ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԵՒՈՆԻ, ՍԵՐԺԻ, ՆԻԿՈԼԻ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍ ՈՒ DELUSIONAL ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՍԻՆ (3). Րաֆֆի Տուտագլեան


ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԵՒՈՆԻ, ՍԵՐԺԻ, ՆԻԿՈԼԻ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍ ՈՒ DELUSIONAL ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՍԻՆ (3). Րաֆֆի Տուտագլեան

  • 08-12-2019 22:04:31   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
 
 
 
Նախորդ քանի մը նամակներով, անդրադարձած էի երկու նիւթերու՝ Արցախեան տագնապին ու Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Եւ ապացոյցերով, փաստերով եւ մարդոց մթագնած յիշողութիւնը լուսաւորելով բացատրած էի, թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արցախեան եւ թրքական քաղաքականութիւնը իր էութեամբ եւ նպատակներով շատ աւելի մօտ եղած է Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի քաղաքականութեան, քան՝ Փաշինեանի: Դէպքերու եւ իրադարձութիւններու յստակ մանրամասնութիւններով ցոյց տուած էի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու քաղաքական ուղղութիւններու զուգահեռները մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն ալ՝ Փաշինեանի քաղաքական ուղեգիծի տարբերութիւնը՝ նախորդներու ուղղութենէն:
 
Հիմա խօսինք այս չորսին միջեւ մնացեալ տարբերութիւններուն եւ զուգահեռներուն մասին, ցոյց տալու համար, որ երկրորդ եւ երրորդ նախագահները իրենց քաղաքականութեամբ շատ աւելի մօտ ու հոգեհարազատ եղած են Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, քան որեւէ այլ մարդու:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն սկսաւ ազգային հարստութեան թալանը ու շարունակուեցաւ ու աւելի թափ ստացաւ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու օրերուն: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն պետական շէնքերու եւ գործարաններու «սեփականաշնորհումը» դեռ աւարտին չէր հասած, երբ յաջորդ երկու նախագահներու օրերուն թալանը հասաւ հանքերուն, անտառներուն, ջուրերուն, ազգին ու պետութեան պատկանող բնական հարստութիւններուն: 15 միլիոն տոլար կաշառքով անյայտ հանքատէրերու հանքեր վաճառելն ու անտառներու անխնայ ջարդը, հողերու եւ անտառապատ տարածքներու, շէնքերու եւ գործարաններու մասնաւորեցումը եւ սեփականաշնորհումը վերջին երկու նախագահներու ժամանակաշրջանին մեծ թափ շարունակուեցաւ: Ոչ մէկ տարբերութիւն՝ նպատակին ու ձեւին միջեւ: Պարզ չէ՞ պատճառը, թէ ինչու՛ Քոչարեան ու Սերժ Սարգսեանը որեւէ լուրջ քննութիւն չբացին նախկին վարչակարգի կարկառուն դէմքերուն կատարած յանցագործութիւններուն շուրջ: Յստակ է, որ բոլորն ալ ՄԻԱՍԻՆ մասնակից էին նոյն գող-աւազակութեան, նոյն թալանին: Փոխուէր էին դէմքերը, Լեւոնը եղած էր Ռոբետ, Ռոբերտը՝ Սերժ, ՀՀՇն եղած էր ՀՀԿ ու ՕԵԿ, բայց երկիրը կողոպտելու աւանդութիւնը մնացեր էր նոյնը... Իսկ այսօր, այն ինչ որ կը բացայայտուի, այն կողոպուտին ու թալանին մասին որ կ'իյմանանք, ընդամէնը կատարուածին փոքրիկ տոկոսն է, սառցակոյտին գագաթը միայն... Իսկ հիմա կա՞յ հովանաւորուած անխնայ թալան: Պատասխանը յստակ է՝ ՉԿԱՅ:
 
Երեք նախագահներու օրերուն ընտրական գործընթացնե՞րն էին տարբեր: Ո'չ, հազար անգամ ո'չ: Ընտրախախտումները սկսան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն, 90-ականներու կէսերուն եւ գագաթնակէտին հասան Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի տարիներուն, դառնալով շատ աւելի կեղտոտ ու ահաւոր: Եթէ Տէր Պետրոսեանի օրերուն՝ Վազգէն Սարգսեանի եւ Վանո Սիրադեղեանի ճնշումներով ու բրտութիւններով տեղի կ'ունենային ընտրութիւնները, ապա Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի օրերուն ճնշումներուն աւելցան ընտրակաշառքը, մեռածներու եւ արտագաղթածներու քուէներն ու այլ զեղծումներ... Իսկ այսօ՞ր, բոլորը ընդունեցին, որ 2018-ի յեղափոխութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան ազատ եւ արդար ընտրութիւններ՝ տեղական, Երեւանի եւ համապետական մակարդակներով: Հայ քաղաքացին ճնշումներու չենթարկուեցաւ, իր արժանապատւութիւնը 10 հազար դրամով գնող չեղաւ, մեռածներն ու արտագաղթածները չքուէարկեցին...
 
Ու դեռ կրնանք անդրադառնալ երեք նախագահներու օրերուն տեղի ունեցած մամուլի հալածանքներուն, լրագրողներու խոշտանգումներուն, կաշկանդումներուն, եւայլն: Իսկ այսօր յստակ է մէկ բան՝ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները այսքան ազատ եւ այսքան անկաշկանդ չեն եղած: Հայաստանի պատմութեան ընթացքին իշխանութեան հակադրուած ուժերը այսքան քանակով լրատուամիջոց եւ այսքան հնարաւորութիւն եւ ազատութիւն չեն ունեցած:
 
Դեռ կարելի է այլ օրինակներու մասին ալ խօսիլ, օրինակ՝ կոռուպցիայի: Հիմա կրնա՞յ մէկը դրժել, որ այսօր լուրջ պայքար կայ կոռուպցիայի դէմ, իսկ անցեալին, Լեւոնի, Ռոբերտի եւ Սերժի օրերուն, կոռուպցիան ոչ միայն կը ծաղկէր, այլ հովանաւորուած էր ամենավերին մակարդակի ղեկավարներուն կողմէ:
 
Անոնք, որոնք այսօր կը փորձեն նոյնացնել Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու Նիկոլ Փաշինեանը, հասարակ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐ են, որոնց նպատակը ապատեղեկատւութեամբ ու ապակողմնորոշելով՝ մարդոց մտքերը պղտորել ու ատելութիւն սերմանել է: Այս մարդիկ ժողովուրդին կողմէ քաղաքական բեմէն կիցով դուրս նետուած հակահերոսներ են, ձախողած ղեկավարներ: Այս մարդիկ այլ ձեւով ինքնահաստատուելու, քաղաքական դիւիդենտներ շահելու միջոցներ չունին, չեն ալ գիտեր: Ապատեղեկատւութեան, ֆէյք նիուզի, ատելութեան սերմանումի միջոցով է, որ կը փորձեն վերապրիլ եւ վերստին տեղ գրաւել քաղաքական բեմին վրայ: Սուտն ու կեղծիքը այս մարդոց վերջին յոյսն է, վերջին ապաւէնը, նորերը տկարացնելու եւ արդարադատութենէն խուսափելու անբարոյ ճանապարհը: Եւ այդպէս ալ պիտի մնան՝ սուտի ու կեղծիքի ասպետներ, մինչեւ... վերջնական պարտութիւն: Մինչ այդ, չորին հետ պիտի այրեն նաեւ կանաչը ու իրենց հետ ջրախեղդ պիտի ընեն շատ ու շատ միամիտ հետեւորդներ...
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
 
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play