ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Քոնկրէսի Հանրապետական Մեծամասնութիւնը Պիտի Խոչընդոտէ Հայկական Շահերը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Քոնկրէսի Հանրապետական Մեծամասնութիւնը Պիտի Խոչընդոտէ Հայկական Շահերը

  • 18-11-2014 14:58:54   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի գրեթէ բոլոր թեկնածուները, որոնք աջակցած են հայ-ամերիկեան հարցերուն, յաղթանակ տարած են Նոյեմբեր 4ին կայացած ընտրութիւններուն: Արդիւնքը նոյնքան դրական եղաւ առաջադրուած միւս թեկնածուներուն համար` նահանգային եւ տեղական մրցապայքարներուն մէջ: Հետեւաբար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ իր աջակցած թեկնածուներուն աւելի քան  95 տոկոսը յաջողութեան հասած է:
Թէեւ ե՛ւ հանրապետականները, ե՛ւ դեմոկրատները աւանդաբար կ՛աջակցին հայ-ամերիկեան հարցերուն, սակայն որոշ մութ ամպեր կուտակուած են հայկական լոպիական ջանքերուն վրայ Ուաշինկթընի նոր Քոնկրեսին մէջ տեղ գտած մեծ փոփոխութիւններուն պատճառով, որ կը գործէ 2015 թուականի Յունուարէն` Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի վճռական տարուան ընթացքին:
Քանի մը գլխաւոր հայամէտ դեմոկրատ ծերակուտականներ կը կորսնցնեն իրենց ղեկավար պաշտօնները` նոր հանրապետական մեծամասնութեան պատճառով: Օրինակ` ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզը, որ հայկական հարցերով A+ կը գնահատուի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, այլեւս պիտի չնախագահէ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին: Զայն կը փոխարինէ հանրապետական Ռոպըրթ Քորկըրը (D+), մէկը այն հինգ հանրապետական ծերակուտականներէն, որոնք անցեալ Ապրիլին դէմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ: Բացի այդ, ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ Հարրի Ռիտը (A) կը դառնայ փոքրամասնութեան առաջնորդ: Զայն կը փոխարինէ ծերակուտական Միթչ Մակքոնըլը (C+), որ աջակցութիւն ստացած է Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ վերընտրուելու համար: Ծերակուտական Մակքոնըլ դրական քուէարկած է որոշ հայկական հարցերու վերաբերեալ: 
Պատկերը աւելի պայծառ չէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ` հայ-ամերիկեան հարցերու վերաբերեալ անոր բարձրագոյն ղեկավարութեան դիրքորոշման առումով: Հանրապետական նախագահ Ճոն Պոենըր, որ կտրուկ աճ ստացած է իր կուսակցութեան մեծամասնութեան համար, Անգարա կատարած իր վերջին այցի ժամանակ յայտարարած էր, որ Ներկայացուցիչներու տունը չի զբաղիր Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Զարմանալի չէ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը անոր C գնահատական տուած էր: Յոյսի շող մըն է Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Քեւին Մակքարթին (B-), որ ստացած է Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վերընտրուելու համար եւ սերտ կապեր կը պահպանէ իր հայ ընտրողներուն հետ: Բարեբախտաբար՝ քոնկրեսական Էտ Ռոյսը (A+), որ նոյնպէս կը վայելէ Հայ Դատի յանձնախումբին  աջակցութիւնը, դեռ կը նախագահէ Արտաքին յարաբերութիւններու կարեւոր յանձնաժողովին մէջ: 
Զարմանալի չէ, որ թրքական լրատուամիջոցները կը յոխորտան Քոնկրեսի ընտրութիւններու արդիւնքներուն համար: «Հանրապետականները Հայկական հարցին մէջ կը նախընտրեն Թուրքիան”, այսպիսին էր թրքական “Սապահ” թերթի խորագիրներէն մէկը: Լրագրող Ռաճիփ Սոյլուն գրած է. “Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած որոշ փոփոխութիւններ կ’օգնեն Թուրքիոյ անախորժ փորձառութեան Քոնկրեսին հետ”: Ծերակուտական Մենենտեզի “հեռացումը” արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն “ Ծերակոյտին մէջ կ՛օգնէ Թուրքիոյ անյարմար եւ թոյլ դիրքին”: Լրագրողը շարունակեց` Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանրապետականներու մեծամասնութեան վերահսկողութիւնը անուանելով “եւս մէկ լաւ լուր Թուրքիոյ համար, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ  Ճոն Պոենըր արդէն խոստացած է Հայկական հարցը չբերել օրակարգ”: “Քոնկրեսը չի զբաղիր այս հարցով: Մենք պատմութիւն չենք գրեր, մենք պատմաբաններ չենք”, ըսած է ան Անգարա կատարած իր այցելութեան ժամանակ, 2014 թուականի Ապրիլին”: 
“Սապահ” թերթի մէկ այլ յօդուածին մէջ Իլնուր Չեւիկը մեծամտօրէն գրած է. “Թուրքիոյ ճակատագիրը այնքան ալ վատ չէ, ի դէմս հաւանական խնդիրներու` Օսմանեան ժամանակաշրջանին հայերու հետ կապուած 1915ի իրադարձութիւններու  100-ամեակի առթիւ”: Չեւիկը հանրապետականները կը ներկայացնէ որպէս ոչ այնքան «կռուարար” Հայկական հարցի վերաբերեալ, որքան՝ դեմոկրատները, “որոնք ամէն ջանք կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին գոհացնելու համար, հետեւաբար աւելի ընկալելի պիտի ըլլար հայերու վերաբերեալ կարծր ձեւակերպումները, յատկապէս՝ 2015 թուականին, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու 100-ամեակն է, երբ  օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայերը սպաննուեցան, եւ այս վիճայարոյց հարցը հայերը կ՛անուանեն ցեղասպանութիւն”: 
Մէկ այլ թրքական պարբերական` «Ուըրլտ պուլիթըն”ը, իր յօդուածը հրճուանքով վերնագրած է. “Հանրապետականներու յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ նպաստաւոր է Թուրքիոյ համար”: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ՝ “դեմոկրատի գլխաւորութեամբ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը մղձաւանջ պիտի ըլլար թուրք եւ ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար, քանի որ ան հանդէս կու գար օրինագիծերով` Հայոց ցեղասպանութեան պահանջներով արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ”: Ուաշինկթընի Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան հիմնարկի թրքական հետազօտական ծրագիրներու տնօրէն Սոներ Չակափթայը հաստատեց նոր ծերակոյտին թրքամէտ կողմնորոշումը, քանի որ՝ «հանրապետականներն են, որոնք կանխած են Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան պահանջներով օրինագիծերը”: Մէկ այլ թուրք վերլուծաբան` Քատիր Ուսթունը, նկատած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւի ընդունման հնարաւորութիւնը «երբեք այսքան քիչ չէ եղած, քանի որ Քոնկրէսը հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ է”:
 Այժմ Քոնկրեսի հանրապետական ղեկավարներու հետ սերտ կապեր ունեցող ամերիկահայերու պարտքն է` համոզել զանոնք պահպանելու հայկական  նախաձեռնութիւնները, միաժամանակ բացայայտելով Թուրքիոյ աջակցութիւնը “Իսլամական պետութեան” ահաբեկիչներուն, որոնք կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն, Միջին Արեւելքի մէջ:
 
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
 
 
 
 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ