ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ<br /> ԲԱՑՈՒԱԾ ԴԱՏԸ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒՐՋ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ


ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
ԲԱՑՈՒԱԾ ԴԱՏԸ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒՐՋ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ

  • 22-09-2010 15:38:01   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Սեպտեմμեր 22, 2010 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վերջին տարիներուն ամերիկահայերը շարք մը դատեր μացած են Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ ընդդէմ ապահովագրական ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան՝ հատուցում պահանջելով 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան պատճառած կորուստներուն դիմաց։ Սեպտեմμեր 15-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ունկնդրութիւններ սկսան կատարուիլ հայ ընտանիքի մը՝ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ μացած դատին վերաμերեալ, արցախեան տագնապին ժամանակ կրած վնասներուն համար։ Ուշագրաւ է, որ նոյն օրը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ սկսաւ քննարկուիլ համանման դատ մը, զոր խումμ մը ազրպէյճանցիներ ներկայացուցած են ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան («Չիրակով եւ ուրիշներ ընդդէմ Հայաստանի»)։ Հիւսիսային Արցախի Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղի նախկին μնակիչ Մինաս Սարգսեան 11 օգոստոս 2006-ին դատ μացած էր իր տան աւերումին եւ սեփական տունէն արտաքսումին վերաμերեալ։ Սարգսեան իր ներկայացուցած դատին մէջ նշած էր, որ ներկայիս այլ անձ մը, հաւանաμար ազրպէյճանցի մը, կ’ապրի իր տան մէջ։ Հակառակ անոր որ մէկ տարի առաջ Սարգսեան մահացած է, սակայն անոր այրին եւ երկու զաւակները կը շարունակեն հետամուտ ըլլալ սոյն դատական գործին։ Սովորաμար, Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանին մէջ առկայ կուտակումներուն պատճառվ, քանի մը տարի կը տեւէ մինչեւ գործի քննարկումը։ Սարգսեաններու ընտանիքին շահերը դատարանին մէջ ներկայացուցին ու պիտի ներկայացնեն «Իրաւական ուղեցոյց» հասարակական կազմակերպութեան անդամներ, փաստաμաններ Նարինէ Գասպարեան եւ Քնարիկ Օհանեան՝ Երեւանէն եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գծով յայտնի իրաւաμան, փրոֆ. Ֆիլիփ Լիչ՝ Լոնտոնի Մարդկային իրաւանց շահերու պաշտպանութեան եւրոպական կեդրոնէն։ Շահումեանի շրջանը կը գտնուի նախկին Լեռնային Ղարաμաղի Ինքնավար Մարզի հիւսիսային սահմանին կից։ Մինչեւ արցախեան տագնապը, Շահումեանի շրջանի աւելի քան 80 առ հարիւրը μնակեցուած էր հայերով։ 1992 թուականին ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ Գիւլիստանի ռմμակոծութեան ժամանակ Սարգսեաններու երկյարկանի տունը աւերուած է։ Ռմμակոծութեան պատճառով գիւղի μոլոր հայ μնակիչները՝ վախնալով իրենց կեանքին վրայ՝ փախած են գիւղէն, ըստ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի «փաստերու արձանագրման» ամփոփագիրին։ Սարգսեանի դատը հիմնուած է հետեւեալ պահանջներուն վրայ. ա.- Անոր տան աւերումն ու սեփականութեան իրաւունքէ զրկումը կը սահմանուի իμրեւ «սեփականութեան տիրապետման եւ օգտագործման իրաւունքի ոտնահարում»։ μ.- Անոր անձնական եւ ընտանեկան կեանքի, ինչպէս նաեւ տան նկատմամμ իրաւունքի խախտում՝ μռնի տեղահանութեան պատճառով եւ իր տունը մուտք գործելու կարելիութեան շարունակ մերժում Ազրպէյճանի կողմէ։ գ.- Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի մէջ շարք մը հայկական գերեզմանատուներու ոչնչացումն ու μարμարոսութիւնը՝ Սարգսեան նշած է, որ անտեղեակ է իր մերձաւոր ազգականներու գերեզմաններուն վիճակէն, որովհետեւ զրկուած է անոնց շիրիմները այցելելու կարելիութենէն, ինչպէս որ պարμերաμար կ’ընէր նախապէս։ Միայն այն փաստին գիտակցումը, որ հարազատներու շիրիմները ոչնչացման վտանգի տակ են, խոր վիշտ եւ տառապանք պատճառած է Սարգսեանին։ Գերեզմանատուն այցելելու անկարողութիւնը զրկած է զայն հանգուցեալ հարազատներուն հետ հոգեւոր կապէն, որովհետեւ անոնց շիրիմները այցելելն ու զանոնք պահպանելը անոր կրօնական պարտականութիւնն էր, ինչ որ ան կատարած էր նախքան տեղահանութիւնը։ դ.- Ազրպէյճանի մէջ իրենց տուները հարկադրաμար լքած հայ ազգաμնակչութիւնը զրկուած է իրաւական պաշտպանութեան արդիւնաւէտ միջոցներէն։ Այն հայերը, որոնք փորձած են μողոք ներկայացնել ազրպէյճանական համապատասխան իշխանութիւններուն, չեն կրցած վերականգնել իրենց ոտնահարուած իրաւունքները։ Արցախեան տագնապի անլոյծ մնալուն պատճառով, գործնական դժուարութիններ եւ խոչընդոտներ կային Ազրպէյճանի մէջ հարցի լուծման միջոցներէն օգտուելու համար։ ե.- Սարգսեան μողոքած է, որ Ազրպէյճանի մէջ ենթարկուած է խտրականութեան՝ ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան հիման վրայ։ Ան ներկայացուցած է, որ միայն Ազրպէյճանի մէջ ապրող ազգութեամμ հայերը μռնութիւններու, ջարդերու եւ յարձակումներու թիրախ դարձած էին։ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը հայերուն դէմ գործուած μռնութիւններու հետաքննութիւն չէ կատարած եւ անոնց սեփականութեան անօրինական μռնագրաւման եւ հայկական գերեզմանատուներու ոչնչացման համար հատուցում չէ ապահոված։ Ասիկա առաջին հայկական դատն է, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ներկայացուած է սեփականութեան եւ այլ իրաւունքներու ոտնահարման հարցով՝ իրականացուած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ։ Յաջողութեան պարագային անիկա կարեւոր նախադէպ պիտի ստեղծէ հարիւր հազարաւոր հայերու կողմէ նմանօրինակ դատեր μանալու համար, հայեր, որոնք հարկադրաμար լքած են իրենց տուները Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ շրջաններու մէջ։ Նմանապէս, Հայաստանի դէմ Չիրակովի դատը արցախեան տագնապի ժամանակ իրենց տուներէն հեռացած հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներու պահանջներուն համար կրնայ դուռ μանալ։ Սակայն, ի տարμերութիւն հայկական կողմի, ազրպէյճանցիները հիմնականին մէջ հեռացած են իրենց սեփական կամքով եւ մինչեւ մեկնիլը վաճառած են իրենց տուները։ Լոկ պատահականութիւն կարելի չէ նկատել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին կողմէ միեւնոյն օրը հայկական եւ ազրպէյճանական դատերուն քննարկումը։ Եթէ երկու պարագային ալ դատարանը յայտնաμերէ սեփականութեան իրաւունքի խախտում եւ կարգադրէ դրամական հատուցում վճարել հայցուորներուն, ապա շատ հաւանական է, որ ատիկա հետագային համանման μազմաթիւ, գործերու ներկայացման խթան հանդիսանայ եւ լուրջ հետեւանքներ ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տնտեսութիւններուն վրայ (միլիառաւոր տոլարներու չափով)։ Իμրեւ այլընտրանք, դատարանը կրնայ պարտադրել երկու երկիրներուն իրենց համապատասխան քաղաքացիներուն թոյլ տալ վերադառնալ իրենց μնակութեան նախկին վայրերը, ինչ որ նոր ցնցումներ եւ ապահովական ռիսքեր պիտի յառաջացնէ շրջանին մէջ։ Իμրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամեր, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պարտաւոր են իրագործել դատարանի որոշումը։
  -   Յօդուածներ