագծի երկայնքով եւ աւելցնելու տարածքը համակարգողներու թիւը: Այս քայլերը ընդունուած էին Հայաստանի, Արցախի, ԱՄՆ Քոնկրէսի եւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ, սակայն մերժուած Ատրպէյճանի կողմէն` իր ռազմատենչ նախաձեռնութիւնները թաքցնելու եւ զանոնք շարունակելու մտադրութեան պատճառով: Նման անյուսալի պայմաններու մէջ, երեք միջնորդները կրնան քննարկել կրակորսիչ համակարգերու տեղակայումը արցախեան սահմանէն ներս` յարձակումներու աղբիւրը արձանագրելու համար: Եթէ միջնորդները չեն ուզեր նման քայլեր ձեռնարկել, ուստի Հայաստանը ինքը պէտք է գնէ ամերիկեան Raytheon ընկերութեան արտադրած կրակորսիչ համակարգերը եւ հաւաքագրէ անկախ օտարերկրեայ հասարակական կազմակերպութիւններու` վերահսկելու եւ արդիւնքներու մասին միջազգային հանրութեան զեկուցելու համար:
Անմիջապէս որ յայտնաբերուի կրակոցներուն աղբիւրը` միջնորդները պարտաւորուած պիտի ըլլան դատապարտելու յանցագործը, հակառակ պարագային անոնք պիտի խրախուսեն Ատրպէյճանը սաստկացնելու յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի վրայ:
Այդ ընթացքին միջնորդները պէտք է զգուշացնեն Ատրպէյճանի բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ եթէ ան չդադրեցնէ եւ ետ չկանգնի սպառնալիքներէն եւ Հայաստանն ու Արցախը ռմբակոծելէն` անոնք ստիպուած պիտի ըլլան Ատրպէյճանի խախտումները ներկայացնել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին` տնտեսական պատժամիջոցներ պահանջելով անոր երկրին դէմ:
Միջնորդները կրնան նաեւ ժամանակաւորապէս դադրեցնել իրենց խաղաղարար առաքելութիւնը, առարկելով, որ Ատրպէյճանի շարունակական կրակոցները կը խանգարեն հակամարտութեան լուծում գտնելու գործընթացը: Անկասկած, հնարաւոր չէ կռուիլ եւ բանակցիլ միաժամանակ…
Քանի որ Ատրպէյճանը պատրաստ չէ պատերազմելու` եթէ ըլլար, շատոնց սկսած էր, պարզապէս սպառնալու փոխարէն, ուստի ան այլընտրանք չունի, քան հետեւիլ միջնորդներու կոչին՝ դադարեցնել կրակը եւ սկսիլ լրջօրէն բանակցիլ: Բանակցութիւններու սառեցումը լուրջ նահանջ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի համար, քանի որ ասիկա միակ ճանապարհն է, որմով ան կրնայ յոյսեր տածել որոշ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու Հայաստանի եւ Արցախի հետ: Միւս կողմէն, հայերը արդէն հասած են իրենց նպատակին` ազատագրելով Արցախը ատրպէյճանական բռնագրաւումէն եւ որեւէ ակնկալիք չունին յետագայ բանակցութիւններէն:
Եթէ միջնորդները չսառեցնեն բանակցութիւնները` Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ որոշել դադրեցնել իր մասնակցութիւնը այդ անարդիւնաւէտ բանակցութիւններուն, ատով իսկ յստակ ուղերձ յղելով Պաքուին, որ Հայաստանի եւ Արցախի հրետանային ռմբակոծութիւնը կը վնասէ նոյնինք Ատրպէյճանի սեփական շահերը:
Եթէ բանակցութիւնները չեն դադրեցուիր եւ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր յարձակումները, ուստի Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ վերջին հաշուով պատասխանել «զանգուածային եւ անհամաչափ հարուածներով», ինչպէս ան բազմիցս զգուշացուցած է: Թէեւ ոմանք կրնան մտահոգութիւն արտայայտել, որ նման գործողութիւնները պիտի յանգեցնեն բռնութիւններու յետագայ սրուելուն, սակայն իրականութեան մէջ, ատիկա պիտի նուազեցնէ, եթէ ոչ պիտի կանգնեցնէ սահմանի վրայ տեղի ուենցող անթիւ բախումները, անմիջապէս որ Ատրպէյճանի ղեկավարները հասկնան, որ իրենք աւելի շատ կը կորսնցնեն կռուելով, քան՝ բանակցելով: Ցաւալի է, որ նախագահ Ալիեւը կը շահարկէ երիտասարդ ատրպէյճանցի զինուորներու կորուստը առաջին գծի վրայ` շեղելու համար իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը երկրի մէջ առկայ քաղաքացիական իրաւունքներու զանգուածային խախտումներէն, իր կառավարութեան վերնախաւերուն մէջ տիրող փտածութենէն եւ ահաւոր տնտեսական պայմաններէն` կապուած նուազող քարիւղային եկամուտներուն հետ:
Անցեալ շաբաթ ես առիթ ունեցայ այս հարցերէն քանի մը հատը քննարկել Ուաշինկթընի մէջ տարբեր պաշտօնեաներու հետ, երբ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը ԱՄՆ մայրաքաղաքի մէջ կը հանդիպէր Քոնկրէսի անդամներու եւ ԱՄՆ միջնորդ դեսպան Ուորլիքի հետ: Երկու ընդունելութիւն կազմակերպուած էր Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պատուին Հայաստանի դեսպանատան եւ  քափիթոլիումի մէջ, վերջինիս  համակազմակերպիչներն էին ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով զբաղող խումբը, ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի հայկական համագումարը, եւ ԱՄՆ-ի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը: Ներկայացուցիչներու պալատի քանի մը անդամ, դեսպան Ուորլիքը եւ այլ բարձրաստիճան անձինք մասնակցեցան Քոնկրէսի ընդունելութեան` զայրացնելով Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը, որ ատրպէյճանցի ցուցարարներու փոքր խումբ մը ուղարկած էր բողոքելու հանդիպման դէմ: Նախագահ Ռոյսը ընդունելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ ան խնդրած է դեսպան Ուորլիքին այս շաբաթ հանդէս գալու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ ճեպազրոյցով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մեծ թիւով ակտիւիստներ Ամերիկայի տարբեր կողմերէն, ներառեալ տողերու հեղինակը, անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ միացան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանին` Արցախի համար խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան ուղերձ յղելու Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի տասնեակ անդամներուն` կոչ ընելով անոնց ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը Ատրպէյճանէն:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play