ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Պոսթընի Պայթումներուն Առնչութեամբ Հայկական Կապին Մասին Կեղծ Մեղադրանքը Պէտք է Դատապարտուի


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Պոսթընի Պայթումներուն Առնչութեամբ Հայկական Կապին Մասին Կեղծ Մեղադրանքը Պէտք է Դատապարտուի

  • 27-04-2013 16:30:49   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ Պոսթընի մարաթոնի բարբարոսական պայթումներուն առնչութեամբ շատ անպատասխան հարցեր կը մնան:

Հաստատուած փաստերու բացակայութեան պայմաններուն մէջ դժուար է հիմնաւորուած եզրակացութեան յանգիլ եւ գտնել Ցարնայեւ եղբայրներու (Թամերլան, 26 տարեկան  եւ Ճոհար, 19 տարեկան) արիւնահեղ գործողութիւններուն շարժառիթը:
Հետաքրքրական է նշել, որ Թամերլան կը կրէ 14րդ դարու միջինասիական արիւնարբու զօրապետի (Լենկթիմուրի) անունը, որ հողին հաւասարեցուցած է ամբողջ քաղաքներ եւ կոտորած միլիոնաւոր անմեղ մարդիկ:
 
Նախընտրելի է չեչեններու, մահմետականներու եւ Ցարնաեւ ընտանիքի մասին անհիմն եզրակացութիւններ եւ ընդհանրացումներ ընելու փոխարէն, արծարծել շարք մը կարեւոր հարցեր.
 
- Դեռ 2011ին, երբ Ռուսիոյ յատուկ ծառայութիւնները խնդրեցին Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյէն (ՀԴԲ) հետաքննել Թամերլանի արմատական իսլամիստական կապերն ու ընդյատակեայ խումբերուն միանալու մտադրութիւնները, ՀԴԲն որքանո՞վ լաւագոյնս իրականացուց այդ առաջադրանքը: Եթէ ՀԴԲի գործակալները մանրազննին աշխատանք կատարեցին եւ կասկածելի բան չգտան, ինչո՞ւ քանի մը ամիս ետք չհետեւեցան Թամերլանին, երբ վերջինս 2012ին վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներ, վեց ամիս անցընելով Չեչնիոյ եւ Տաղստանի խռովութեան մէջ գտնուող հանրապետութիւններէն ներս: Եւ, ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու իրաւապահ մարմինները չհետաքննեցին Թամերլանի համակարգիչին մէջ յայտնաբերուած ճիհատական տեսահոլովակներն ու արմատական իսլամիստական կայքերուն յղումները:
 
- Եթէ ռուսական նախազգուշացումը լրջութեամբ չհետապնդուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու կողմէ, արդեօք անոնց որոշումը հիմնուած էր քաղաքական նկատառումներո՞ւ, թէ ահաբեկչութեան վտանգի պատշաճ գնահատման վրայ: Արդեօք Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները գերադասեցին չմիջամտե՞լ Ռուսիոյ ներքին հակամարտութեան, քանի որ չեչեն ապստամբները կը մարտնչէին Ռուսիոյ դէմ իրենց անկախութեան համար: Արդեօք Միացեալ Նահանգները չեչեն «ահաբեկիչները» կը դիտէ իբրեւ «ազատութեան մարտիկնե՞ր», եզրակացնելով, որ անոնք վտանգ չեն ներկայացներ Միացեալ Նահանգներուն համար: Առաւել կարեւոր է, թէ ի՞նչ դեր խաղացած են հակառուսական դիրքորոշում ունեցող ազդեցիկ նոր պահպանողական ամերիկեան շրջանակները Թամերլանի վերաբերեալ զգուշացումները գնահատելու ընթացքին:
 
- Արդեօք Ռուսիոյ յատուկ ծառայութիւնները մանրամասն հետաքննա՞ծ են Թամերլանը, երբ ան յայտնուած էր անոնց տեսադաշտին մէջ Տաղստան եւ Չեչնիա կատարած վեցամսեայ այցին ընթացքին, մանաւանդ, երբ անոնք դժգոհ մնացած էին որովհետեւ իրենց ՀԴԲին տուած հարցադրումները անպատասխան մնացած էին:
 
- Արդեօք այս ահաբեկչութիւնը, որուն հետեւանքով զոհուեցան չորս եւ վիրաւորուեցան մօտ 200 ամերիկացիներ, Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնները կը մղէ՞ աւելի սերտ համագործակցութեան՝ իրենց ռուս գործընկերներու հետ, որպէսզի համատեղ ուժերով պայքարին ահաբեկչութեան դէմ, անկախ միջազգային քաղաքական նկատառումներէն:
 
- Արդեօք Միացեալ Նահանգները պիտի հետաքննէ՞ 2003ին Թամերլանի եւ անոր ընտանիքի երեք անդամներուն Թուրքիա կատարած տասնօրեայ այցը, ինչպէս բացայայտած էր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր: Ի՞նչ նպատակով Ցարնաեւները այցելած էին Թուրքիա եւ որո՞ւն հետ շփուած էին այնտեղ:
Անդրադառնալով Ցարնաեւ եղբայրներու շատախօս հօրեղբայր Ռուսլան Ցարնիին, նշենք, որ ան ըրաւ վիճայարոյց եւ հակասական մեկնաբանութիւներ, որոնք տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ՝ CNN-ի, NBC-ի, Wall Street Journal-ի, Reuters-ի, Time շաբաթաթերթի եւ այլոց կողմէ: Հօրեղբայր Ցարնին մեղադրեց Քեմպրիճէն իսլամացած կրօնափոխ անանուն հայ մը՝ Թամերլանը արմատական դարձնելուն համար:
 
Մերիլենտի բնակիչ Ցարնին «NBC Today»ին պատմեց, որ իր հայ ծանօթներէն մէկը յայտնած է Թամերլանի վրայ «արտաքին ազդեցութեան» մասին. «Ան (ծանօթը) ըսաւ, թէ անոր ուղեղը (Թամերլանի) կը լուայ մէկը, որ նոր իսլամութիւնը ընդունած է: Ես կ՛ուզեմ շեշտել, որ ան (ծանօթը) հայկական ծագում ունէր»:
 
Սակայն, հօրեղբայր Ցարնին բոլորովին այլ բացատրութիւն տուաւ CNN-ին իր զարմիկներու քստմնելի արարքներուն համար: Ան մեղադրած է զանոնք իբրեւ «ձախողուածներ», պնդելով, որ անոնք խայտառակած են իրենց ընտանիքին եւ չեչեն ժողովուրդին պատիւը: Սակայն, յետագային ան «NBC Today»ին ըսաւ, որ իր զարմիկներուն «ձախողածներ» անուանած է զայրոյթի պահուն եւ ան հիմա վստահ է, որ անոնց յանցագործութիւնը կապ չունի Ռուսիոյ կամ Չեչնիոյ հետ: Նաեւ, Ցարնին հակասեց ինքզինք, պնդելով, որ «վերջերս իսլամացած հայկական ծագում ունեցող» անձը ան է, որ Թամերլանի «ուղեղը լուացած է» եւ ոչ թէ իր ծանօթը:
 
Հարց կը ծագի, թէ ո՞վ է Ցարնին եւ ինչո՞ւ կը մեղադրէ հայերը: Համացանցային թեթեւ որոնումէ մը պարզ դարձաւ, որ ան անմիջական կապեր ունի կասպեան տարածաշրջանին մէջ ներգրաւուած արեւմտեան ուժանիւթի ընկերութիւններու հետ: Ան աշխատած է Big Sky Energy, Golden Eagle Partners եւ Nelson Resources Ltd. ընկերութիւններուն մէջ. երեքն ալ ուղղակի ներդրում ունին Կասպից Ծովու ուժանիւթի նախագիծերուն մէջ: Կարելի՞ է արդեօք ուժանիւթի այս ընկերութիւններուն հետ Ցարնիի ունեցած կապերով բացատրել անոր մեղադրանքները ընդդէմ հայու մը:
 
Վերջապէս, ինչո՞ւ ոչ մէկ հայկական կազմակերպութիւն կամ հայ պաշտօնեայ չբողոքեց լրատուամիջոցներուն, որոնք տարածեցին Ցարնիի անհիմն ու զրպարտչական յայտարարութիւնները՝ մեղադրելով հայ մը Թամերլանը արմատական դարձնելուն մէջ: Նման իրավիճակ մը ստեղծուած էր տարիներ առաջ, երբ աւստրալիական The Canberra Times թերթը հաղորդեց, որ «Հռոմի պապին վրայ կրակած է հայ մարդասպան մը»: Իրականութեան մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին վրայ կրակած էր թուրք Մեհմետ Ալի Աղճան:
 
Ժամանակն է, որ հայերը հիմնեն հակազրպարտչական կազմակերպութիւն մը, որ աշխուժօրէն պիտի հետապնդէ բոլոր անոնց, որոնք կը զրպարտեն եւ կ՛անուանարկեն հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ:
 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ