Թոյլ չտանք որ շարունակուի անարդարութիւնը <br /> (Սումկայիթի հայութեան դէմ ջարդերու 23-ամեակին առիթով) <br />


Թոյլ չտանք որ շարունակուի անարդարութիւնը
(Սումկայիթի հայութեան դէմ ջարդերու 23-ամեակին առիթով)

  • 28-02-2011 14:09:02   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
23 տարիներ անցած են Սումկայիթի մէջ մոլեգնած Ատրպէյճանական եղեռնագործութեան՝ Փետրուար 1988ի սեւ օրերէն: Բայց մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելի կը մնայ Ատրպէյճանի հակահայ ոճրագործ քաղաքականութեան յուշարար այդ թուականը, որ հայոց նորօրեայ պատմութեան սեւ էջը հանդիսացաւ, միաժամանակ՝ համահայկական բողոքի օր մը դառնալով: 1988ին, ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ ինքնորոշման իր արդարագոյն իրաւունքը կիրարկելու խաղաղ եւ սահմանադրական պահանջին, ա-տըրպէյճանական իշխանութիւնները կազմակերպեցին ու զինեցին ազերի ամբոխը, որ գազազած յարձակեցաւ իր հայ հարեւանին դէմ, Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ, ջարդելով, խոշտանգելով, հրկիզելով եւ պատշգամներէն ողջ-ողջ մարդոց դուրս նետելով՝ հայ տարրէն քաղաքն ու երկիրը «մաքրազտելու» մոլուցքով եւ քաղաքական յըս-տակ մտադրութեամբ: Սումկայիթի ջարդը, ԽՍՀՄ տարածքին, «ազգային մաքրազտման» զանգուածային սպանութիւններու առաջին դէպքն էր, որ համապատասխան դատապարտումով արձանագրուեցաւ երկրի դատախազութեան գործերուն մէջ: Պաքուի եւ Սումկայիթի փոկրոմներուն դէմ՝ դատապարտանքի ընդհանուր ալիք բարձրացաւ աշխարհով մէկ։ Սակայն Ատրպէյճանը ոչ միայն քաղաքական եւ իրաւական անհրաժեշտ գնահատականը չտուաւ Սումկայիթի եղեռնագործութեան, այլեւ՝ իր անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս յետոյ, բանտերէն ազատ արձակեց դատապարտեալ մարդասպանները եւ հրապարակայնօրէն զանոնք հռչակեց... «ազգային հերոսներ»: Թէեւ խորհրդային պաշտօնական աղբիւրները օրին միայն 32 հայու սպանդին մասին խօսեցան, բայց իրական փաստերը անհամեմատօրէն շատ աւելիին՝ ուղղակի զանգուածային սպանդի մասին կը վկայէին: Հաստատուեցաւ, որ 1500է աւելի հայեր ատրպէյճանական եղեռնագործութեան զոհ դարձան, հազարաւոր ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ հարիւր-հազարաւոր հայեր վայրագօրէն վտարւեցան իրենց բնօրրանէն: Այնուհետեւ, մինչեւ 1991 թուականը Գանձակի եւ Ատրպէյճանի այլ քաղաքներու մէջ եւս գործադրուած հակահայ ջարդերը նոյնքան զանգուածային ու բարբարոսական եղան ու յանգեցան, Ատրպէյճանի տարածքէն, կէս միլիոն հայերու «ազգային մաքրազտման» եւ տեղահանութեան: Այդ դաժանութիւններուն հետեւեցան ատրպէյճանական զինեալ ուժերու աննախադէպ յարձակողական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ՝ Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու պետական քաղաքականութեամբ: Ահա անցած են 23 տարիներ այդ թուականէն ասդին, սակայն ոչ միայն Ատրպէյճանական եղեռնագործութիւնը դեռ չէ ստացած իր արժանի պատիժը եւ Արդարութիւնը դեռ չէ հաստատուած, այլեւ աւելին՝ միջազգային հանրութիւնը ապակողմնորոշելու նպատակով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սաստկացուցած են պատմական նենգափոխման իրենց հետեւողական, ստայօդ եւ աժան քարոզչութիւնը հայութեան դէմ՝ բուն զոհը իբրեւ ոճրագործ ներկայացնելու անհի՛մն ամբաստանութիւններով։ Ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը շարժման մէջ դրած է նիւթական եւ քաղաքական այնքա՜ն լայն հնարաւորութիւններ, որ Պաքուի կեղծ ու շինծու ամբաստանութիւններուն օտար ձայնակցողներ գտնելով կամ վարձելով՝ կը փորձէ մոլորե-ցնել միջազգային հանրային կարծիքը։ Իսկ մեր ժամանակներուն բնաւ չեն պակսիր իրենց խիղճը ծախու հանած պատմաբաններ, լրագրողներ կամ քաղաքական գործիչներ, որոնց կեղծ վկայութեանց օգտագործումով՝ Պաքու այսօր սկսած է հարցի վերածել այսպէս կոչուած Խոջալուի դէպքերը՝ փորձելով Խոջալուով շուքի մէջ ձգել Սումկայիթը՝ զայն շրջանցելու եւ իմաստազրկելու բացայայտ նենգափոխութեամբ: Մինչդեռ պատմական փաստերը ցոյց կու տան, որ նոյնինքն Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպով, իր մէկ հարցազրոյցին մէջ, խոստովանած է, թէ Խոջալուի դէպքերը Ատրպէյճանի ընդդիմադրութեան եւ զինուորական ուժերուն կողմէ ի գործ դրուեցան, փորձելով խոչընդոտել լեռնային այդ միջանցքով փախուստ տուող ազերի քաղաքացիական բնակչութեան հոսքը: Մեր բոլորին պարտաւորութիւնն է, հետեւաբար, միջազգային հանրութեան առջեւ հակադարձել ատրպէյճանական շարունակ-ւող ապակողմնորոշման քաղաքականութեան՝ լուսաբանելով ու առարկայական փաստերով պատմական իրականութիւնը ցոյց տալով: Ազերիական դիւանագիտութիւնը եւ ատրպէյճանական քարոզչական ամբողջ մեքանան տենդագին յառաջ կը մղեն ապատեղեկատուութիւնը: Մե՛ր գործն է դիմադրել եւ յատկապէս յոյն հասարակութեան ցոյց տալ, թէ իսկութեան մէջ ո՛վ եւ ի՛նչ է այս երկիրը՝ Ատրպէյճանը, որուն հետ Յունաստան կը սիրաբանի վերջերս, փորձելով նոյնիսկ գործարարական լայն հորիզոններ բանալ անոր հետ: Պարզ զուգադիպութիւն կարելի չէ նկատել Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի Աթէնք այցելութիւնը, որ այսօր հոս կը գտնուի նախապատրաստելու համար Յունաստանի նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի փոխադարձ այցելութիւնը Պաքու, ի շարունակութիւն նախագահ Իլհամ Ալիեւի երկու տարի առաջ կատարած Աթէնք այցելութեան: Դեռ վառ են մեր յիշողութեան մէջ այն օրերը, երբ յունական մամուլը, իր ամբողջութեան մէջ, գովքը կը հիւսէր Ատրպէյճանի, ոչ անշուշտ ժողովրդավար կամ յառաջդիմական իր կեցւածքներուն համար, այլ շահի՝ նաֆթի ու կազի իր հանքերուն սիրոյն: Ոչ պաշտօնական շրթներ արդէն կը փսփսան, թէ յունական կազի ընկերութեան բաժնետոմսերու մեծ բաժնի մը վաճառքը առաջարկուած է Ատրպէյճանի... Սարսուռ պատճառող այդ փսփսուքները դիմագրաւելու մեծ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք այս պահուն... Միջազգային դիւանագիտութեան խաղերուն կուլ չերթալու եւ արդարութիւնը չզոհելու համար, հարկ է ամուր կանգնիլ, համայն հայութեան ճիգերով, միջազգային հանրութեան յիշեցնելու համար պատմական իրողութիւնները։ Այս պարագային 28 Փետրուար 1988ին Ատրպէյճանի կողմէ պետականօրէն գործադրուած Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը, որ ահա անպատիժ կը մնայ 23 տարիէ ի վեր: Թոյլ չտանք որ շարունակուի անարդարութիւնը: «Ազատ օր»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը