Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ Գաղտնաբար Համաձայնած են Ապրիլի 24ի Առիթով Ուղերձներ Յղելու Ժամանակ


Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ Գաղտնաբար Համաձայնած են Ապրիլի 24ի Առիթով Ուղերձներ Յղելու Ժամանակ

  • 16-06-2014 14:23:35   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 Թէեւ զարմանալի չէ գիտնալ, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները համաձայնեցուցած են իրենց պաշտօնական յայտարարութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սակայն վերջին բացայայտումները հաստատած են անոնց ամօթալի գաղտնի ծրագիրները:
 Նախորդ տարի Աւստրալիոյ մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվանս եղաւ առաջին բացայայտողը, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարբերաբար խորհրդակցած է Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան հետ` Հայոց Ցեղասպանութեան ապրիլքսանչորսեան տարեկան ուղերձին բովանդակութեան վերաբերեալ:
 Ասիկա յստակօրէն իր արտացոլացումը կ’ունենայ Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան մէջ, եւ նոյնիսկ աւելի սոսկալին` ամերիկեան իշխանութիւնները լռեցնելու քաղաքականութիւնը պարտադրուած է Թուրքիոյ ժխտողական վարչակարգին կողմէն…
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամերիկա-թրքական գաղտնի համաձայնութիւնը վերջերս հաստատած է Տենիզ Քահրաման “Այտինլիք” թրքական թերթի մէջ` բացայայտելով, որ երկու կառավարութիւնները միասնաբար մշակած են այն յայտարարութիւնը, որով 2014 թուականի Ապրիլ 23ին հանդէս եկած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան: Ան ցաւակցած էր հայերուն, թուրքերուն եւ այլոց, որոնք տարբեր պատճառներով մահացած էին Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, այսպիսով, սպաննուած թուրք զինուորները հաւասարեցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
 Դիւանագիտական անանուն աղբիւրներու վրայ հիմնելով իր տեղեկութիւնը, Քահրաման կը գրէ, որ Սպիտակ տունը լիովին տեղեակ եղած է Էրտողանի յայտարարութեան բովանդակութեան մասին նախքան անոր հրապարակումը: Փաստօրէն, Թուրքիոյ վարչապետին խօսքին բովանդակութիւնը պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու հետ միասին եւ վերջնական տեսք ստացած է երկու երկիրներու պաշտօնեաներուն կողմէն: Ըստ երեւոյթին, նախնական բնագիրը նախապատրաստուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէն, որմէ ետք Սպիտակ տունը որոշ փոփոխութիւններ կատարած է` այս հարցի առնչութեամբ “ամերիկեան զգայնութեան հիման վրայ”: Ապրիլ 21ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջնական բնագիրը փոխանցած է վարչապետ Էրտողանի գրասենեակ, որ զայն հրապարակած է Ապրիլ 23ին:
Քահրաման նաեւ բացայայտած է, որ Էրտողանի յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու կատարած փոփոխութիւնները ընդունելու դիմաց, Ուաշինկթըն առաջարկած է խափանել Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացիկ բանաձեւը Ծերակոյտի մէջ` Ապրիլի սկիզբը Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէն անոր ընդունումէն ետք:
“Այտինլիք” կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն նախորդ տարուընէ սկսեալ անձամբ կը հետեւի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով հայկական սփիւռքի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Թուրքիան, ըստ հաղորդագրութեան, կ’որոշէ իր հակաքայլերը, ներառեալ` մահաքունի մէջ գտնուող Հայ-թրքական արձանագրութիւնները վերակենդանացնելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը համոզելը, միաժամանակ աշխուժացնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդական ջանքերը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հանրային դիւանագիտութեան միջոցով լուծելու համար:
Ըստ “Այտինլիք”-ի` Անգարան գնահատականը կը կատարէ իր ծրագիրներուն, որպէսզի լաւագոյնս պայքարի հայերուն դէմ, որոնք Թուրքիայէն կը հետապնդեն իրենց պահանջները երեք առանձին ուղղութիւններով` “իրաւական, քաղաքական եւ հասարակական կարծիք”: Քահրաման կը յայտնէ, որ անցեալ տարուան Յունիսին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յառաջացած է լուրջ քաղաքական խզում, որմէ ետք Ուաշինկթըն սկսած է ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս աւելի վճռական քայլերու ձեռնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի ուղղութեամբ եւ կարգաւորէ յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ: Միացեալ Նահանգները հանգստացնելու համար, Թուրքիոյ վարչապետը հանդէս եկած է Ապրիլ 23ի յայտարարութեամբ` Հայոց Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցի նախօրէին:
“Այտինլիք”ը նաեւ կը հաղորդէ, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը` յօգուտ թուրք ժխտողական Տողու Փերինչեքի, ամրապնդած է Անգարայի ազդեցութիւնը միջազգային շրջանակներուն մէջ: Սակայն, Ուաշինկթըն կը փափաքի, որ Թուրքիան աւելի զիջողական ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: Ահա թէ ինչու Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանաւորները կազմակերպեցին Ապրիլ 23ի Էրտողանի յայտարարութիւնը` նախագահ Օպամայի ապրիլքսանչորսեան ուղերձէն անմիջապէս առաջ:
Ուստի զարմանալի չէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի բարձր գնահատեց Էրտողանի Ապրիլ 23ի յայտարարութիւնը, զայն ներկայացնելով իբրեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման համար ճանապարհ հարթելու դրական քայլ: Ըստ էութեան, արտաքին գործոց նախարարութիւնը անտեղեակ հանրութեան դիմաց կը գովաբանէր իր իսկ մշակած յայտարարութիւնը:
Մինչ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները անազնիւ խաղ կը խաղան` հրապարակայնօրէն իրարու աջակցելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթուած յայտարարութիւններով, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խորհրդարանի մէջ կը բացայայտէ գաղտնիքը` յայտարարելով, որ Էրտողանի Ապրիլ 23ի ցաւակցական ուղերձը մաս կը կազմէր թրքական քարոզարշաւին` խոչընդոտելու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ուղղուած հայկական ջանքերը:
Վերջապէս կ’ուզեմ յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք սխալմամբ կը պնդէին, թէ Էրտողանի Ապրիլ 23ի ուղերձը թուրք առաջնորդին կողմէ կատարուած աննախադէպ յայտարարութիւն էր, որ գրեթէ 90 տարի առաջ` 1926 թուականի Յունիս 22ին, նախագահ Քեմալ Աթաթուրքը “Լոս Անճելըս էքզամինըր” թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին իսկապէս համարձակ յայտարարութիւն ըրած էր. “Երիտթուրքերու կուսակցութեան  մնացորդները պէտք է հաշիւ տան մեր քանի մը միլիոն քրիստոնեայ հպատակներուն համար, որոնք դաժանօրէն արտաքսուեցան իրենց հայրենի օճախներէն եւ ոչնչացուեցան….»:
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ