Հիլտա Չոպոյեան պնդեց որ թուրք մամուլը խեղաթիւրեց Ազնաւուրի ըսածները


Հիլտա Չոպոյեան պնդեց որ թուրք մամուլը խեղաթիւրեց Ազնաւուրի ըսածները

  • 09-09-2011 17:33:00   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա Ականաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր դարձեալ լուրերու առաջին գծի վրայ է Ֆրանսական Հեռատեսիլէն իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին իր ըսածներուն համար։ Երէկուան մեր թիւով արձագանգած էինք Թուրք մամուլի լուրերը, ըստ որու Ազնաւուր ըսած էր որ »ցեղասպանութիւն« բառը զինք կ’անհանգստացնէ, որպէսզի Թուրքերը սահմանը բանան ու երկխօսութիւն հաստատեն, եթէ պայման է, կրնանք ուրիշ բառ մը գտնել։ Ազնաւուր ըսած էր նաեւ որ թուրքերը լաւ մարդիկ են, ըսուածին պէս չեն եւ թէ իր երազն է օր մը Թուրքիա այցելել։ Այս լուրը թուրք մամուլին մէջ հրատարակուեցաւ զանազան մեկնաբանութիւններով, ոմանք գրեցին որ հայկական լոպին սաստիկ զայրացած է Ազնաւուրին դէմ եւ զինքը այժմ կը նկատէ ուրացող ու հայ դատին դաւաճանող։ Ուրիշ հայեր ալ զօրավիգ կանգնեցան Ազնաւուրին։ Թուրք թերթերէն մէկն ալ կը գրէր որ Ազնաւուր մինչեւ երէկ Հայերու ազգային հերոսն էր, հիմա անոնք անոր կը նային որպէս դաւաճան։ Անշուշտ որ չափազանցութիւն կայ այս բոլորին մէջ եւ ողջամիտ ոեւէ հայ քննադատելի բան չի կրնար գտնել Ազնաւուրի խօսքերուն մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք որ Ազնաւուր հինէն ի վեր մէկն է որ կը խօսի չափաւոր ոճով ու առանց քինախնդրութեան կամ զայրոյթի։ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞նՉ ԸՍԱԾ ԷՐ ԱԶՆԱՒՈՒՐ Այս խորագրին ներքեւ երէկ Էն-Թի-Վի կայքէջի վրայ Գայհան Գարաճա կը գրէր հետեւեալը. Ահաւասիկ այն ինչ որ Ազնաւուր ըսած է հեռատեսիլի յայտագրի ընթացքին. ՀԱՆԴԻՍԱՎԱՐ.- Ձեր վերջին երգը կը խօսի մարդոց վրայ գործադրուած զուլումի մասին։ ԱԶՆԱՒՈՒՐ.- Բոլոր ցեղասպանութիւնները իմ ցեղասպանութիւններս են։ Ես մէկը կամ միւսը չէ որ ընտրեցի։ Խնդրոյ առարկայ չէ որ հայ ըլլալուս համար հայերուն ցեղասպանութիւնը պիտի ընտրեմ։ Ռուլանտան կայ, ԱՄՆ-ի գարպուրամորթերը կան, հրեաները կան։ Կարգ մը երկիրներու մէջ կատարուածներն ալ ցեղասպանութիւն են։ ՀԱՆԴԻՍԱՎԱՐ.- Ուրեմն պէտք է մոռնա՞լ այդ ցեղասպանութիւնները։ ԱԶՆԱՒՈՒՐ.- Ճիշդ է, կրնաք ներել, բայց պէտք չէ որ մոռնաք։ ՀԱՆԴԻՍԱՎԱՐ.- Դուք քինախնդի՞ր էք։ ԱԶՆԱՒՈՒՐ.- Բացարձակապէս ոչ։ Իմ երազանքս է Թուրքիա այցելել։ Երբ ասիկա կ’ըսեմ, կարգ մը հայեր ինծի կը նային տարօրինակ կերպով։ Կ’ըսեմ, որովհետեւ Թուրքիա շատ գեղեցիկ երկիր է։ Մարդիկը երբեք ձեր մտածածին պէս չեն։ Չմոռնամ ըսելու որ հրաշալի խոհանոց մը ունին եւ օդը շատ գեղեցիկ է։ Ի վերայ ամենայնի ասիկա իմ մօրս երկիրն է։ Ես հայկական ծագումով րանսացի եմ, իսկ մայրս հայկական ծագումով թուրք մըն էր։ ՀԱՆԴԻՍԱՎԱՐ.- Ձեր գրքին մէջ գրած էք որ ցեղասպանութիւն բառը անհանգստացնող բառ մըն է, այսպէս սկսած էք գրել։ ԱԶՆԱՒՈՒՐ.- Ցեղասպանութիւն բառը անհանգստացնող բառ է եւ սկսած է զիս ալ անհանգստացնել։ Գիտեմ որ պիտի զայրացնեմ կարգ մը հայերը, բայց խնդիր չէ։ Ինչ որ ըսել կ’ուզեմ, հետեւեալն է. եթէ թուրքերը կարենան իսկապէս ցոյց տալ պարկեշտութիւնը բացատրելու թէ այս բառը զիրենք շատ կ’անհանգստացնէ, այն ատեն, որպէսզի սահմանները բացուին, կրնանք ուրիշ բառ մը գտնել եւ այն ատեն Թուրքիոյ կառավարութիւնը, )թուրքերը չեմ ըսեր, այլ կ’ըսեմ Թուրքիոյ կառավարութիւնը_ մեզի հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու մասին կը մտածէ։ ՀԱՆԴԻՍԱՎԱՐ.- Թուրքերու համար ինչո՞ւ այսքան դժուար է այս ողբերգութիւնը։ ԱԶՆԱՒՈՒՐ.- Եթէ յիշողութիւնս քրքրեմ պիտի յիշեմ որ մենք քրիստոնեաներս խմելու ընթացքին »կենաց« կ’ըսենք, հրեաները »կեանքիդ« կ’ըսեն իսկ թուրքերը »քու պատիւիդ« կ’ըսեն։ Ես կը կարծեմ որ խնդրին էութիւնը հոս է։ Պէտք է աշխատինք որ թուրքերը հասկնան որ պատիւ կոչուածը երկու երեսակ ունի։ Պատիւը պարզապէս պաշտպանուելու համար չէ, պատիւը միաժամանակ եղածը ընդունելու եւ երիտասարդներու ուսերուն վրայ անսրբելի արատ մը չդնելու մէջ կը կայանայ։ ՀԻԼՏԱ ՉՈՊՈՅԵԱՆ ԿԸ ՊՆԴԷ ՈՐ ԹՈՒՐՔ ՄԱՄՈՒԼԸ ԽԵՂԱԹԻՒՐԵՑ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԽՕՍՔԵՐԸ Երեւանի »Նիւզ Այ, Էմ« լրատու կայք էջը արձագանգ հանդիսացաւ Դաշնակցութեան, Հայ Դատի Եւ Քաղաքական Հարցերու Եւրոպական Գրասենեակի Ղեկավար Հիլտա Չոպոյեանի այն յայտարարութեան թէ թուրք մամուլը այս անգամ եւս խեղաթիւրեց Ազնաւուրի խօսքերը։ Հիլտա Չոպոյեան Նիւզ Այ Էմ Գործակալութեան թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին սապէս խօսեցաւ. »Ամէն անգամ որ Թուրքիոյ եւ թուրքերու մասին կը խօսի, Շարլ Ազնաւուր կը փորձէ չափաւոր ելոյթ ունենալ։ Այս անգամ եւս ան փորձած է զանազանել թուրք անհատները եւ թուրք պետութիւնը։ Բայց այնպիսի արտայայտութիւն մը թէ իբր թէ ցեղասպանութիւն բառը զինք կ’անհանգստացնէ, երգիչը այդպիսի բան չէ ըսած։ Թուրքերը խեղաթիւրած են անոր խօսքերը։ Ազնաւուրը միայն ըսած է որ իրեն համար ինչպէս մէկ հոգիի, նոյնպէս ալ 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը հաւասարապէս անթոյլատրելի է։ Հաղորդման ընթացքին ան ըսած է նաեւ որ պէտք է արդարութիւն կատարուի։ Հիլտա Չոպոյեան ըսաւ որ Ազնաւուր անդրադարձած է նաեւ համայն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու, ինչպէս հրեաներու ցեղասպանութեան մասին։ Հիլտա Չոպոյեան ըսաւ որ թուրք մամուլի կողմէ գրուածներուն մէջ ճիշդ է միայն այն թէ մեծ երգիչը ըսած է որ թուրքերը բոլորովին տարբեր են քան ի՞նչ որ կը մտածէք անոր մասին, թէ անոնք լաւ մարդիկ են։ Ան ըսած է որ Թուրքիոյ մէջ օդը լաւ է, ճաշատեսակները հրաշալի են։ Հիլտա Չոպոյեան հերքեց նաեւ թրքական կողմէ հրապարակուած այն տեղեկատուութիւնը թէ իբր թէ Ազնաւուրի այս խօսքերը զայրոյթ պատճառած են բազմաթիւ հայերու, որոնք ուրացումով եւ դաւաճանութեամբ ամբաստանած են զայն։ »Այդպիսի բան չկայ, ատիկա թուրք մամուլի յերիւրանքն է«, եզրակացուց Չոպոյեան, յիշեցնելով որ չափաւոր կեցուածք կ’ունենան ընդհանրապէս բոլոր արուեստագէտները։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play