Րաֆֆի Տուտագլեան․ Զէնքի փող չկա՞յ… բա էս միլիարդները ո՞նց էք կուտակել


Րաֆֆի Տուտագլեան․ Զէնքի փող չկա՞յ… բա էս միլիարդները ո՞նց էք կուտակել

  • 13-04-2016 07:55:23   | ԱՄՆ  |  Քաղաքական

«Բոլոր մեծահարուստները պէտք է հասկանան, որ իրենց ունեցածը կարող է զրոյի վերածուել, եթէ հայրենիքը չպաշտպանուի։ Այսօր մենք տեսնում ենք, որ հայրենիքը առաջնագծում պաշտպանում են հիմնականում անապահով խաւերի ներկայացուցիչները, զաւակները։ Սա բոլորի համար պէտք է դաս լինի, ահազանգ լինի հէնց այդ անձանց համար, որ ամէն մի լուման պէտք է ուղղել բանակի պաշտպանունակութեան բարձրացմանը։ Սերունդների կեանքն ապահովւում է ոչ թէ դիզուած հարստութեամբ, այլ՝ պաշտպանութեամբ։ Եթէ մտածում են, որ այդ հարստութիւնը դիզելով՝ սերունդէ սերունդ փոխանցելու են, չարաչա՛ր սխալւում են։ Սերունդների կեանքն ապահովւում է հայրենիքը պաշտպանելով»։ Այս խօսքերը կը պատկանին ՀՅԴ Բիւրոյի Քաղաքական Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանին եւ կ՛արտայայտեն Հայաստանի ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան տեսակէտը։ Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք, համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ, մամուլի մէջ եւ գրեթէ ամէն անկիւն նո՛յն խօսակցութիւնն է, նո՛յն հարցադրումները, նո՛յն բողոքը… Ինչո՞ւ հայկական բանակը չէ սպառազինուած գերարդիական զէնքերով։ Ինչպէ՞ս անհատ քաղաքացիներ հսկայական հարստութիւն կուտակած են, իսկ պետական պիւտճէն խեղճ է եւ աղքատ։ Ե՞րբ պիտի հաշուետուութեան կանչուին պետական պիւտճէն թալանողները, հարկերէն խուսափողները, մինչեւ ակռաները կոռուպցիայի՝ փտախտի եւ կաշառքի մէջ թաղուած պաշտօնեաները։ Միթէ այս մարդոց պատճառո՞վ չէ, որ պետական պիւտճէն խեղճուկ կը մնայ եւ մեր բանակը կը զրկուի գերարդիական զէնքեր ունենալու հնարաւորութենէն։
 
Եթէ այս օրերուն հետեւիք համացանցի վրայ արծարծուող նիւթերուն, անմիջապէս պիտի անդրադառնաք, որ բոլոր այս մեղադրանքները ուղղուած են իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Ընկերային ցանցերու վրայ կ՛երեւին նախարարներու կամ իշխանութեան բուրգին գագաթը գտնուող մերձաւոր մարդոց միլիոններ արժող ապարանքները՝ Երեւանի եւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ, կը  խօսուի անոնց «օֆշորային» հաշիւներուն, կուտակած միլիառներուն մասին եւ ի վերջոյ՝ կը տրուի նոյն հարցը. «Զէնքի փող չկա՞յ… բա էս միլիարդները ո՞րտեղից էք բերել, ո՞նց էք կուտակել»։
 
Հայրենիքի պաշտպանութեան համար հայ քաջարի զինուորը ըրաւ ամէն ինչ, նոյնիսկ՝ անհնարինը, եւ արժանի հակահարուած հասցուց ռուսական, թրքական եւ իսրայէլեան գերարդիական զէնքերով զինուած ատրպէյճանական բանակին։ Իսկ ժողովուրդը ինքնակամ ու ինքնաբուխ՝ մէկ բռունցք դարձաւ ու կանգնեցաւ հայ զինուորին կողքին, եւ հիմա արդէն կը պահանջէ, որ յանուն հայկական բանակի հզօրացման, յանուն հայրենիքի զարգացման, յանուն հայրենիքի գոյութեան՝ այլեւս ի սպառ վերջ դրուի կոռուպցիային, զեղծարարութիւններուն, անարդարութեան, թալանին ու հայրենի հարստութեան կողոպուտին։
 
Քանի դեռ ուշ չէ, ժողովրդային այս պահանջին տէր պէտք է կանգնինք բոլո՛րս՝ քաղաքական բոլո՛ր ուժերը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ իւրաքանչիւր հայորդի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր հարթակներուն վրայ։ Այս պատերազմը ինքնամաքրուելու, զգաստանալու առիթ կ՛ընձեռէ Հայաստանի այսպէս կոչուած վերնախաւին։ Ինչպէս Արմէն Ռուստամեան կը նշէ. «Հայրենիքը բոլորի համար մէ՛կն է… Այս ամէնը լուրջ դեռ է խաղալու, որ լուրջ վերանայումներ կատարուեն մեր ընթացքի մէջ՝ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին»։
 
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
rafdoud@aol.com
 
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play