Յարութ Սասունեան.Հրեայ Յառաջադէմ Մտաւորականը Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Մահացու Զէնքի Վաճառքը՝ Ատրպէյճանին


Յարութ Սասունեան.Հրեայ Յառաջադէմ Մտաւորականը Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Մահացու Զէնքի Վաճառքը՝ Ատրպէյճանին

  • 13-04-2016 16:24:21   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Անցեալ շաբաթ Արցախի դէմ լայնածաւալ յարձակման ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորականները սպաննեցին եւ վիրաւորեցին տասնեակ հայ զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչներ՝ օգտագործելով Իսրայէլէն եւ Ռուսիայէն ձեռք բերուած միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ արդիական զէնքեր: 
 
Հայաստանի կառավարութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը մեղադրեցին թէ՛ Իսրայէլը եւ թէ Ռուսիան, որոնք կը կրեն պատասխանատուութիւնը՝ վերջին ատրպէյճանական յարձակումէն զոհուած անմեղ հայերու արեան համար: 
 
Փրոֆ. Իսրայէլ Չարնի՝ իբրեւ արդարամիտ հրեայ եւ մարդկային իրաւունքներու ջատագով, չէր կրնար լուռ մնալ՝ իմանալով, որ իր երկիրը՝ Իսրայէլ, դերակատարութիւն ունեցած է հայերու արիւնահեղութեան մէջ: Իբրեւ Երուսաղէմի «Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան Հիմնարկ»ի գործադիր տնօրէն, դոկտ. Չարնի խիստ քննադատական յօդուած ուղարկած է իսրայէլական «Հաարեց» (Haaretz) թերթին, հետեւեալ գրգռիչ վերնագրով. «Արդեօք Իսրայէլը անօդաչու թռչող սարք կը վաճառէ՞ր Հիթլերին»: Ահա թէ ինչ կը գրէ ան. 
 
«Եթէ նացիականները բնաւ սպաննած չըլլային հրեաները, այլ «միայն», ենթադրենք, որ սպաննած ըլլային ատելի սլավոքները, գնչուները եւ Եհովայի վկաները, եւ եթէ մեր սիրելի Իսրայէլի պետութիւնը այդ օրերուն գոյութիւն ունենար, արդեօք դուք կը համաձայնէ՞իք, որ մենք զէնք վաճառէինք նացիականներուն:  
 
«Կը հաղորդեն, որ Իսրայէլ միլիառաւոր տոլարներու զէնք վաճառած է, ներառեալ այնպիսի կառավարութիւններու, որոնք կը սպաննեն կամ կը սպառնան յարձակիլ ոտնակոխուած ժողովուրդներու վրայ: Անցեալ շաբաթ հրապարակուեցաւ լուր մը, որ իսրայէլական անօդաչու թռչող սարքը, մեր հսկայածաւալ զէնքի գնորդ Ատրպէյճանի կողմէ վեց հայերու մահուան պատճառ դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: 
 
 «Ես կ՛ամչնամ: 
 
«Հայերը զոհերն են 100 տարի առաջ տեղի ունեցած այն մեծ ցեղասպանութեան, որ  նոյնիսկ որոշ իսրայէլացի մտաւորականներ անուանած են «Հայկական Շոա», այդ կարգին՝ Պար-Իլանի համալսարանը: Անոնց ազգային եւ մշակութային մտահոգութեան մեծ մասը կը շարունակէ կեդրոնացած մնալ այդ ցեղասպանութեան յիշողութեան վրայ (մեզի՝ հրեաներուս, ծանօթ է, այնպէս չէ՞): Տարիներէ ի վեր, մենք՝ իսրայէլացիներս, աշխատաւորական կամ «Լիքուտ» կուսակցութեան գլխաւորութեամբ, վիրաւորած ենք հայ ժողովուրդը եւ ցաւ պատճառած անոր՝ մերժելով պաշտօնապէս ճանչնալ անոնց ցեղասպանութիւնը: Արդեօք նոյնինքն մենք կը հանդուրժէի՞նք, որ ուրիշ կառավարութիւն մը, ենթադրենք Միացեալ Նահանգներ կամ Անգլիա, մերժէին ճանչնալ Ողջակիզումը, մեկնած՝ յանցաւոր նկատուած կառավարութեան հետ իրենց ունեցած քաղաքական իրապաշտական շահերէն:   
 
«Բարձրաստիճան հայ պաշտօնեայ մը մեզմէ քանի մը հոգիի գրած է Իսրայէլ՝ իր խոր ցաւն ու վրդովումը արտայայտելով ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մեր վախկոտ ու շահամոլական ժխտումներու, այլ նաեւ՝ Ատրպէյճանի հետ մեր ռազմական սերտ դաշինքին համար: Ես կը յիշեմ, թէ ինչպէս հին ժամանակներուն Նաթան մարգարէ զայրացած է Դաւիթ թագաւորին վրայ՝ թէեւ անձնական ոճիրի համար. Բաւարար չէր, որ դուն սպաննեցիր զայն, այլ նաեւ շա՞հ ապահովեցիր այդ ստոր արարքէն: Ատրպէյճանցիները թրքական ժողովուրդ են, անոնք հաւատարիմ են Թուրքիոյ արտառոց եւ ֆաշիստական աւանդոյթին՝ խեղաթիւրելու պատմութիւնը եւ ժխտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:    
 
«Ընդհանրապէս, մենք՝ իսրայէլացիներս, որքա՞ն կը ցանկանք ամրապնդել մեր տնտեսութիւնը շահութաբեր զէնք վաճառելով: Ի հարկէ, աշխարհի մէջ «բոլոր»ը զբաղած են ատով, բայց արդե՞օք մենք եւս պէտք է հետեւինք անոնց օրինակին: Արդեօք մենք հրաժարե՞ր ենք Իսրայէլի կերպարէն/երազանքէն՝ իբրեւ այս մոլորակի ժողովուրդներու բարոյական առաջնորդը: Արդեօ՞ք սա ձանձրանալի, միամիտ եւ մանկական գաղափար է այս խելայեղօրէն աւերիչ եւ ինքնաոչնչացուող աշխարհի մէջ: 
 
«Այլընտրանքային հայեցակարգ կրնայ ըլլալ այն, որ նախեւառաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան համար մեր զէնքերը կրնանք նաեւ վաճառել միայն ճնշուած ժողովուրդներուն, որոնց զանգուածային ոչնչացման վտանգ կը սպառնայ, եւ/կամ դաշնակիցներուն, ինչպիսին է Միացեալ Նահանգները, որ հիմնականին մէջ  յանձնառու է տարածել ժողովրդավարական արժէքներ եւ խաղաղութիւն: Ի հարկէ, մենք դեռ կրնանք որոշ սխալներ թոյլ տալ, բայց գոնէ մեր խիղճը աւելի մաքուր կ՛ըլլայ, որ զէնք չենք ուղարկեր «նացիականներուն»: 
 
«Ես իմ հայ գործընկերներուն եւ բարեկամներուն միայն կրնամ ըսել՝ ես իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլացի, սարսափած եմ եւ զայրացած»: 
 
Փրոֆ. Չարնիի կոշտ խօսքերը լիովին արդարացուած են, քանի որ թէ՛ իսրայէլացի, թէ՛ ռուս պաշտօնեաները անամօթաբար խոստացեր են շարունակել յաւելեալ զէնք վաճառել Ատրպէյճանին... 
 
Դոկտոր Չարնի երբեք չէ խուսափած իր քննադատական տեսակէտները արտայայտել Իսրայէլի անբարոյ քաղաքականութեան մասին՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ: 2001 թուականին, ան իր ջախջախիչ նամակին մէջ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Շիմոն Փերէսի ըսած է. «Դուք անցած էք բարոյական այն սահմանը, որ պէտք չէ ինքնիրեն թոյլ տայ ոեւէ հրեայ...: Իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլացի, ես կ՛ամչնամ, որ այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստացի հերքման մեջ Դուք այնքան հեռու գացեր էք, որ նման է Ողջակիզումը ժխտելուն»: 
 
Փրոֆ. Չարնի պէտք է բարձր գնահատականի արժանանայ իր խիզախ եւ արդարամիտ դիրքորոշման համար՝ յանդիմանելով իր սեփական երկրի անզգայ առաջնորդները... 
 
 
Յարութ Սասունեան        
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play