Ժխտողականության պատժելիության վերաբերյալ գիտաժողով Փարիզի Փաստաբանական Պալատում


Ժխտողականության պատժելիության վերաբերյալ գիտաժողով Փարիզի Փաստաբանական Պալատում

  • 16-02-2012 09:46:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Փարիզի Փաստաբանական կաճառի՝ Պատժական Իրաւաբանութեան Հիմնարկը, որու նախագահն է Վէնսան Նիորէ, գաղափարը ունեցած էր Փետրուար 6ի իր գիտաժողովը միաժամանակ յատկացնելու՝ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութեան նիւթին: Մինչ հարցին վերաբերող օրինագիծը, հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ քուէարկուած էր 2011 Դեկտեմբեր 22ին եւ նոյնքան դժուարութիւններ հատելով՝ 2012 Յունուար 23ին ալ՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ, անոր հանրապետական օրէնքի ուժ ստանալը առկախուած է խումբ մը երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու կողմէ Սահմանադրական Խորհուրդին ներկայացուած՝ անսահմանադրականութեան պատճառաբանութեամբ բողոքի դիմումներուն հետեւանքով: Ելոյթ ունեցող փաստաբաններուն մեծամասնութիւնը արտայայտուեցաւ ի նպաստ օրէնքին, ինչպէս մէթր Սեւակ Թորոսեան, կամ մէթր Ժուանօ որ թունդ պաշտպաններէն է օրէնքին: Բայց, օրինակ, մէթր Լըքլէր ալ դէմ արտայայտուեցաւ: Այս շատ հետաքրքրական եւ շահեկան գիտաժողովը գումարուեցաւ Փարիզի փաստաբանական կաճառի տան «Լուի-Էտմոն Փըթիթի» լսարանին մէջ: Ներկայ էր, իրաւաբաններու կողքին, մեծ թիւով ալ ոչ-իրաւաբան, պարզ հանրութիւն մը: Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ԼՂՀ, Ֆրանսայի Հրէական Հիմնարկներու Ներկայացուցչական Խորհուրդի (CRIF) ու Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) ներկայացուցիչները: Ժ.-Մ. Ե. ՆՅ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը