Սերժ Սարգսեան մէկ առ մէկ տապալած կամ հեռացուցած է իր բոլոր մրցակիցները


Սերժ Սարգսեան մէկ առ մէկ տապալած կամ հեռացուցած է իր բոլոր մրցակիցները

  • 06-12-2017 10:20:55   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն
Յառաջիկայ Ապրիլին Հայաստան, ըստ 2015-ի հանրաքուէով ընդունուած Սահմանադրութեան, պիտի անցնի խորհրդարանական վարչակարգի։ Անցումային այս շրջանին Հայաստանի լրագրողներուն հարցադրումներուն կարեւորագոյնը կը վերաբերի յաջորդ վարչապետի անուան՝ Կարէն Կարապետեա՞ն, թէ՞ Սերժ Սարգսեան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, նախքան հանրաքուէն, յայտարարած էր, որ իր նպատակը իշխանութեան գլուխ մնալը չէ, թէ ինք պիտի չզբաղեցնէ այդ պաշտօնը։
2016-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը ճշդեց յառաջիկայ Ապրիլ ամսուն Հայաստանի վարչապետին կուսակցական պատկանելիութիւնը՝ հանրապետական, Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) ձեռք ձգած ըլլալով խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւն։
ՀՀԿ-ի պարագլուխներուն վերջին շրջանի յայտարարութիւնները կը թելադրեն Սերժ Սարգսեանի նախընտրութիւնը վարչապետի պաշտօնին։ Մէկ խօսքով Սերժ Սարգսեան պաշտօնապէս թեկնածու չէ, սակայն իր հետեւորդները կը պնդեն( որ ան ըլլայ յաջորդ վարչապետը։
Այսօրուան դրութեամբ երեք լուրջ յաւակնորդներ կը նախատեսուին այս պաշտօնին՝ Կարէն Կարապետեան, Սերժ Սարգսեան եւ Վիգէն Սարգսեան, որոնք երեքն ալ Հանրապետական կուսակցութեան անդամներ են։ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը կարելի է սեպել նախագահ Սարգսեանի սանիկը կամ պաշտպանեալը։ Ուրեմն, բուն մրցակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ նախագահին եւ վարչապետին միջեւ։ 
Իսկ ո՞վ պիտի կատարէ ընտրութիւնը։ Բնական է որ նախագահը։ Չկայ հակակշիռ ուժ մը։ Նախագահը առանձինն կը տիրապետէ երկրի ուժային եւ պետական բոլոր կառոյցներուն՝ բանակ, ոստիկանութիւն, արդարադատութիւն, կառավարութիւն, խորհրդարան, տնտեսութեան ցանցեր … Ամէն ինչ կախեալ է իր կամեցողութենէն։ Պիտի յարգէ՞ իր խոստումը, թէ՞ պիտի շրջանցէ։ «Վիգէն Սարգսեան» լուծումը իրեն համար պիտի ըլլար հաւանաբար յարմարագոյնը, իր ձեռքին մէջ պահելու համար իշխանութեան բոլոր լծակները։ 
Վարագոյրի ետին արդէն սկսած է վարչապետին աշխատանքին ժխտական գնահատականներ տալու արշաւը։ Վարչապետին պաշտօնը հիմնականին մէջ սահմանափակուած է երկրին ներքին կառավարման հարցերով։ Ան կրցաւ կառավարութենէն եւ մարզերէն հեռացնել ամենէն վտանգաւոր տարրերը, ինչպէս Սուրէն Խաչատրեանը կամ Գագիկ Խաչատրեանը։ Հակառակ ընդհանուր առմամբ իշխանութեան հանդէպ ժողովուրդին ունեցած հակակրանքին, վարչապետը մինչեւ այժմ կը վայելէ յարաբերական ժողովրդականութիւն մը։ Կը խուսափի անոր տարրական կարիքներուն վրայ յաւելեալ հարկեր բարդելէ, ինչպէս օրինակ ջուրի սակի յաւելումի պարագան, զոր պետութիւնը իր վրայ վերցուց։ Այլապէս՝ ներդրումային միջավայրի բարելաւումի ցուցանիշեր արձանագրեց։
Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակումը բացառիկ գիւտն է Սերժ Սարգսեանի, խորհրդարանական ընտրութիւնները շահելու եւ անցումային շրջանը բոլորելու համար։ Այս առումով նախագահը մեծ ռազմավար է։ Սակայն, Կարէն Կարապետեան վարչապետի պաշտօնը շարունակելով կրնայ շուքի մէջ ձգել Սերժ Սարգսեանը եւ անոր բացարձակ իշխանութիւնը։ 
Անկախութեան քսանվեց տարիներու ընթացքին Սերժ Սարգսեան մէկ առ մէկ տապալած կամ հեռացուցած է իր բոլոր մրցակիցները։ Կարէն Կարապետեան պիտի դիմանա՞յ անոր ճզմող գլանին։ Որքան ալ իր հրաւիրեալը եղած ըլլայ։
 
Ժ.Չ. ■
ՆՅ 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play