ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Մրցակից Քոնկրեսականները Համաձայն Են Արցախի Անկախութեան Եւ Սուրիահայերու Օգնութեան


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Մրցակից Քոնկրեսականները Համաձայն Են Արցախի Անկախութեան Եւ Սուրիահայերու Օգնութեան

  • 23-10-2012 01:43:42   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ 29 Սեպտեմբերին դեմոկրատ երկու քոնկրեսականներ Հաուըրտ Պըրմընի եւ Պրետ Շըրմընի միջեւ տեղի ունեցած բանավէճին այս երրորդ եւ վերջին բաժինին մէջ կը ներկայացնենք քոնկրեսականներուն տուած պատասխանները՝ բանավէճը վարողներն էին Յարութ Սասունեան եւ Արա Խաչատրեան, որոնց հարցումները կը վերաբերէին սուրիահայերու անվտանգութեան, Սաֆարովի հարցին բարձրացուցած աղմուկին, Արցախի անկախութեան եւ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքին առնչուող հարցերուն: Քոնկրեսական Շըրմըն խոստովանած է, որ Սուրիոյ մէջ որոշ ընդդիմադիր տարրեր «մեծ թշնամութեամբ կը վերաբերին Սուրիոյ քրիստոնեաներուն հետ»: Ան զգուշացուց, որ «քրիստոնեայ փոքրամասնութեան իրաւունքներուն հանդէպ անյարգալից վերաբերումը իր հետեւանքները պիտի ունենայ»: Պատասխանելով այն հարցումին, որ յատկապէս Քոնկրեսը ի՞նչ կրնայ ընել սուրիահայերուն աջակցելու համար, քոնկրեսական Պըրմըն ըսաւ. «Առկայ են Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ուղղակի յարաբերութիւնները, կան նաեւ աւելի քօղարկուած բնոյթ կրող ձեւեր՝ ապահովելու համար քրիստոնէական համայնքներու կայունութիւնն ու անոնց նկատմամբ օգնութիւն ցուցաբերելը»: Քոնկրեսական Պըրմըն իր մտահոգութիւնը յայտնեց Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին աւելի քան մէկ միլիառ տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնք վաճառելու առնչութեամբ, ինչ որ կրնայ Հայաստանի դէմ օգտագործուիլ: Երբ ան նշեց, որ նման յարաբերութիւններ եղած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ, բանավէճը վարող Յարութ Սասունեան վիճարկեց այդ յայտարարութեան ճշմարտացիութիւնը: Քոնկրեսական Պըրմըն հրաժարեցաւ իր յայտարարութենէն՝ խոստովանելով, որ տեղեակ չէ «Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ընթացող նման յարաբերութիւններէ»: Քոնկրեսական Շըրմըն առարկեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելուն. «Մենք ռազմական որեւէ օգնութիւն պէտք չէ տրամադրենք Ատրպէյճանին, եւ հիմնուելով Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցածին, ինչպէս նաեւ այն փաստին վրայ, թէ Պաքու վերադառնալէն ետք այդ մարդասպանը ինչպիսի ընդունելութեան արժանացաւ, մենք արտօնութիւն պէտք չէ տանք, որ (անոնք) ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններ կատարեն՝ գիտնալով, թէ հաւանական է, որ յաջորդ զինուորը, որուն գլխուն կացինով պիտի հարուածեն ու զայն սպաննեն, ամերիկեան զինուոր մը ըլլայ»: Քոնկրեսական Պըրմըն. «Մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ Հայաստանը ապահով է, եւ որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ իր սեփական ապագան… . Ատրպէյճան իր կարելիութիւններով կը ստանայ բան մը, որուն կարիքը չունի, անվտանգութեան սպառնալիքներուն համար, որոնք իրականութեան մէջ անոնք չունին՝ իրենց տնտեսական ազդեցութեան շնորհիւ»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչու՞ Քոնկրեսին յատկացուցած Արցախի օգնութեան մեծ մասը կը պահուի պետական բաժանմունքի կողմէ, քոնկրեսական Շըրմըն ըսաւ. «Ես պահանջած եմ յատկացումներուն օրինագիծի արտաքին գործառնութիւններուն մէջ ձեւակերպում կատարել՝ USAID-էն պահանջելով գումարը գործնականօրէն ծախսել Արցախի ժողովուրդին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ժողովուրդի մարդասիրական զարգացման համար, եւ ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ յանձնաժողովը այդ ձեւակերպումը ներառած է իր զեկոյցին մէջ»: Պատասխանելով Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցումի մը՝ քոնկրեսական Շըրմըն յայտարարեց. «Կարծեմ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է, եւ վերջ: Ժամանակն է Ստեփանակերտի մէջ (ամերիկեան) դեսպանատուն բանալու: Լեռնային Ղարաբաղը պետութիւն է, որովհետեւ այս մէկն է իր ժողովուրդին յստակ կերպով ուզածը»: Քոնկրեսական Պըրմըն այս հարցին գծով քիչ մը աւելի զգուշաւոր գտնուեցաւ. «Լոս Անճելըսի մէջ ապրողները պէտք չէ որոշեն Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է որոշէ: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համար ինքնորոշումը կարեւորագոյն հարցն է: Կասկածէ վեր է, որ անոնք անկախութիւն կ՛ուզեն, եւ ահա, այս ուղղութեամբ է, որ կ՛ուզէի գործընթացը ընթանար, սակայն մենք մաս կը կազմենք բանակցային գործընթացի մը, որուն իրենց համաձայնութիւնը տուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները»: Քոնկրեսական Շըրմըն հակադարձեց. «Ես համաձայն եմ Հաուըրտի (Պըրմըն): Արցախի ժողովուրդն է, որ պէտք է որոշէ, թէ ինք անկախ երկիր ունի: Անոնք արդէն որոշած են այս մէկը: Անոնք, եւ ժամանակն է, որ Հաուըրտ ալ հասկնայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը անկախ հանրապետութիւն է»: Անդրադառնալով Հունգարիոյ կողմէ ատրպէյճանցի կացինահարող մարդասպանը Ատրպէյճանին արտայանձնելու հարցին՝ քոնկրեսական Շըրմըն համոզում յայտնեց այն մասին, որ այս գործողութիւնը «կ՛ազդէ Հունգարիոյ հետ մեր ռազմական յարաբերութեան վրայ… . Քանի մը օր առաջ ես նամակ յղած եմ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ու պաշտպանութեան նախարարին՝ ըսելով, որ անկասկած պէտք է կասեցուի որեւէ տեսակի ռազմական համագործակցութիւն Ատրպէյճանի հետ»: Քոնկրեսական Պըրմըն աւելցուց, որ «ՆԱԹՕի անդամ իւրաքանչիւր երկիր, ներառեալ Հունգարիան, այժմ պարտաւորութիւն ունի դադրեցնելու Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրին, այնքան ատեն որ այս սխալը դեռ չէ ուղղուած»: Քոնկրեսական Պըրմըն իր փակման խօսքին մէջ խոստացաւ շարունակել պայքարը՝ «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, քանի որ կը մօտենանք 100ամեայ տարելիցին: Ասիկայ ոչ միայն իմ յանձնառութիւնս է՝ իբրեւ քոնկրեսականի, այլ իբրեւ հրեայ, որուն սեփական ժողովուրդը եւս տառապած է Ցեղասպանութենէն: Քանի որ աշխարհը անտեսած է ձերը (Ցեղասպանութիւնը), ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ պաշտպանելու համար իրաւունքները հայկական եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին, որոնք կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ… . Ես պիտի պայքարիմ ինքնորոշման եւ բարեկեցութեան համար Արցախի ժողովուրդին, որ Հայաստանի հնագոյն թագաւորութեան մաս կազմած է»: Քոնկրեսական Շըրմըն բանավէճը աւարտեց երդուելով. «Ես շաբաթուան եօթը օրը ձեզի հետ եղած եմ, եւ ձեր օգնութեամբ, շաբաթուան եօթը օրը դարձեալ ձեզի հետ կ՛ըլլամ՝ եւս 20 տարի»: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ