Այս օրերուն Հայաստանի կամ Երեւանի մասին զանազան յօդուածներ կը հրատարակուին Թրքական թերթերու մէջ


Այս օրերուն Հայաստանի կամ Երեւանի մասին զանազան յօդուածներ կը հրատարակուին Թրքական թերթերու մէջ

  • 07-07-2011 17:20:44   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա Ինչպէս երէկ մանրամասնօրէն հաղորդած էինք, Թուրք լրա•րողներ Երեւան •ացած էին ու շփումներ ունեցած էին տեղւոյն ղեկավար դէմքերուն հետ։ Այս կապակցութեամբ, այս օրերուն Հայաստանի կամ Երեւանի մասին զանազան յօդուածներ կը հրատարակուին Թրքական թերթերու մէջ։ Ասոնցմէ մէկն է »Վաթան«ի մէջ Տողան Սաթմըշի յօդուածը, ուր կը պատմուի որ երկխօսութեան հեռանկարով Հայաստան հրաւիրուած թուրք լրա•րողները այցելեցին նաեւ Երեւանի Նահատակաց Յուշարձանն ու Ցեղասպանութեան Թան•արանը։ Անոնք տեսան Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ տեղահանուած հայերու մասին թուրքերը ամբաստանող •իրքեր ու լուսանկարներ։ Թան•արանի Տնօրէն Հայկ Դէմոյեանին թուրք լրա•րող մը ուղղեց այն հարցումը, թէ մինչ թուրքերը կ’ամբաստանուին այս խնդրին մէջ, ինչո՞ւ հոս խօսք չկայ նաեւ այն թուրքերուն մասին որոնք հայերուն օ•նեցին։ Դէմոյեան սապէս պատասխանեց. »Այո՛, •իտենք որ այդպիսի թուրքեր կային։ Յառաջիկայ տարի թան•արանը ընդարձակած ու հոն նոր բաժին մը բացած պիտի ըլլանք, այս ան•ամ պիտի բանանք նաեւ այդպիսի թուրքերու մասին բաժին մը։ Ես կրնամ խօսիլ երեք տիպար թուրքերու մասին որոնք հայերուն օ•նեցին։ Ասոնցմէ մէկն է Ուրֆացի դատաւոր մը, որ ըստ միսիոնարներու տեղեկութեանց, շատ օ•ներ է հայերուն։ Ժամանակակիցները զինքը »Կեավուրներու փաստաբանը« անուաներ են։ Ասոր պատկերն իսկ պիտի ցուցադրենք։ Երկրորդը Ատանացի մըն է, որ որպէս զոհ բերուած հայերուն առջեւ կան•նելով ըսեր է մարդասպաններուն. »Նախ զիս կը սպաննէք, վերջը՝ զանոնք«։ Երրորդն ալ Քիւթահիոյ այդ շրջանի Քաղաքապետն է, ան ալ բազմաթիւ հայեր պաշտպաներ է«։ Դէմոյեան դիտել տուաւ որ թան•արանին մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ Մուրատ Պարտաքճըի կողմէ հրատարակուած »Թալաթ Փաշայի նօթերը« տետրակը։ Երբ լրա•րողներ դիտել տուին որ Թալաթ Փաշայի տետրակին մէջ զոհուած հայերուն թիւը մէկուկէս միլիոնէն նուազ է, Դէմոյեան պատասխանեց որ պատահարները 1915ով սահմանափակուած չեն, ատոր նախորդող ու յաջորդող շրջաններն ալ կան։ Թղթակցութեան մէջ կը նշուի որ թուրք լրա•րողներուն համար հետաքրքրական էր իմանալ նաեւ Մեծամօրի Աթոմակայնին մասին։ Պատասխանատուները յայտնեցին որ վախնալիք բան չկայ, եթէ վտան• մը կայ, վտան•ը Թուրքիայէ առաջ Երեւանի բնակչութեան համար վտան• է որովհետեւ Հայաստանի 3,2 միլիոն բնակչութեան •րեթէ ամբողջութիւնը Երեւանի մէջ կը բնակի։ Աթոմակայանը քննարկուեցաւ Միջազ•ային Աթոմական Խորհուրդի կողմէ եւ •ոհացուցիչ նիշ ստացաւ, շարունակ ալ քննարկումի տակ կը •տնուի, վախնալու բան չկայ։ Այս աթոմակայանը իր կեանքը պիտի լրացնէ 2016-ին։ Նոր աթոմակայանի մը կառուցումը ծրա•րուած է։ Հայաստան ուզեց ելեկտրականութիւն վաճառել Թուրքիոյ, բայց Թուրքիա մերժեց։ Թղթակցութեան մէջ յաճախակի կերպով կը խօսուի նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան ու Վրաստանի վրայով Թուրքիայէ ներածուած ապրանքներու մասին։ Այսօր »Թարաֆ«ի մէջ ալ հրատարակուած է Փէլին Ճէնկիզի մէկ յօդուածաշարքին երկրորդը, ուր յօդուածա•իրը կը խոստովանի որ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին դժուարացան յստակ տեսնելու Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը։ Երկրին մէջ վիճակա•րական տուեալներ չկան, բնակչութիւնը պաշտօնական տուեալներու համաձայն 3,2 միլիոն է, հարցեր կան ան•ործութեան կամ տուրք հաւաքելու խնդիրներուն մէջ։ Յօդուածին կարեւոր մէկ մասը տնտեսական տուեալներու վրայ հիմնուած է, Հայաստան, որուն ցամաքային սահմանները •րեթէ ամբողջութեամբ փակ են, պարտաւոր է նոր ճամբաներ փնտռելու։ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ դիւանա•իտական կապեր չըլլալով հանդերձ, •ործարարները հասարակաց ծրա•իրներ մշակել սկսան։ Մէտիայի բնա•աւառէն ներս, թերթերու արժե•իները շատ բարձր են։ Հոս ալ խօսք կայ Մեծամօրի Աթոմակայանի մասին, որ կը նմանցուի Ճաբոնի ուքուշիմային։ Հոս յօդուածա•իրը կը •րէ որ թէեւ Միջազ•ային Աթոմական Խորհուրդը նպաստաւոր տեղեկա•իր տուած է Մեծամօրին համար, բայց այս տեղեկա•իրը ո՛չ մէկուն •ոհացում պատճառած է։ Մէտիա Սթիլի խմբա•իր Գարէն Յարութիւնեան ըսած է որ իրենք ալ կը վախնան աթոմակայանէն։ Աթոմակայանէն փրկուելու պարա•ան կախեալ է Կովկասներու իրավիճակներու զար•ացումներէն։ Անդրսահմանային Ջուրերու Շրջապատի Հիմնարկութեան ղեկավարներէն Լեւոն Մարտիրոսեանն ալ ըսած է հետաքրքրական բան մը։ Ան դիտել տուած է որ երկու երկիրները իրարմէ բաժնող Արփաչային ջուրերը քննուեցան ու որոշ ապականում տեսնուեցաւ ջուրին մէջ։ Ինք, հակառակ որ երեք ան•ամ Կարս •նաց, խօսակից մը չկրցաւ •տնել այս նիւթերու շուրջ։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play