ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Ցեղասպանութիւնը Ճիշդ Բառն է, Արդարութիւնը՝ Վերջնական Նպատակը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Ցեղասպանութիւնը Ճիշդ Բառն է, Արդարութիւնը՝ Վերջնական Նպատակը

  • 20-02-2013 01:00:59   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 

 Նախորդ շաբաթ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մեկնաբանութիւնները բաւական վիճաբանութիւններ յարուցեցին, երբ, ինչպէս կը հաղորդուի, Փետրուար 5-ին Երեւանի մէջ իր նախընտական արշաւին ընթացքին ան յայտարարեց, թէ «Ցեղասպանութիւն» եւ «Եղեռն» բառերը հոմանիշ են: Ան վստահեցուց, որ նախագահ Օպամա առանց «Ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելու արդէն «ամէն ինչ» ըսած է։ Հայաստանի նախագահը կ’ակնարկէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի կողմէ «Ցեղասպանութիւն» եզրին փոխարէն «Մեծ Եղեռն»ի օգտագործումը, Ապրիլի 24-ի անոր արտասանած տարեկան ուղերձին մէջ։ 
 1915-23 թուականներուն հայութեան դէմ գործադրուած զանգուածային ջարդերը բնութագրելու համար «Եղեռն» եւ «Մեծ Եղեռն» բառերը ընդհանրապէս հայութեան կողմէ կ’օգտագործուէին նախքան 1943 թուականը՝ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի յօրինումը: Նախքան 1943 հայերը զանազան արտայայտութիւններ օգտագործած են այդ կոտորածներուն ակնարկելով, ինչպէս՝ «ջարդ», «մեծ ոճիր», «աղէտ», «տեղահանութիւն» եւ «աքսոր»: Սակայն այս բառերէն ոչ մէկը, միջազգային օրէնքին համաձայն, «ցեղասպանութեան» իրաւական զուգորդական իմաստը ունի:
 1943 թուականէն ի վեր հայերը բաւական ժամանակ եւ ջանք վատնած են աշխարհը համոզելու, թէ իրենք ցեղասպանութեան զոհեր են եւ այժմ միջազգային օրէնքով արդարութիւն կը պահանջեն Թուրքիայէն: Ասիկա է հիմնական պատճառը, թէ հայերը ինչու կը պահանջեն ցեղասպանութեան, եւ ոչ թէ ջարդերու, եղեռնի կամ տեղահանութեան ճանաչում:
 Նախագահ Օպամա իր տարեկան ուղերձներուն մէջ «Մեծ Եղեռն» եզրը օգտագործած է այն միակ պատճառով, որ խուսափի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը արտասանելէ՝ զիջելով թրքական ճնշումներուն: Եթէ Մեծ եղեռն ու ցեղասպանութիւնը միեւնոյն իմաստը ունին, ինչո՞ւ նախագահ Օպամա «մեծ եղեռն»-ի փոխարէն չ’օգտագործեր «ցեղասպանութիւն» եզրը: Ի վերջոյ, նախագահական թեկնածու Օպամա ամերիկահայ ընտրողներուն չէր խոստացած, որ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ Մեծ Եղեռնը, այլ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այսպիսով, բոլոր անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ մեծ եղեռնը եւ ցեղասպանութիւնը հոմանիշներ են, պարզապէս նախագահ Օպամայի առջեւ ազատ ուղի կը հարթեն` զայն արտօնելով չպահպանել իր լրջագոյն խոստումը: Անոնք միաժամանակ վնաս կը հասցնեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար քանի մը տասնամեակներու հայկական լոպպիստական տքնաջան ճիգերուն:
 Անոնք, որոնք կը հաստատեն մեծ եղեռնի եւ ցեղասպանութեան միջեւ առկայ համարժէքութիւնը, երբեք այդպէս չեն ըներ հայկական եզրաբանութենէն անտեղեակ ըլլալնուն պատճառով: Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ այդ երկու բառերը նոյն իմաստը չեն արտայայտեր: Անոնց իսկական նպատակը յաղթանակ յայտարարելն է` օտարները հաւատալ տալով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ի վերջոյ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
 Այս մօտեցման մէջ առկայ է քանի մը խաբկանք: Նախ` անկախ անկէ, թէ Մեծ Եղեռն ինչ կը նշանակէ հայ ժողովուրդի համար, ան բոլորովին անիմաստ եզր է բոլոր անոնց համար, որոնք հայերէն չեն գիտեր: Երկրորդ անօգուտ են այն փորձերը, որոնք կը միտին մեծ եղեռն եւ ցեղասպանութիւն եզրերը հաւասարեցնելով՝ ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով յաջողութեան արձանագրում յայտարարել: Իսկապէս կարիք չկայ աղաւաղելու նախագահ Օպամայի խօսքերուն իմաստը: 1951 թուականին Միացեալ Նահանգները ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուցած է Միջազգային արդարադատութեան դատարան (Միջազգային դատարան)` ճանչնալով Հրէական Ողջակիզումը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ռոնալտ Ռիկընը 1981 թուականի Ապրիլ 22-ին ստորագրած է նախագահական Հռչակագիր, ուր ան յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բացի ատկէ, Ներկայացուցիչներու պալատը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունուած բանաձեւերով:
 Հետեւաբար, այլեւս խիստ անհրաժեշտութիւն չկայ հետամուտ ըլլալու Հայոց Ցեղասպանութեան յաւելեալ ճանաչման՝ Քոնկրէսին մէջ մնայուն կերպով բանաձեւերու որդեգրման աշխատանք տանելով կամ նախագահ Օպամայէն պահանջելով արտասանել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը: Կարիք չկայ նաեւ վերաիմաստաւորելու նախագահ Օպամայի ուղերձները՝ պնդելով, թէ «Մեծ Եղեռն» եզրը օգտագործելով ան ինքնըստինքեան ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
 Նախագահ Օպամա Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչնայ միայն այն պատճառով, որ հաստատէ իր խօսքին տէրը ըլլալը։ 
 Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին հայ ժողովուրդին եւ անոր աջակիցներուն համար խիստ կարեւոր է իրենց ուժերը կեդրոնացնել ոչ թէ ցեղասպանութեան յաւելեալ ճանաչման հասնելու վրայ, որ արդէն կայացած իրողութիւն է, այլեւ  հարիւր տարի առաջ իրենց նախնիներուն դէմ գործուած զանգուածային ոճրագործութիւններուն համար արդարութեան ապահովման վրայ։
 Միացեալ Նահանգներէն կամ նոյնիսկ Թուրքիայէն Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելու փոխարէն, ինչ որ որեւէ ճշգրիտ օգուտ չի բերեր, հայերը իրենց ուժերը պէտք է կեդրոնացնեն աւելի իմաստալից քայլերու վրայ, ինչպէս՝ դատական հայցերու ներկայացում թրքական կառավարութեան դէմ՝ ազգային եւ միջազգային դատարաններու մէջ:
 Երբ դատական կարգով կամ աշխարհաքաղաքական անսպասելի զարգացումներու իբրեւ արդիւնք հայ ժողովուրդը Թուրքիայէն վերադարձնէ իր տարածքներն ու ունեցուածքը, թրքական կառավարութիւնը որքան կ’ուզէ կրնայ շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը:
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ