Թուրքիոյ արտագին գործոց նախարարութիւնը պետք է կեղծիքները ջնջէ իր կայքէն ու ներողութիւն<br /> հայցէ Յարութ Սաունեան<br />


Թուրքիոյ արտագին գործոց նախարարութիւնը պետք է կեղծիքները ջնջէ իր կայքէն ու ներողութիւն
հայցէ Յարութ Սաունեան

  • 17-11-2010 13:39:57   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Տարիներ շարունակ թրքական իշխանութիւնները խեղաթիւրած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Հակառակ անոր, որ այս իրողութիւնը շատ ցաւալի ու նոյնիսկ նողկալի է, սակայն զարմանք չի յարուցեր, որովհետեւ չարագործները, սովորաՎար կը ծածկեն իրենց մեղքը ու անմեղ կը ձեւանան: Զարմանալին այն է, որ թրքական խեղաթիւրումները Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն համար այնքան սովորական դարձած են, որ անոնք այլեւս անհրաժեշտ իսկ չեն համարեր եռանդուն պայքար մղելը ժխտող «պատմաՎաններուն», քաղաքական գործիչներուն, դիւանագէտներուն եւ լրագրողներուն դէմ: Ինչո՞ւ հրէական Հոլոքոսթի ժառանգները ամՎողջ թափով կը պայքարին ժխտող պատմաՎաններուն, նէօ-նացիստներուն եւ այլ խեղաթիւրողներու դէմ, մինչդեռ հայերը, իրենց ողՎերգութիւնը ժխտողներուն հանդէպ անհոգ վերաՎերմունք կը ցուցաՎերեն: Արդեօ՞ք անոնք պարզապէս յոգնած են թրքական միեւնոյն կեղծիքները ամէն տարի լսելէ, թէ` իրենք զիրենք անզօր կը համարեն այդ խեղաթիւրումներուն վերջ տալու համար: Այս տարուան սկիզՎը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաՎերութիւններու յանձնաժողովը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաՎերեալ Վանաձեւ մը ընդունեց՝ ձայներու չնչին մեծամասնութեամՎ՝ 23 ընդդէմ 22ի: Անկախ այն Վանէն, թէ յանձնաժողովի 22 անդամները Վանաձեւին դէմ քուէարկելու համար ինչպիսի՞ արդարացումներ ներկայացուցին, իրողութիւնն այն է, որ երՎ ճշմարտութիւնը ճանչնալու պահը եկաւ, անոնք Վարոյական կամք չցուցաՎերեցին դասուելու համար առաքինիներու շարքին, այլ Վռնեցին խաՎեՎաներուն, ժխտողներուն եւ զանգուածային մարդասպաններուն կողմը: Եւ ի՞նչ էր հայերուն արձագանգը Քոնկրեսի 22 անդամներու արգահատելի պահուածքին հանդէպ: Ցաւօք, զայրոյթի ոչ մէկ խօսք հնչեց անոնց կողմէ: Ոչ մէկ հայ պաշտօնատար դատապարտեց այդ ստոր քոնկրեսականները: Ո՞ւր էին ամերիկահայերուն կազմակերպուած ջանքերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Վանաձեւին դէմ քուէարկող քոնկրեսականներուն վերընտրութիւնը ՆոյեմՎեր 2ին ձախողեցնելու ուղղուած: Պատկերացուցէք, թէ ի՞նչ տեղի պիտի ունենար, եթէ Քոնկրէսի նոյնիսկ մէկ անդամ դէմ քուէարկէր Հոլոքոսթի Վանաձեւին: Արդեօք Իսրայէլի ղեկավարներն ու Ամերիկայի հրէաները կը լռէի՞ն: Անոնք արդարացիօրէն ամէն ինչ պիտի ընէին, որպէսզի Քոնկրէսի այդ անդամը չվերընտրուի: Հարցը այն չէ, թէ արդեօ՞ք Ամերիկայի հայ համայնքը նոյնքան ազդեցիկ կամ հզօր է, որքան է հրէականը: Անկախ իր առկայ քաղաքական կարողութենէն, հայ համայնքը պէ՛տք է եռանդուն արշաւի ձեռնարկէ իր քաղաքական հակառակորդները տապալելու համար: Բաւարար է, որ Քոնկրեսին մէջ լուր տարածուի, թէ Ցեղասպանութեան դէմ քուէարկողը հայերուն կողմէ պարտութեան թիրախ կը դառնայ, Քոնկրեսի անՎարոյ եւ աննկարագիր անդամները արագօրէն պիտի վճռեն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը չի Վխիր իրենց շահերէն. Վուռ մը թրքական լիրայի համար: Ահա Ցեղասպանութեան ժխտման մէկ այլ ճչացող օրինակ, որ աննկատ ու անՎողոք մնաց հայերու ու միջազգային հանրութեան կողմէ: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաՎերեալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը խեղաթիւրուած անթիւ յայտարարութիւններ կը պարունակէ: Կայքը խաՎուսիկ պատասխաններ կու տայ անմեղ հարցումներու, ինչպիսին են՝ «Ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Որքա՞ն է հայ տեղահանուածներուն ընդհանուր թիւը: Արդեօք Վոլոր տեղահանուածները մահացա՞ծ են: Արդեօք Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականի դէպքերը «ցեղասպանութիւն» որակելը յանցագործութի՞ւն կը համարուի եւ արդեօք այդպէս պնդողները կ’ենթարկուի՞ն իրաւական հետաքննութեան»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր երկիրը լաւ պիտակի տակ ներկայացնելու համար, իր կայքին վրայ ծիծաղելի քայլերու կը դիմէ՝ համարձակելով յայտարարել, թէ՝ «Թուրքիան այն միակ երկիրն է, ուր 1915 թուականի դէպքերը կարելի է ազատօրէն քննարկել»: Նախարարութեան կայքին վրայ նաեւ կը տեսնենք հետեւեալ կեղծ յայտարարութիւնը. «Այժմ Թուրքիոյ մէջ չկայ ոեւէ մէկը, որ դատապարտուած կամ հետապնդուած է 1915 թուականի դէպքերը իՎրեւ «ցեղասպանութիւն» որակելու պատճառով»: Թուրքիոյ Արտագին Գործոց նախարարութեանը ըստ երեւոյթին կը մոռնայ, թէ լրագրող Հրանդ Տինքը դատապարտուած եւ մեղաւոր ճանչցուած էր իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ «ցեղասպանութիւն» Վառը օգտագործելուն համար: Ան արժանացաւ աւելի վատ ճակատագիրի, քան Վանտի մէջ յայտնուիլը. զայն գնդակահարեցին ու սպաննեցին: Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք եւս մեղադրուած է Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ խայտառակ յօդուածով («Թրքականութիւնը վիրաւորելու մասին»), այն պնդումին համար, որ մէկ միլիոն հայ սպաննուած է: Միջազգային արդիւնաւէտ ճնշումներուն շնորհիւ, Փամուքի նկատմամՎ մեղադրանքները դադրեցան, սակայն հետագային՝ վերսկսան: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրելու համար, Վազմաթիւ այլ թուրք լրագրողներ ու գրողներ կանգնած են դատարանի առջեւ: Հայ պաշտօնատարները, սփիւռքահայերը եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է իրենց ջանքերը համատեղեն՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէն անյապաղ ջնջել այս վիրաւորական կեղծիքները, ու ներողութիւն խնդրել հայերէն: Մինչ այդ, ոեւէ հայ պաշտօնատար պէտք չէ որեւէ շփում կամ հանդիպում ունենայ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ: Պահ մը պատկերացուցէք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը յայտարարէ, թէ Հոլոքոսթը երՎե՛ք տեղի չէ ունեցած, իսկ Իսրայէլի ղեկավարները շարունակեն պահպանել իրենց կապերը Գերմանիոյ հետ: Ռամկավար Մամուլ ՆոյեմՎեր 17, 2010
  -   Յօդուածներ