Պետութիւնը ժողովուրդէն կը ծնի` ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը<br /> պաշտպանելու համար


Պետութիւնը ժողովուրդէն կը ծնի` ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը
պաշտպանելու համար

  • 14-04-2011 17:17:11   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն
Ռամկավար Մամուլ Ապրիլ 14, 2011 Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ազգին խօսափողն ու պաշտպանն է ԱզգայինԺողովը (Խորհրդարանը, Սենատը, Ներկայացուցիչներու Տունը, Տուման եւ այլն): Որքան ներկայացուցչական է խորհրդարանը (այսինքն անդամները ընտրուած են եւ ոչ թէ ուժի միջոցով կամ կաշառքի ու ստորաքարշութեամբ հասած են ժողովրդավարութեան խորհրդանշան այս կառոյցի աթոռներուն), այնքան առողջ է այդ երկիրը: Կարգ մը ժողովրդավարութիւններ (Democracies-հանրապետութիւններ, ժողովրդավարական պետութիւններ) կը հպարտանան իրենց հաստատութեամբ` օրինակ ծառայելով այլ հանրապետութիւններու: Բազմաթիւ պետութիւններու շարքին մեր հայրենի պետութիւնը ցաւօք սրտի չի պատկանիր հպարտացողներու փաղանգին, թէեւ 1990-ականներուն յոյսերը մեծ էին: Անցնող քսան տարիները բաւարար չեղան բարելաւումներու արագացման. Կը պարզուի նաեւ, որ առաջին ազգընտիր նախագահի ,մութե տարիներուն (՞) Ազգային Ժողովը շատ աւելի սրտցաւ անդամներէ կամ երեսփոխաններէ (դեբուտատ) կը բաղկանար: Ուրեմն կը պարզուի, որ այդ տարիներուն ժողովուրդի ներկայացուցիչ ըլլալը ,գործնականե ու գործնապաշտ, հիւթեղ ու կաթնատու աղբիւր մը չէր, իսկ անմիջապէս որ Արցախի պատերազմի վառօդի ծուխն ու կրակոցները անհետանան, ,ժողովուրդի ներկայացուցիչե դառնալը եղաւ հասութաբեր նախաձեռնութիւն մը, միջոց մը ու գործիք մը մեր երկրին սահմանափակ աղբիւրները քամելու: Կան եւ ունինք նաեւ քիչ թիւով ներկայացուցիչներ, ժողովուրդի բարօրութիւնը իրենց հոգսը դարձուցած այրեր ու կանայք, որոնք օրինակելի սկզբունքայնութեամբ ու հետեւողականութեամբ կը փորձեն ծուռ բան մը շտկել մեր անտէր անրապետութեան մէջ: Վերջին շրջանի ընդվզումները, բողոքի քայլարշաւները, խումբ մը քաջարի հայ կանանց յախուռն ձեռնարկներն ու ելոյթները հանդիպեցան փճացած կամ իր երկագիծէն դուրս թռած պետութեան մը մեղսակիցը դարձած ուժային միաւորներու բրտութեան: Լուսանկարչական գործիքներու առատութեանց ու ոչ-դիւրութեամբ յայտնաբերուող արժական հեռաձայններէ մեզի փոխանցուած վայրագութեանց արտայայտութիւնները եւ տեսարանները աւելի քան համոզիչ են, եւ ոչ միայն համոզիչ, այլ մտահոգիչ: Նախ որովհետեւ ազգային (իմա` իշխանամէտ) զանգուածային լրատուութիւնը մաղէ անցընելէ եւ խմբագրելէ ետք միայն դիտող զանգուածին կը հասցնէ դէպքերու աղճատուած պատկերը, այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, թէ ցուցարարները փողոցային ու ,լաչարե կանանց խումբ մըն են: Բայց դիտողներու մեծ մասը աչք ունի եւ ականջ, ունի նաեւ հոտառութիւն ու ձեւափոխուած լուրերը իրականէն զատորոշելու փորձառութիւն: Վտանգաւոր ապատեղեկատուութիւն եւ լուրերու զտում կայ մեր հայրենիքին մէջ, ի զուր ու անհեռանկար փորձեր, որոնք աւելի՛ կը բարդացնեն ու կը լարեն կացութիւնը, որովհետեւ թեքնոլոճի-ի այժմու յառաջացած պայմաններուն մէջ գլուխը բերդաքաղաքի պարիսպին զարնելու կը նմանի պետութեան գործադրած ջանքը: Այսօրուան իշխանութիւններուն ամէն գնով պետութեան բարձրաստիճան դիրքերուն վրայ մնալու այս յառմառութիւնը կը յաջողի միայն խորացնելու պետութիւն-ժողովուրդ հակամարտութիւնը, զանգուածին անվստահութիւնը եւ հիասթափութիւնը: Արաբական երկիրներու մէջ մենք բացէ ի բաց տեսանք, որ ժողովուրդին կուտակուող հիասփաթութիւնը ուր կրնայ հասցնել երկիրը, եւ օր մըն ալ ինչ փորձանք կրնայ դառնալ այսօրուան բռնատէրերուն ու վաղուան պատուազրկուածներուն գլխուն: Պետութիւնը ժողովուրդէն կը ծնի` ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը պաշտպանելու համար: Օրէնքները այն գործիքներն են, որոնք երկիրը կը դնեն օրինականութեան պարունակին մէջ եւ չեն ծառայեր իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ վերնախաւ կարծողներուն շահերուն: Ո՛չ, պարոնայք, օրէնքը դուք չէք, այլ դո՛ւք էք օրէնքին ենթական: ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լոս Անճելըս
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն