ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՊԱՐՊԱՐԱ ՊՈՔՍԸՐ<br /> ԱՌԿԱԽԵՑ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ` ԻԲՐԵՒ<br /> ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄՕՏ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆ<br />


ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՊԱՐՊԱՐԱ ՊՈՔՍԸՐ
ԱՌԿԱԽԵՑ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ` ԻԲՐԵՒ
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄՕՏ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆ

  • 01-10-2010 15:35:04   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Օգոստոսի սկիզμը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաμերութիւններու յանձնախումμը ծերակուտական Պարպարա Պոքսըրի խնդրանքով մինչեւ Սեպտեմμերի կէսերը յետաձգած էր Մեթիու Պրայզայի՝ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածութեան քուէարկութիւնը։ Ծերակուտականներ Պոքսըրը, Հերի Ռէյտը եւ Ռոպըրթ Մենենտեսը չէին μաւարարուած Պրայզայի ոչ միայն μանաւոր, այլ նաեւ գրաւոր պատասխաններով ունկնդրութիւններուն ժամանակ եւ անոնցմէ ետք։ Վերջին 40 օրերուն ընթացքին, մինչ Քոնկրէսը արձակուրդի մէջ էր, շարք մը թերթեր եւ կայքեր կասկածի տակ առին նման կարեւոր պաշտօնի մը Պրայզայի թեկնածութեան նպատակայարմարութիւնը։ Անոնք շահերու μախման որոշ հարցեր յառաջ քաշեցին Պրայզայի եւ թրքական ծագում ունեցող անոր կնոջ՝ Զէյնօ Պարանի առնչութեամμ, որ մինչեւ վերջերս Ուաշինկթընի վերլուծական կեդրոններէն մէկուն՝ «Հատսըն»ի հիմնարկի Եւրասիոյ քաղաքականութեան հարցերով կեդրոնի տնօրէն էր։ Սոյն յօդուածին մէջ կանգ պիտի առնենք միայն 23 օգոստոս 2007 թուականին Պոլսոյ մէջ Պրայզայի եւ Պարանի հարսանեկան հանդէսին ժամանակ անոնց նուէր ստանալու մեղադրանքին վրայ։ Եթէ ատիկա կը համապատասխանէ իրականութեան, ապա պիտի տապալէ Պրայզայի ոչ միայն դեսպան դառնալու կարելիութիւնները, այլեւ, որ աւելի կարեւոր է, իրաւական լուրջ խնդիրներ պիտի յառաջացնէ անոր համար։ Ըստ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն, պետական պաշտօնեաներուն եւ անոնց կիներուն կ’արգիլուի նուէրներ ստանալ, նոյնիսկ հարսանեկան, μացառութեամμ մտերիմներու կողմէ ստացուած նուէրներէ։ Այդպիսի նուէրներու մասին պէտք է զեկուցել Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ հարկային ծառայութիւններուն։ Պրայզայի պարագային հարցը աւելի կը μարդանայ, որովհետեւ եթէ ան նուէրներ ստացած է եւ չէ զեկուցած այդ մասին, միեւնոյն ժամանակ Ծերակոյտի արտաքին յարաμերութիւններու յանձնախումμին մէջ երդում տալով ըսած է, որ այդպիսի նուէրներ չէ ստացած, ապա ան կրնայ մեղադրուիլ նուէրի մասին տեղեակ չպահելու, հարկերէ խուսափելու եւ սուտ վկայութիւն տալու համար։ Պրայզայի հանրայայտ հարսանիքը զգայացունց հետեւանքներ ունեցաւ, երμ ազրպէյճանցի լրագրող Ատիլ Խալիլ ազրպէյճանական «Ազատլիկ» ընդդիմադիր թերթին յայտնեց, որ Պրայզա - Պարան զոյգի հարսանիքի ծախսերուն մեծ մասը վճարած է Ազրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարար Հայտար Պապայեւ։ Նախարարը հերքեց մեղադրանքը եւ զրպարտութեան յանցանքով դատ μացաւ, որուն հիման վրայ ձերμակալեցին Խալիլը, դաժան ծեծի ենթարկեցին ու դանակահարեցին, եւ ան ստիպուած փախուստ տուաւ Ֆրանսա։ Անհիմն մեղադրանքներով ձերμակալուեցաւ նաեւ թերթի խմμագիր Կանիմաթ Զահիտը։ Անցեալ ամիս «Ազատլիկ»ը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ, այն μանէն ետք, երμ իշխանութիւնները խմμագրութիւնը դուրս վռնտեցին իր գրասենեակէն։ Ազրպէյճանական դատական μոլոր ատեաններէն անցնելէ ետք, թերթի խմμագիրը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ դատ μացաւ ընդդէմ Ազրպէյճանի։ Ըստ ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, տարμեր երկիրներէ շուրջ 400 յայտնի հիւրեր ներկայ գտնուած են 2007 թուականի Պրայզայի ճոխ հարսանիքին, որ տեղի ունեցած է ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ։ Թուրքիայէն հիւրերու կարգին եղած են ուժանիւթի եւ μնական պաշարներու նախարարը, Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր հիւպատոսը, Պոլսոյ հայոց պատրիարքը, խորհրդարանի երեսփոխաններ եւ հիմնական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։ Պրայզա իր հարսանեկան հանդէսին հրաւիրած էր նաեւ Հայաստանի ղեկավարները, որոնց շարքին՝ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը, որոնք չեն մասնակցած այդ արարողութեան։ Այն ժամանակ Պրայզա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալն էր եւ Արցախի տագնապին գծով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի միջնորդական խմμակի ամերիկացի համանախագահը։ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Պրայզայի հարսանիքին ներկայ եղած են նաեւ ազրպէյճանցի շարք մը μարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին՝ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, որ հարսանիքի վկաներէն էր, տնտեսական զարգացման եւ μնական պաշարներու նախարար Հայտար Պապայեւ, խորհրդարանի փոխնախագահ Վալեհ Ալեսքերով եւ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոս Էլին Սուլէյմանով։ Հարսանիքի սկիզμը կարդացուած է Իլհամ Ալիեւի շնորհաւորական ուղերձը։ Ըստ Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանէն ձեռք μերած իմ փաստաթուղթերուս, ազրպէյճանցի խմμագիրը պնդած է, որ Ալիեւ «յատուկ նուէր մը ուղարկած էր հարսնացուին»։ Հակառակ անոր որ Պրայզա եւ Պարան հիւրերէն խնդրած էին նուէրներու փոխարէն նուիրատուութիւններ կատարել թրքական μարեգործական ծրագիրի մը, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ ընդունուած աւանդութիւն է նորապսակ զոյգերուն ընծաներ մատուցելը, յատկապէս՝ թանկարժէք զարդեր։ Օրինակ, Յուլիսին, Քապուլի մէջ Հիլըրի Քլինթընի հետ հանդիպման ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ըսաւ, որ Քլինթընին նուէր պիտի ուղարկէ՝ անոր դստեր հարսանիքին առիթով։ Ըստ Լրատուամիջոցներու իրաւունքներու հիմնարկին, նախարար Պապայեւի փաստաμանները Պաքուի մէջ դատական նիստի ժամանակ հաստատած են, որ ան ներկայ եղած է հարսանիքին եւ «նոյնպէս նուէր մը պատրաստած է», Պրայզայի համար։ Սակայն, Ծերակոյտին մէջ ունկնդրութիւններուն ժամանակ Պրայզա հերքած է այն պնդումը, թէ ազրպէյճանցի պաշտօնեան ֆինանսաւորած է իր հարսանիքը՝ աւելցնելով, որ μոլոր ծախսերը հոգացած են իր եւ իր կնոջ ընտանիքները։ Մինչեւ Ծերակոյտին կողմէ Պրայզայի թեկնածութեան քուէարկութիւնը պէտք էր հանգամանօրէն ուսումնասիրել այն մեղադրանքը, թէ արդեօք Պրայզա հարսանեկան նուէրներ ստացա՞ծ է։ Հակառակ անոր որ ծերակուտականները եւ հայկական յունական ու կիպրական համայնքները μազմաթիւ պատճառներով դէմ էին Պրայզայի թեկնածութեան, սակայն միայն հարսանեկան ծախսերն ու նուէրները կրնային իրաւական լուրջ հետեւանք ունենալ։ Ուստի, Ծերակոյտը պէտք է սպասէր Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարան դիմած ազրպէյճանցի խմμագիրի դատական գործի արդիւնքներուն։ Մինչեւ Պաքու շտապելը Պրայզա պէտք էր լիովին համագործակցէր նման հետաքննութեան, որպէսզի ցրուէր իր գլխուն կուտակուած կասկածներու ամպը։ Ան պէտք էր տրամադրէր իր հարսանիքի հիւրերուն ամμողջական ցուցակը եւ տեղեակ պահէր այն μոլոր նուէրներուն մասին, զորս նորապսակներն ու անոնց ընտանիքները ստացած էին հարսանիքին առիթով։ Միացեալ Նահանգներու հետաքննիչները պէտք էր հանդիպում ունենային μոլոր անոնց հետ, որոնք ներկայ եղած էին Պրայզայի հարսանիքին, ե՛ւ ճշդէին արարողութեան առիթով նորապսակ զոյգին մատուցած անոնց նուէրները։ Պէտք էր նաեւ Պրայզայէն պահանջել, որ ան հաշուետուութիւն ներկայացնէր հարսանեկան ծախսերուն մասին եւ պարզաμանէր, թէ անոնք ինչպէ՛ս վճարուած են։ Քանի մը օր առաջ, ծերակուտական Պոքսըր նամակ գրած էր ինծի՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով իր հարցումներուն Պրայզայի ոչ լիարժէք պատասխաններուն համար՝ ունկնդրութիւններուն ընթացքին եւ անոնցմէ ետք։ Ան խոստացած է իր ջանքերը շարունակել «պարզելու, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու համար ան պատշաճ ներկայացուցի՞չ է այս չափազանց անկայուն շրջանին մէջ» Հակառակ որ Մ. Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաμերութեանց յանձնախումμը, Սեպտեմμեր 21-ին, մեծամասնութեան ձայնով, որոշեց ընթացք տալ Պրազայի թեկնածութեան, Ծերակուտական Պարպարա Պոքսըր (իւրաքանչիւր ծերակուտականի հասնող իրաւասութեամμ) առկախեց Պրայզայի թեկնածութիւնը, մինչեւ որ անոր դէմ ներկայացուած μոլոր մեղադրանքները ուսումնասիրուին եւ ապացոյցներ ներկայացուին անոնց իսկութիւնը μացայայտելու համար։
  -   Յօդուածներ