ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Մեծն Բրիտանիան Կը Փոխէ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Քաղաքականութիւնը Իրաւաբան Ռոպըրթսընի Տեղեկագիրէն Ետք


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Մեծն Բրիտանիան Կը Փոխէ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Քաղաքականութիւնը Իրաւաբան Ռոպըրթսընի Տեղեկագիրէն Ետք

  • 13-10-2014 17:53:19   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Միջազգային իրաւունքի բրիտանացի յայտնի մասնագէտ Ճեֆըրի Ռոպըրթսըն 2009 թուականին քառասուն էջնոց տեղեկագիր մը պատրաստած էր` բացայայտելով Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեղծ եւ ոչ հաւաստի յայտարարութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Ռոպըրթսընի “Արդեօք եղա՞ծ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը” խորագիրով հետաքննական տեղեկագիրը, հիմնուած բրիտանական ներքին փաստաթուղթերու վրայ, որոնք ձեռք բերուած էին “տեղեկատուութեան ազատութիւն” օրէնքի շնորհիւ, բացայայտած էր, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ժխտած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ապակողմնորոշած` բրիտանական խորհրդարանը այս հարցով, Թուրքիան սիրաշահելու համար:
Ռոպըրթսըն ինծի ուղարկած էր 286 էջ կազմող իր նոր գիրքի` “Անյարմար ցեղասպանութիւն. այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերու մասին” նախնական օրինակը, որ այս ամիս պիտի հրատարակուի Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իւրաքանչիւրը, որ կարդայ հեղինակաւոր իրաւաբանին մանրազնին ուսումնասիրութիւնը, կասկածի նշոյլ անգամ չ’ունենար Ցեղասպանութեան իսկական փաստերուն եւ փոխհատուցման համար հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն վերաբերեալ:
Ռոպըրթսընի կողմէ վերջերս ձեռք բերուած Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնի փաստաթուղթերը կը բացայայտեն, որ բրիտանական խորհրդարանը աստիճանաբար կը փոխէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը` ժխտումէն անցնելով դէպի տեսակէտ արտայայտելէ խուսափելուն: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ’ընդունի, որ պետական քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւնը` Ռոպըրթսընի 2009 թ. զեկոյցին մէջ ներկայացուցած հզօր իրաւական փաստարկներու ուղղակի արգասիքն է:
Մինչեւ վերջերս Մեծն Բրիտանիան յամառօրէն կառչած էր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր բացայայտ ժխտողական դիրքորոշման: Ռոպըրթսընի մէջբերած արտաքին գործոց նախարարութեան 1999 թ. գաղտնի յուշագրին մէջ խոստովանութիւն կայ, որ բրիտանական կառավարութիւնը “քննադատելի է բարոյական առումով: Սակայն հաշուի առնելով Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու (քաղաքական, ռազմավարական եւ առեւտրային) կարեւորութիւնը, եւ որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը գործնականօրէն ոչ մէկ օգուտ կու տայ Մեծն Բրիտանիոյ կամ սպանութիւններէն դեռ ողջ մնացած քանի մը վերապրածներու, ոչ ալ պիտի օգնէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտեցման, ուստի ներկայիս գիծը միակ հնարաւոր տարբերակն է”:
Սակայն Ռոպըրթսընի 2009 թ. զեկոյցի հրապարակումէն ետք բրիտանացի պաշտօնեաները փոխեցին իրենց դիրքորոշումը` ժխտումէն անցնելով Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտելէ խուսափելուն:  Արտաքին գործոց նախարարութեան 2010 թ. ներքին յուշագրին մէջ նշուած է. “Պարոն Ռոպըրթսընի զեկոյցէն եւ անոր լայն տարածում ստանալէն ետք, մենք թարմացուցած ենք մեր հանրային գիծը, որպէսզի յստակեցնենք, որ նորին մեծութեան կառավարութիւնը կը համարէ, որ մեր գործը չէ վճիռ կայացնել (պատմական կամ իրաւական), թէ արդեօք հայոց ջարդերը ցեղասպանութի՞ւն էին”: Այլ յուշագրի մը մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանած է, որ ան այլեւս պիտի չպնդէ, թէ` “պատմական վկայութիւնը բաւարար չէր մեզ համոզելու, որ այս իրադարձութիւնները պէտք է դասակարգել իբրեւ ցեղասպանութիւն”: Յուշագիրը կը շարունակէ հաստատել, որ` “աւելի շատ համաձայնութիւն կայ հայ համայնքին կրած կորուստներու եւ տառապանքներու ծաւալներուն վերաբերեալ, եւ որ` “իրաւագիտութիւնը ցեղասպանութեան, եւ յատկապէս մտադրութիւն փաստելու պարագաներու եւ պահանջուած փաստաթուղթերու առնչութեամբ զգալիօրէն փոխուած է 90-ականներուն, Ռուանտայի եւ Պալքաններու մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառով”: Սակայն արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեռ խորհուրդ կու տայ դէմ արտայայտուելու Ցեղասպանութեան բացայայտ ճանաչման, քանի որ` “հայկական սփիւռքը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ համեմատաբար փոքր է (20 հազարէն պակաս) եւ առկայ է սահմանափակ հանրային հետաքրքրութիւն”:
Այդուհանդերձ, Հայոց Ցեղասպանութեան յառաջիկայ հարիւրամեակին առիթով բրիտանական կառավարութիւնը որոշած է քիչ մը աւելի զիջող դառնալ այս հարցին առնչութեամբ: Անցեալ տարի, երբ Լիբանանին մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը դիմած էր Լոնտոնին` Պէյրութի մէջ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման մասնակցելու համար ցուցմունք ստանալու, արտաքին գործոց նախարարութիւնը անոր խորհուրդ տուած էր մասնակցելու արարողութեան: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ խորհուրդ տուած է իր աշխատակազմին` չստեղծելու “այնպիսի տպաւորութիւն, որ մենք կը ժխտենք 1915-ին տեղի ունեցածը… մենք կը շարունակենք զանոնք (ջարդերն ու տեղահանութիւնները) համարել իսկապէս զարհուրելի եւ յիշատակման արժանի”:
Ցեղասպանութեան հարցին իրաւական լուծում տալու համար Ռոպըրթսըն երկու առաջարկ կ’ընէ. կամ Հայաստանի կառավարութիւնը զայն կը ներկայացնէ “վճիռ կայացնելու համար Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան)` համաձայն Ցեղասպանութեան համաձայնագրի 9-րդ յօդուածի”, կամ կը խնդրէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին ստեղծել յատուկ դատարան` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Պէտք է արժանին հատուցել Ճեֆրի Ռոպըրթսընին` Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին այս կարեւորագոյն գիրքի հեղինակման համար: Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն ձեռք բերած է գիրքէն 1000 օրինակ` Լոնտոնի մէջ պաշտօնեաներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մէջ տարածելու համար: Գիրքը հասանելի է Amazon.com կայքէն: Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ Ռոպըրթսըն իր աշխատութեան մէջ վեց անգամ յղում ըրած է իմ յօդուածներուս:
Ռոպըրթսընը արժանիօրէն իր գիրքը ձօնած է Պեն Ուիթեքերին` ՄԱԿ-ի 1985 թ. զեկոյցի հեղինակի պայծառ յիշատակին, որ հայերու զանգուածային ջարդերը որակած էր իբրեւ ցեղասպանութիւն:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ