ԱՄՆ նախագահ Բարաք Օբաման առաջարկել է կրճատել Հայաստանին տրամադրուող ցանկացած տնտեսական օժանդակութիւն


ԱՄՆ նախագահ Բարաք Օբաման առաջարկել է կրճատել Հայաստանին տրամադրուող ցանկացած տնտեսական օժանդակութիւն

  • 15-02-2012 14:40:30   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Լոս Անճէլըսի մեր պաշտօնակից «ասպարէզէ օրաթերթէն կը տեղեկանանք թէ Ամերիկայի Նախագահ Օպամայ 13 Փետրուարին ներկայացուց 2013ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որուն մէջ կ'առաջարկուի 19 առ հարիւր համեմատութէամբ կրճատել տնտեսական այն օժանդակութիւնը, որ կը տրամադրուի Հայաստանի: Օպամայ առաջարկեց 27.219 հազար տոլար տնտեսական օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին, ինչ որ 32 առ հարիւրով նուազ է 2012ին Քոնկրէսի կ'ողմէ վաւերացուած տնտեսական օգնութէան համեմատութենէն, որ կը կազմէր 40 միլիոն տոլար: Ամերիկայի Հայ Դատի եանձնախումբը դիտել տուաւ որ 2013ի տնտեսական օժանդակութէան մէջ չէ ներառնուած այն 2.824 հազար տոլարը, որ Ամերիկայի կ'ողմէ Հայաստանի կը եատկացուի թմրեցուցիչներու եւ իրաւակարգի նկատմամբ միջազգային հսկողութէան ծրագրէն ներս, եւ 2.500 միլիոն տոլարը, որ նախատեսուած է Առողջապահութէան համաշխարհային ծրագիրներու լոյսին տակ: «եթէ այդ երկու գումարներն ալ աւելցնենք, տնտեսական օգնութէան ընդհանուր գումարը պիտի կ'ազմէ 32.543 միլիոն տոլար, ինչ որ 19 առ հարիւրով պակաս է 2012ի օգնութենէնէ, կ'ըսուի Հայ Դատի եանձնախումբի հաղորդագրութէան մէջ: Գալով ռազմական օգնութէան, ապա Օպամայի վարչակազմը առաջարկած է օտարերկրէայ ռազմական օժանդակութէանց ու միջազգային ռազմական կրթութէան եւ ուսուցման ծիրէն ներս Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրամադրլ հաւասարաչափ օգնութիւն, որ կը կ'ազմէ 2.7 միլիոն տոլար: 2013ի պիւտճէի մէջ Ղարապաղին եատկացուելիք օժանդակութէան մասին որեւէ խօսք չկայ: Ատրպէյճանի եատկացուած օժանդակութէան գումարը 2012ի 16.6 միլիոն տոլարէն իջած է 11 միլիոն տոլարի, իսկ Վրաստանին եատկացուած օգնութիւնը` 66 միլիոն տոլարէն 42.600 միլիոն տոլարի: Միջազգային ռազմական կրթութէան եւ ուսուցման շրջագծով Օպամայ առաջարկած է Թուրքիոյ եատկացնել 3.6 միլիոն տոլար: Առաջարկին մէջ նաեւ կը շեշտուի որ Թուրքիայ կարեւոր դաշնակից մը կը նկատուի Ուաշինկթընի համար: Յիշեցնենք որ պիւտճէի առաջարկը պէտք է քննարկուի Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի կ'ողմէ եւ քննարկումներու ընթացքին կրնան եատկանշական փոփոխութիւններ կատարուիլ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը